Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Գլուխ 1

Դէպի Ռազմաճակատ


1914-ի Յուլիս ասմուայ 24-ին ենք եւ ես կը բնակիմ Սկիւտարի հայկական թաղերէն մին: Քննութիւններս լմնցած են եւ հանգիստի օրերս են: Այդ օրը ըստ սովորականին կէսօրէ առաջ նստած եմ ծանօթի մը հետ «Մարքօ»ի բացօթեայ սրճարանը: Կը սպասեմ օրուայ թերթին եւ մանաւանդ նորահաս աղուորիկ աղջկայ մը գալուն, որ գրեթէ ամէն օր կէսօրէն առաջ եւ վերջ կու գար իր մօր եւ պզտիկ քրոջ հետ քանի մը ժամ ցատկռտելու եւ ճռուողելու ծառերու շուքին տակ, իբր ժամանց եւ որուն հանդէպ սկսած էի անզուսպ համակրանք մը զգալ, առանց ծանօթացած եւ հետը խօսած ըլլալու: Ես հազիւ քսան տարիքս թեւակոխած երիտասարդ, բնականօրէն պատրաստ էի նման նորահաս աղջիկներու սիրահարուելու եւ սիրտս անոնց տալու անվերապահօրէն: Այդ օր ալ, դեռ օրիորդը չեկած, թերթ ծախողը եկաւ ու ես գնեցի «Ազատամարտ» թերթէն օրինակ մը, իսկ քովինս «Ժողովուրդ» թերթէն օրինակ մը: «Ազատամարտ» թերթը դաշնակցութեան օրինակն էր, իսկ միւսը՝ ռամկավար կուսակցութեան:

Թերթը առի, առաջին էջի առաջին սիւնակը կարդալու հետաքրքրութեամբ, սակայն նախքան խմբագրականը, խոշոր վերնագրով կար կարճ, բայց խիստ զգայացունց հետաքրքրական լուր մը, մօտաւորապէս այսպէս շարադրուած «Սարայէվօյի տռամը» վերնագրին տակ: Աւստրօ-Հունգարիոյ գահաժառանգն ու տիկինը սպաննուեցան Խրուաթ (Սերպիացի) երիտասարդի մը կողմէ Սարայէվոյի մէջ, ռազմափորձի ընթացքին: Աւստրօ-Հունգար կառավարութիւնը ձերբակալուած ոճրագործին ինքնութեան եւ զինքը սոյն ոճիռին մղողներուն քաղաքական նպատաակներուն քննութեան մասնակցիլ կ’ուզէ Սերպիայէն ներս: Սերպիա կը ձեռնարկէ քննութեան, մերժելով իր հողէն ներս Աւստրօ-Հունգար ոստիկաններու մասնակցութիւնը եւ այլն: Գերմանիա կը ձայնակցի Աւստրօ-Հունգարիոյ, իսկ Ռուսիա եւ Ֆրանսա կը ձայնակցին Սերպիոյ, իր սահմաններուն անբռնաբարելիութեանը եւ այլն յայտարարելով:

-Այս ինչ սոսկալի լուր է ըսելով՝ թերթը ձեռքէս ձգեցի եւ բարեկամիս թերթը ձեռքէն խլեցի, որուն առաջին էջին նոյն լուրը գրուած էր, գրեթէ նոյն բառերով: Բարեկամս զարմացած ըսաւ. «Ինչ իրար անցար, մեզի ինչ». «Այս ծանր դէպքը պատերազմի յայտարարութեան նախաբանն է» ըսի. 

-«Թերեւս պատերազմը աւելի լաւ հետեւանքներ կ’ունենայ», ըսաւ. «Միամիտ մի՛ ըլլար» ըսի, «երբ պատերազմը պայթի, մենք առանձին պիտի մնանք թիւրքին հետ եւ ան ազատ պիտի ըլլայ հայկական հարցը իր ուզած ձեւով լուծելու»: 

-«Բայց» ըսաւ, «Գերմանիա, Աւստրիա եւ Իտալիա պիտի ձգե՞ն որ թուրքը ուզած ձեւով լուծէ այդ հարցը իր քմայքին համաձայն». «Թիւրքը», ըսի, «այս առիթին կը սպասէ, լաւ գիտնալով որ այդ պետութիւնները իբր իրեն զինակից, չի պիտի փորձուին թիւրքին հետ գէշ մարդ ըլլալ հայկական (ըստ իրենց) ճղճիմ հարցին պատճառաւ, երբ իրենք ալ կենաց մահու պայքարի մը լծուած են, եւ թիւրք բանակը պիտի կարենայ Կովկասի ճակատին եւ գուցէ այլ ճակատներու վրայ ֆրանսական եւ անգլիական ու մանաւանդ ռուսական ճակատի վրայ մէկ երկու միլիոն զինուորներ զբաղեցնել եւ այլն»: 

Ջարդի մտավախութիւնը յաճախ կար հայերուն համար, սակայն տեղահանութեան՝ ոչ: Կար նաեւ օտար միջամտութեան յոյսը, քանի պատերազմ չի կար, բայց պատերազմի միջոցին կռուող կողմերէն ոչ մէկը չէր կրնար կամ պիտի չուզէր իր քաղաքական եւ մանաւանդ ռազմական շահերն ու պահանջները անտեսել: 

Դէպքերը սկսան թաւագլոր ընթանալ Եւրոպայի մէջ ցամաքի եւ ծովերու վրայ: Միլիոնաւոր զինուորական բանակները սկսան բաշխել ֆրանսական, գերմանական, Աւստրօ-Հունգար եւ ռուսական ու սերպական սահմաններուն վրայ: Արդէն դէպքին յաջորդ օրն իսկ գերմանական ռազմանաւերէն  Կէօպէն զրահաւորն եւ Պրէսլաւ ծովաշրջիկ (croiseur) մարտանաւերը Տարտանելի նեղուցը անցնելով, ըստ նախօրօք գերման եւ թիւրք համաձայնութեան, եկան խարսխեցին Մարմարայի թրքական ծովը, թրքական դրօշակը պարզելով գերմանականի տեղ եւ թրքական ծովային տարազ հագցնելով սպաներուն եւ զինուորներուն (ֆէս դնելով): Այս երկու ռազմանաւերը իրենց արագութեամբ, թնդանօթները իրենց չափերով եւ աւելի հեռուները նետելու կարողութեամբ, կը գերազանցէին Սեւ Ծովու ռուսական ռազմանաւերը:

Թուրքիա չի փութաց զէնքի դիմելու անմիջապէս, որովհետեւ բաւարար պատրաստութիւն չունէր եւ անմիջապէս զէնքի դիմելու ստիպման տակ չէր, բայց փութաց 2-3 դասեր զէնքի տակ կանչել ամբողջ երկրին մէջ եւ զօրակոչին յաջորդեց բանակի պարէնաւորման պատրաստութիւններ տեսնել, գրաւելով բոլոր երկրին մէջ կերպասեղէնները, բուրդէ եւ բամպակէ հագուստեղէնները, կտաւեղէնները գրաւել եւ կամ հսկողութեան տակ առնելու ցորենը, գարին, եգիպտացորենը եւ ձիթաիւղը, շաքարը եւ այլն, շուկան ենթարկելով խուճապի, իր գրաւած կամ գրաւելիք ապրանքներուն փոխարժէքը ապագային վճառելու յանձնառութեամբ, ստացագրեր տալով. ի հարկէ այս ձեւը բլոր պատերազմի երկիրներու համար ընթացիկ ձեւ մ’էր հինէն ի վեր: Ո՛չ մէկ պետութիւն ի վիճակի չէր այդ հսկայ գրաւումներուն փոխարժէքները կանխիկ վճարել, պետական գանձատուները պարպելով: Պէտք է յիշատակել որ երկրի վաճառականները մեծ մասամբ քրիստոնեաներն ու արաբներն ըլլալով, առաւելաբար անոնք զոհուեցան: Այս գրաւման ենթարկուեցան նաեւ մաս մը օտարահպատակներ որպէս պատերազմի կամ հաւանական պատերազմի կողմ. մօտ ապագային ֆրանսական ճակատի վրայ, պելճիքական սահմանը բռնաբարելով Լուտէնտորֆի հրամանին ենթակայ զօրավար Ֆոնկլոնք իջաւ Մառն եւ Փարիզ, բայց Ճոֆրի հրամաններուն ենթակայ զօրաբաժինները մեծ դժուարութեամբ կրցան կեցնել զայն եւ ճակատագրական ճակատամարտերը սկսան փոխուիլ խրամային կռիւներու, իսկ ռուսական ճակատի վրայ Քարպաթեան լեռնաշղթան եւ Մազուրեան ճախճախուտները քիչ մը դանդաղեցուցին յառաջխաղացքը, իսկ Սերպիան կրեց իր հարուածը, քանի որ իր զինակիցներէն շատ հեռու էր եւ աւստրիական բանակը սկսաւ աւելի արագ յառաջանալ: Ի հարկէ պատերազմը Թուրքիոյ շուրջ չէր կրնար մեծ վնաս հասցնել անմիջապէս, քանի որ մեծերու հասկացողութենէն բաւական հեռու էր եւ ժամանակի կը կարօտէր: Թիւրքական մէկ քանի թերթեր խանդավառ կը ներկայացնէին գերմանական եւ աւստրիական ճակատներու ամէնօրեայ յառաջխաղացքը եւ առնուած գիրիներու թիւերը բազմապատկելով: Դուրսի աշխարհի հետ ի հարկէ հաղորդակցութիւնը գրեթէ բոլորովին դադրեցաւ կամ շատ դանդաղեցաւ, քանի որ ծովերը դարձան զրահաւորներու եւ ընդծովեաներու ռազմավայրեր: Չէզոք պետութիւններու շոգենաւերը ի հարկէ ազատ էին երթեւեկին մէջ, սակայն պատերազմիկ կողմերու սահմանամերձ ջուրերը ականաւորուած էին եւ վտանգաւոր էր նոյնիսկ չէզոքներուն համար: Թուրքիան թէեւ դեռ ռազմադաշտ չէր եւ հեռու շատ մը կռուողներէն, բայց իբր զինակից կը նկատուէր կողմ, եւ ենթարկուած անուղղակի հսկողութեան: 

Այս կացութիւնը 2-3 ամիս տեւեց. բայց օրին մէկը ռուսական նաւատորմը Սեւ ծովու մէջ ռազմափորձեր կը կատարէր, թրքական դրօշակի տակ անցած գերմանական «Կէօպէն» եւ «Պրէսլաւ» զրահաւորները իբր թէ ռուսական զրահաւորներու յարձակման ենթարկուած ըլլալու կեղծ պատրուակին տակ յարձակեցան ռուսական զրահաւորներուն վրայ եւ ռմբակոծեցին Սեպաստափոլը եւ եթէ չեմ սխալիր Քիեւ նաւահանգիստները ու ստիպեցին Թուրքիան կովկասեան ճակատի վրայ Ռուսիոյ, իսկ Սվէզի ջրանցքին վրայ Անգլիոյ դէմ պատերազմ հռչակելու: Այդ օրերուն Ճէմալ փաշա նշանակուած ըլալով Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի կառավարիչ, կամ աւելի ճիշդ փոխ արքայ ըստ իրեն զօրաւոր բանակ մը հոն կեդրոնացուցած ըլլալով, անվարան յառաջացան դէպի Սուէզի ջրանցքը, եւ ըստ լսածիս մաս մը ուժ անցուցած այդ ջրանցքը եւ անգլիացիները հակայարձակումով այդ ուժերը մեծ մասամբ գերի առած կամ ջարդած էին: Քանի մը շաբաթ յետոյ անգլիացիք ցամաքահանում ընելով Պարսիկ ծովածոցին արեւմտեան եզերքները՝ գրաւեցին Պասրան եւ սկսան յառաջանալ դէպի Պաղտատ:

Որեմն Թուրքիա այլեւս մխրճուեցաւ մեծ պատերազմին մէջ, որ պիտի տեւէր աւելի քան չորս տարիներ եւ իր երկրամասերէն, մանաւանդ հարաւային հողամասերէն պիտի կորսնցնէր Սուրիան, Լիբանանը, Պաղեստինը եւ Իրաքը եւ Արաբիան 10-15 միլիոն ժողովուրդով եւ ենթարկուէր հսկայ ծախսերու, վրայ տալով նաեւ ֆրանսական նաւաշրջանի մը ապսպրած եւ պարտաւորուած զրահաւոր մը, որուն համար տրուած էր 5 միլիոն օսմ. ոսկեդրամի կանխավճառ մը, որովհետեւ Ֆրանսա զայն գրաւեց եւ միացուց իր նաւատորմին Թուրքիա կռուի մտնելուն պէս: