Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Գլուխ 2 (Առաջին մաս)

Տարտանէլի պատերազմին տեսածներս


Նախքան պատերազմը, ուսանողները զերծ էին զօրակոչէ, բայց պատերազմը ջնջեց այդ առանձնաշնորհումը: Ես քսան տարիքս նոր թեւակոխած ըլլալով, ենթարկուեցայ զօրակոչի, պայմանաւ որ ժամանակ մը ենթարկուելով զինուորական մարզանքի եւ յաջողելով քննութիւններուս սպայ պիտի ըլլայի որոշ ամսականով:

Արձանագրուեցայ Բերայի Բանկալթը կոչուած թաղամասի մէջ հաստատուած զինուորական վարժարանը. անմիջապէս մեզ զինուորական հագուստ չկրցին տալ, որովհետեւ պատրաստը չի կար. չորս հինգ օր քաղաքացիի հագուստով մարզանքի մասնակցելէ յետոյ, օրին մէկը մեզ հրաւիրեցին հագուստ առնել, բայց տրուած հագուստները եւ ճերմակեղէնը ո՛չ միայն խիստ կոշտ ու տձեւ էին, այլ նաւ չափազանց խոշոր, մօտաւորապէս ինծի պէս երկու հոգի կրնար մէկ հագուստի, մէկ շապիկի, մէկ վարտիկի մէջ սեղմուիլ: Ուստի մէյ մը վրաս փորձելէ յետոյ մերժեցի առնել, բայց ուրիշ մը չուզեցին տալ. ուստի դրամովս գործածուած հագուստ մը գնելու ստիպուեցայ:

Վարձած սենեակս Սկիւտար արուարձանն ըլլալով, գիշեր մը այդ զօրանոց վարժարանը պառկիլ փորձուեցայ: Մահճակալները առանց անկողնի նոր քառանկիւն տախտակներ էին անցուած երկաթ ձողերու վրայ եւ երկյարկանի:

Իրիկունները ժամը ութին պիտի ճաշէինք եւ 8 1/2 պառկէինք, միեւնոյն սենեակին մէջ քանի մը հարիւր հոգի, լուռ պառկելու պայմանաւ եւ առաւօտուն ոտքի ելլէինք ժամը 6-ին, լուացուելով ու հագուելով. նախաճաշէ յետոյ պատրաստ ըլլայինք ժամը 8 1/2 կամ 9-ին մարզադաշտ իջնելու, կամ զէնք մը եւ պայուսակ մը կռնակնիս կապած 2-3 ժամուայ ճամբարի ելլելու զինուորական քալուածքով: Ան որ չէր ուզեր հոն գիշերել կրնար որոշեալ ժամուն իր տունն երթալ գիշերելու, յաջորդ առտու որոշեալ ժամուն ներկայանալու պայմանաւ: Կերակուրները տանելի էին, բայց մաքրութիւնը միշտ կասկածելի, ինչպէս նաեւ տղոց մաքրութիւնը: Ես երկու գիշեր պառկեցայ, որովհետեւ սենեակս երթալ պառկելու համար հարկ էր մէկուկէս քիլոմեթր ճամբայ կտրել կամ քալելով կամ շոգեկառքով եւ կէս ժամ ճամբորդել շոգենաւով ու յետոյ մէկու կէս քիլոմեթր ճամբորդել Սկիւտարի թաղամասի բարձրունքները բարձրանալով, ուր կը բնակէի: Ասոր վրայ աւելցնելու էի նաեւ «թրամվէի» եւ շոգենաւի ծախսը: Իբր շնորհ եւ իբր զինուոր զերծ էինք մի միայն կամուրջէն անցնելու համար տրուելիք մէկ քառորդ ղրուշ վարձքէն…

Ամիս մը հոն եւ ամիս մըն ալ «Հայտար փաշայի» մարզարանը փոխադրուեցայ հոն շարունակելու համար մարզանքս: Հոն սպան զիս նշանակեց տասնապետ: Ուտելիքը լաւ եւ առատ էր. երկու տեսակ եւ մսեղէն: Ննջարանները օդասուն մաքուր էին գոնէ առաջին օրերուն եւ մահճակալ եւ անկողին ճերմակ սաւաններով: Մէկ խօսքով գիշերօթիկ վարժարան մը: Մարզարանը բժշկական համալսարանի հսկայ շէնքին արեւելեան կողմի մուտքէն քանի մը քայլ արեւելքը հաստատուած քանի մը սենեակներէ բաղկացած շէնք մ’էր նորաշէն:

Հայտար փաշան ասիական եզերքին մէկ արուարձանն է Պոլսոյ եւ հարաւէն Գատը-գիւղ իսկ հիւսիսէն Սկիւտար թաղամասերուն մէջ:

Գիշերները ազատ էինք տուներնիս գիշերելու եւ ճաշելու, պայմանաւ որ առաւօտ մարզանքի պահուն ներկայանանք: Երկու գիշեր հոն պառկեցայ, սակայն Սկիւտար ինծի համար քաշողական բան մ’ունէր. հոն էր որ կը բնակէր այն դեռատի աղուորիկ աղջիկը, որմէ սկսած էի յափշտակուիլ հոգեպէս. ուստի նախընտրեցի ամէն օր 1 1/5 քիլօմեթր քալել անոր հանդիպելու յոյսով եւ հրաժարեցայ տասնապետի պաշտօնէն եւ որոշեցի գալ պառկիլ սենեակս եւ երեկոյեան ճաշս ճաշարանն ընելու դրամովս, որը կարեւոր գումար մ’էր: Տղայութիւն: Շուրջ մէկ ամիս յետոյ, առաւօտ մը մեզ կարգի շարելով առաջնորդեցին շոգենաւ (թաղամասերու յատուկ) եւ իջեցուցին կամուրջ եւ անկէ ալ պատերազմական նախարարութեան շէնքը, Պոլսոյ կեդրոնը եւ մեր համալսարանին մօտիկ: Արցունքով դիտեցի մեր դպրոցի շէնքը, ուրկէ տարի մը յետոյ պիտի առնէի վկայականս՝ դառնալու համար փաստաբան կամ դատաւոր կամ դատախազ. ըստ իմ փափաքիս, որուն խիստ պէտք ունէր պետութիւնը եւ տրամադիր էր գոհացում տալու նախանձելի վճարումով եւ որուն համար այդ ժամանակի շահերուն համեմատ խոշոր ծախսերու ենթարկուած էի, կամ աւելի ճիշդ եղբայրներս ենթարկուած էին, որովհետեւ հայրս սպաննուած էր 1895-ի ջարդերուն եւ որուն դիմագիծը միշտ կը մնար անծանօթ, քանի որ ես շատ պզտիկ էի այդ թուականին: Արդ պատերազմը որքա՞ն պիտի տեւէր եւ ես պիտի կրնայի՞ անոր արհաւիրքէն ազատիլ, ուսումս լրացնելու համար: Ապագան խիստ մութ էր ինծի համար, իմիններուս, ազգիս, եւ նոյնիսկ այս խոշոր բախտախնդրութեան մէջ նետուող պետութեան համար:

Դժբախտաբար շատ շատերուն կասկածը իրականացաւ, առաւելագոյն չափերով թուրքերուն եւ մանաւանդ հայերուն համար, որովհետեւ մէկ միլիոնէ աւելի հայերու կորուստէն զատ, դուրս նետուեցանք մեր հայրենիքէն:

Պատերազմական նախարարութեան գրասենեակներուն մէջ մօտաւորապէս 4-5 ժամ տեւող արարողութիւններէ յետոյ, մեզ բերին կայարան, լեցուցին վակոններու մէջ անօթի եւ ծարաւ ու շոգեկառքը ուղղուեցաւ դէպի իր ճամբան, մեզ առաջնորդելու համար ընդհանուր կեդրոնատեղի: Սան ՍթէՖանոյի արուարձանը (այժմ Եշիլ-քէօյ) ուր գտնուող «Floria» բացօթեայ սրճարանը, զինուորական գրաւման ենթարկուելով, դարձած էր զինուորական հաւաքատեղի: Հոն քիչ յետոյ զօրաբանակի հրամանատար փաշան մեզ այցելեց եւ հրամայեց երկու գառնուկ մորթել եւ մեզ ճաշ տալ: Երկու երեք ժամ յետոյ խիստ համեղ միսով փիլաւ մը տրուեցաւ սովալլուկ խումբին եւ խոշոր վրան մը յատկացուցին եւ հատ մ’ալ գետին փռել տուին պառկելու համար: Երկու երեք ժամ յետոյ խիստ ցուրտ մը ոտքի հանեց մեզ բոլորս դողալով. վրանը քակելով վերմակի վերածեցինք, բայց անօգուտ: Մինչեւ արեւածագ դողալով գիշերեցինք: Առտու մեզ բեռնակառքերու մէջ բաժնելով, ղրկեցին զանազան վաշտեր, զանազան վայրեր: Ես եւ 18 տղաք ինկանք 26-րդ գունդին բաժին եւ գացինք Գալիքրաթիա գիւղը: Այս գիւղը 4-5 քիլօմեթր հեռու եւ Մարմարայի ծովեզերքը հաստատուած յունախօս բիւզանդական գիւղ մըն էր, ուր ոչ մէկ թիւրք կար: Հոն կար շարժուն հիւանդանոց մը, հայ բժիշկ հազարապետ մը եւ երկու հայ բժիշկ հարիւրապետներ զօրակոչի ենթարկուած:

Մեզ տրամադրեցին առժամաբար գրաւուած պզտիկ գինետան մը վերնայարկը եւ տուին մէյ մէկ մանր կարպետներ, հատ մը անկողին եւ հատ մ’ալ վերմակի փոխարէն չոր տախտակամած մը: Պարզ զինուորէն տարբերութիւննիս միայն մնաց, անոնցմէ զատ պառկելնիս եւ անոնցմէ զատ մարզանքնիս ընելը, թնդանօթի եւ ձիու վրայ: Ոչ մէկը իրեն հետ ճերմակեղէն չունէր, ուստի քանի մը օր յետոյ մեզ կառքերը լեցնելով արտօնեցին երթալ մեր տուներէն ճերմակեղէն բերել (տուն ունեցողներուն) եւ որոշեալ օրին ու ժամին ըլլալ Սան Սթէֆանոյի կայարանը, կառքերով ետ գալու համար: Հազարապետը նշանակեց իր զինուորական կցորդը, իբր մարզիկ եւ ուսուցիչ մեզ սորվեցնելու համար ձի հեցնել, զինուորական քալուածքի եւ բարեւ տալու եւ թնդանօթի գործածութեան համար եւ այլն… Կերակուրները պարզ զինուորի կերակուրներ էին, բայց որովհետեւ մեծ մասս քիչ շատ ի վիճակի էինք մեր դրամով գնումներ ընելու եւ քանի որ գիւղը քիչ շատ բաներ մ’ունէր ծախելու, կրնայինք մեր ծախսով ուտել, այլապէս հարկ էր հոտած ձէթով լուբիա, կամ նոյն ձէթով չոր եւ որդնոտած ոսպ, կամ ձաւարով եւ գոմէշի կամ եզան միսով եփած ապուր խմելու քանի մը հոգի միասին եւ նոյն պղնձեայ խոշոր պնակէն:

Սպաներու վերաբերմունքը ծանր չէր եւ հայու կամ թիւրքի խտրութիւն չի կար, քանի որ խիստ փոքրամասնութիւն էինք եւ հայկական տեղահանութիւնը չէր սկսած: Այդ աշնան վերջերը Սեւ ծովու մէջ թրքական (իմա գերմանական) զրահաւորները (Կէօպէն զրահաւորը եւ Պրէսլաւ գրուզէրը) յարձակելով  Սեպասթափոլի ջուրերուն մէջ maneuvre ընող ռուսական զրահաւորներուն վրայ, ռուս եւ թիւրք պատերազմը պայթեցուցին, յանցանքը ռուսերուն վերագրելով:

1915-ի գարնան սկիզբը մեր գունդը անակնկալօրէն հրաման ստացաւ ճամբայ ելլելու: Գացինք եւ դիրք բռնեցինք մօտակայ բարձունքներու ետին, որովհետեւ անգլիաևֆրանսական զրահաւորները յարձակում գործած էին Տարտանէլի նեղուցին վրայ: Թիւրքերը սարսափահար Պոլսոյ արժէքաւոր գոյքերուն պետական եւ թղթածրարներէն մաս մը Անատոլու փոխադրել տուին, վախնալով որ Պոլիսը կրնայ գրաւուիլ, իսկ մեր զօրաբանակը Պոլսոյ արեւմտեան եզերքի բարձունքներու ետին դիրք բռնեց ամիսներ, որովհետեւ անգլիական եւ ֆրանսական զրահաւորները չի յաջողեցան նեղուցը անցնիլ եւ երկու երեք զրահաւորներ եւ Ժէնէրալ Կուռոյին մէկ թեւը վրայ տուին:

Տարտանէլի նեղուցը մօտ 30 քիլոմեթր երկարութիւն ունի եւ ամէնէն լայն տեղը մօտ (1000) մեթր լայն է եւ տեղ կայ որ 150 մեթրի շուրջ խիստ օձապտոյտ: Հարաւէն մուտքին, ասիական եզերքին վրայ կայ Տարտանէլ գիւղաքաղաքը, իսկ արեւմուտքը կայ կարծր եւ ապառաժով «Սէտ էլ պահր» հրուանդանը: Երկու եզերքներուն վրայ կան բազմաթիւ ամրութիւններ թնդանօթներով զինուած, զորս քանդել եւ մաքրելը խոշոր դժուարութեանց ենթակայ է: Այժմ նոյն դժուարութիւնները չունի, որովհետեւ խոշոր սաւառնակներուն ռումբերուն չեն կրնար երկար դիմանալ: Վերագրեալ ամրութիւներէն զատ կային նաեւ ընդծովեայ բազմաթիւ ականները եւ պայթուցիկները: Նեղուցին նեղ ըլլալու հետեւանքով զրահաւորներու համար գրեթէ անկարելի էր ազատ ռազմախաղեր ընել եւ շարժումներ: Ուստի անգլիաևֆրանսական ծովակալութիւնները նոր ռազմավարութեան մը դիմեցին. 25-30 հազար ցամաքային զինուորներ իջեցուցին թերակղզիին արեւմտեան Եգէական ծովեզերքին եւ գրաւեցին քանի մը կարեւոր բարձունքներ, որոնք կը տիրապետէին նեղուցի ամրութիւններուն եւ ուզեցին նեղուցին արեւմտեան եզերքը գրաւելով ամրութիւնները ամլութեան դատապարտել: Թիւրքերը Եգէական ծովուն վրայ ոչ մէկ ամրութիւն եւ կանոնաւոր ճամբայ ունէին: Անգլիացիք Մուտրոս կղզիին արեւելքը կեցուցած քանի մը զրահաւորներով փորձեցին նաեւ ռմբակոծելով մուտքի ճամբան յարդել, սակայն ծովային թնդանօթները երկար փողերով ըլլալուն՝ կրնային թերակղզիին վրայէն մինչեւ ասիական եզերքները ռմբակոծել, բայց անոնց ռումբերը ամրութիւններուն վրայէն անցնելով, շատ հեռուները կ’իյնային եւ չէին կրնար ամրութիւնները քանդել: Ցամաք հանուած զինուորներն ալ չէին կրնար ցամաքային խոշոր եւ «obus» կոչուած թնդանօթներ հանել թերակղզիին վրայ՝ ռմբակոծելու համար նեղուցի ամրութիւնները: Թիւրքերը այս անակնկալ ցամաքահանման վտանգին դիմագրաւելու համար մեծ քանակութեամբ ցամաքային ուժ բերին եւ մեծ զոհեր տուին: Յաջողեցան անգլիական ցամաքային ուժերը քշել Եգէական ծովեզերք իրենց ծովուժի պաշտպանութեան տակ: Այս յարձակումներն ու հակայարձակումները քանի մը ամիս տեւեցին եւ կողմերուն, մանաւանդ թուրքերուն քանի մը հարիւր հազար կեանք արժեց: Կէլիփոլի կոչուած այս թերակղզին դարձաւ խիստ մահաբեր ռազմավայր մը, հոն գտնուող Կէլիփոլի քաղաքը եւ թերակղզիի վրայ գտնուող գիւղերը հիմնայատակ կործանուեցան եւ փճացան ու բնակիչները մեռան կամ փախուստ տուին: Բայց հոն պատերազմը բնաւ չի դադրեցաւ այլ դարձաւ խրամային, այդ եզերքին վրայ ոչ մէկ ամրութիւն կար եւ խրամներն ալ նոր սկսան փորուիլ: Թերակղզիին հարաւային մուտքին ռազմավայր դարձան (Սէտ էլ պահր) ժայռոտ բարձունքները, յետոյ «Արը պուռնու» Զեմէն-Թէփէ-Պէօյիւք Անաքարթա եւ Քիւչիւք Անաքարթա դիրքերը: Պէօյուք Անաքարթան բաւական ընդարձակ ձոր մըն էր արեւմտեան եզերքին, որուն հիւսիսային կողմը կային քանի մը ապառաժոտ բարձունքներ: Այս բարձունքներու կռնակը դարձաւ զինուորական բանակատեղի «Միր ալայ» Մուսթա‎ա Քէմալի հրամանատարութեան տակ, որ տակաւին փաշա չէր կոչուէր, այսինք հրամանատարի (général) աստիճանին չէր հասած, բայց լաւ զինուորական մ’էր եւ խորքին մէջ հակա-իթթիհատական [Իթթիհատ, կամ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իշխող կուսակցութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին] եւ անծանօթ դէմք մը: Ի հարկէ այն ժամանակ բանակի բուն ղեկավարութիւնը յանձնուած էր գերմանացի զօրավար «Ֆօն Սանտերսին» եւ անոր սպայակոյտին, ինչպէս վերը յիշած եմ:

Հոս հարկ է վերադառնալ կարգ մը պարագաներու յիշատակման, որը կապ ունէր իմ անձին հետ. քանի մը ամիս Մարմարայի ծովեզերքի զանազան բլուրներու վրայ: Մեր գունդի սպայութեան թեկնածուները մարզուելէն եւ իբր  թէ անհրաժեշտ կանոնները, թնդանօթի գործածութիւնը եւ ձի հեծնելը իրենց նախնական ձեւերուն մէջ սորվելէլ յետոյ, օրին մէկը մեզ հանեցին քննութեան: Շատ նախնական քննութիւն մը կատարելով «յիսնապետ»ի աստիճանով յաջողողները ճանչցուեցան պահեստի սպայ. ամսական 5 օսմանեան ոսկի. գումար մը որ այդ ժամանակ միջակ ընտանիքի մը համար լի ու լի կը բաւէր ու կ’աւելնար: Այդ դրամով կրցի նոր հագուստ մը գնել եւ երկու տեսակի կերակուր ուտել, որը յատուկ խոհարար մը կը պատրաստէր եւ որը թէ՛ բաւական մաքուր եւ թէ բաւական համեղ էր: Երկրին մէջ շրջագայութեան դրուած էր թղթադրամը, բայց սպաներուն ամսականը միշտ ոսկիով կը վճարուէր: Մեզ հետ կային սկիզբը երկու հայեր՝ որոնք փախուստ տուին եւ պահուեցան Պոլսոյ մէջ. անոնցմէ մէկը չեմ գիտեր ինչպէս անցած էր Յունաստան, ուր սպաննուեցաւ համայնավարներու կողմէ իբր յայտնի դաշնակցական Միհրան Փափազեան անուամբ, իսկ միւսը մշեցի, նոյնպէս դաշնակցական, եթէ չեմ սխալիր Սմբատ անունով եւ Կեդրոնականի ուսանող, որը իմացայ որ զինադադարէն յետոյ անցած էր Ամերիկա: Երբ մենք տակաւին Գալիքրաթիա գիւղն էինք, այս կուսակցական տղան ազատ ժամերուն հրուանդանին վրայ կը հաւաքէր յոյն մանուկներն ու պատանիները եւ երգի խումբ մը կազմելով կը սկսէր անոնց յեղափոխական երգեր սորվեցնել: Օրին մէկը միւս հայ սպայի թեկնածու պոլսեցի Լեւոն Համբարձումեանին հետ համարձակեցանք իրեն դիտողութիւն ընել, որ կրնայ ըլլալ որ մեր սպաները հետաքրքրուին այս երգերով եւ իր գլխուն փորձանք բերեն, որովհետեւ այդ ժամանակ թիւրք եւ հայ յարաբերութիւնները սկսած էին անախորժ փուլի մը մէջ մտնել: Մեր այս թելադրանքը հերոսաբար եւ հայհոյութիւններով ընդունեց, չեմ գիտեր ինչ ուժի ապաւինելով եւ չեմ գիտեր ի՞նչ ազգային շահ եւ օգուտ կը տեսնէր ինքզինքը եւ մեզ վտանգի ենթարկելով: Բարեբախտաբար մեր սպաները քաղաքականութեամբ չէին զբաղուեր եւ մեր սպայ ու թիւրք ընկերներուն մեծ մասը լաւ տղաք էին եւ մի քանին յաճախ հակաիթթիհատական եւ մանաւանդ հակապատերազմեան արտայայտութիւններ կ’ունենային: 

Քննութեանց 4-5 թիւրք տղայ չի յաջողելուն համար, միասնաբար մեր հազարապետին դիմեցին խնդրական ձեւով, բայց հազաապետը ծանր յանդիմանութեամբ զանոնք վռնտեց: Անոնց մէջ կար կոշտ եւ մոլեռանդ տղայ մը, որ շատ նախնական ուսում ունէր, գիշերները մինչեւ ուշ ատեն բարձրաձայն եւ օրօրուելով թնդանօթաձգութեան յատուկ դասագիրքը գոց սորվելու կ’աշխատէր:

Օրին մէկը դիտողութիւն ըրի որ մեր քունին արգելք կ’ըլլայ. անոր արհամարհական պատասխանէն նեղուած ըսի, որ ինք պիտի չի յաջողի քննութեան, հակառակ այդ չորքոտանիի ճիգին, եւ մենք պիտի յաջողինք: Այդ չի յաջողողներէն մին ինքն էր: Երբ հազարապետը զանոնք վռնտեց, առիթն էր վրէժս լուծելու. ուստի մօտեցայ իրեն եւ յիշեցի ենթադրութիւնս: Ասոր վրայ կայծակնահար սկսաւ հայհոյել կառավարութեան, որ մեզ յաջողիլ տուած է, իսկ զինքը՝ ո՛չ. եւ սկսաւ չորքոտանիի պէս լալ եւ գլխուն զարնել: Թիւրք սպաները առհասարակ զինուորներուն հետ կոշտ կը վարուէին եւ թիւրք զինուորները իսկապէս խղճալիօրէն տգէտ ու աղտոտ ըլլալէ զատ մեծ մասով կենդանիի միամտութիւնը ունէին եւ ո՛չ միայն թնդանօթութեան «technique» այսինքն արհեստագիտական մասը չէին կրնար կամ դժուարաւ կը սորվէին, այլ զինուորական բարեւի կեցուածքն անգամ աջ կամ ձախ դառնալը, կամ հարցումի մը բնական ձեւով պատախանելը չէին կրնար սորվիլ գործադրելու համար. մեծ մասը կենդանիի նման միամիտ. սպային տուած հրամանը գործադրել կը ջանար, եթէ հարկ էր նոյնիսկ կրակը նետուիլ եւ մեռնիլ, առանց խելքն ու տրամաբանութիւնը գործածելու, եւ եթէ կարելիութիւնը կար անկէ խուսափիլ, առանց հրամանին հակասելու: Ազգասիրութիւնն ալ դեր չունէր, սպային տուած հրամանը Սուլթանէն կու գար եւ ինք կը կռուէր ու կը մեռնէր Սուլթանին ու կրօնքին համար ու իր հոգին պիտի երթար ուղղակի դրախտ եւ տիրանար 40 հուրի աղջիկներու եւ այլն:

Մեծ մասամբ գիւղացիներ էին, գրել, կարդալ գիտցող՝ հարիւրին մէկ կամ երկուք չի կար: Երբեմն ոմանց քով նոյնիսկ բնազդը կենդանականէն վատ էր: Ի հարկէ մէջէրնին բացառաբար խելքի եւ տրամաբանութեան նշոյլներ ունեցողներ կային, բայց մեծամասնութիւնը փայտի կտոր: Քիչ մը խելք ունեցողները կ’ըլլային տասնապետ եւ «չաւուշ», սպային հրամանները ապտակով կամ հայհոյանքով զինուորին հասկցնելու համար. կային մէկ քանի հայեր ալ, որոնք այդ դիրքերուն հասած ըլլալով, սպաներուն համակրանքին արժանացած էին եւ բնաւ սպային ծեծին եւ հայհոյանքին չէին ենթարկուած: Հայ զինուորը հոն «կեաւուր» չէր: Երբ սպայ եղայ, թիւրք զինուորը ինձ հանդէպ աւելի յարգանք եւ ակնածանք սկսաւ ցոյց տալ, որովհետեւ ես թիւրք սպաներուն պէս չէի հայհոյեր եւ ծեծեր: Սպաները սկսան զիս իրենց հաւասար աչքով նայիլ, առանց հայ ըլլալու պարագաս նկատի առնելու, քանի որ ես այդ հայրենիքին համար մեռնելու պիտի երթայի, բացի պարագայէ մը, որ յաջորդ էջերուն պիտի պատմեմ: Առ հասարակ քաղաքէն հեռու բլուրներուն մէջ ապրելուս, հազիւ թէ եւ պատահաբար իմացայ հայ մտաւորականներու աքսորի մասին 24 Ապրիլին, իսկ տեղահանութիւնը դեռ չէր սկսեր, երբ մեր զօրագունդը հրաման ստացաւ Էտիրնէ փոխադրուելու. եւ տեղաւորուեցանք զօրանոցի մը մէջ: Հոն կար հայ գաղութ մը, նիւթական լաւ վիճակի մէջ: Ազատ պահերուս քանի մը անգամ շուկայ երթալով ծանօթացայ իրենց տնտեսական կեանքին:

Էտիրնէն Մարիձա գետին եզերքը հաստատուած քաղաք մըն էր: Քաղաքը Պալքանեան պատերազմին բաւական քանդուած էր պուլկարարկան գրաւման ատեն, բայց պահած էր ընդհանուր դիմագիծը:

Թնդանօթի ձիերուն խոտը կը բերէինք պուլկարարկան սահմանին մօտակայ գետին եզերքը առատօրէն բուսած դաշտերէն: Քանի մը անգամ ես ալ պարտականութիւն ստացայ կառքերով եւ ձիերով երթալ այդ շրջանը խոտ բերելու, սոսկալիօրէն վխտացող մժեղներուն՝ իմ ալ արիւնի բաժինս տալով, մանաւանդ երբ հոն գիշերելու ստիպուէի: Պուլկարիա դեռ չէզոք էր եւ սահմանը գիծ մըն էր միայն տեղ-տեղ դրուած քարերով, նշաններով եւ սահմանը անցնող փախստական մը (հայ կամ յոյն) կրնար հոն ապաստան գտնել: Բայց ես չի փորձուեցայ բնաւ նման քայլ մը առնել վախնալով որ նման քայլի մը հետեւանքը կրնար սուղի նստիլ իմ եղբայրներուս:

Կար նաեւ հոգեկան կապը, որ հաստատուած էր Սկիւտարի նորատի աղջկան հետ եւ որ ինձ հետ հազիւ ծանօթացած, ինձ կը ժպտէր լռելեայն, ամէն օր եւ ամէն տեղ, զիս մի մոռնար ըսելով: Ամիսներէ ի վեր զինք չէի տեսեր եւ ոչ ալ յոյս ունէի տեսնելու, բայց ան հոգեպէս աւելի մօտեցած էր կամ կը մօտենար ինձ, հակառակ որ ֆիզիքապէս աւելի կը հեռանայի իրմէ եւ աւելի կը մօտենայի ռազմադաշտին, ուր հարիւր հազարաւոր նորահաս երիտասարդներ, ցորենի հասկերու պէս կը հնձուէին անխնայ: Կեանքը աւելի քաշողական կը դառնայ երբ զայն կորսնցնելու վտանգը աւելի մօտիկ զգալ կը սկսիս… եւ անոր աւելի արժէք կու տաս՝ երբ յիշատակ դառնալ կը սկսի, քան ապրած օրերդ: Ես այլեւս ինքզինքս իմ կեանքիս ու հոգիիս տէրը չէի սեպեր, այլ շղթայուած գերիի մը կը նմանէի եւ կապուած նաւակի մը եւ յանձնուած գետի մը հոսանքին: