Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Գլուխ 2 (Երրորդ մաս)՝

Տարտանէլի պատերազմին տեսածներս



Դառնանք Կալիփոլիի թերակղզին, իմ գտնուած ռազմավայրս: Մեր մենամարտը motorboat-ին հետ երբեմն կը պատահէր որ գիշերը տեղի ունենար: Գիշեր մը մենամարտի նշանառութեան ընթացքին, տեղակալս՝ չկրնալով դիտակով նշանառութիւնը ճշդել, ինծի հրահանգեց հրահանգել զինուորներուս, որպէսզի թնդանօթին պոչը մէկ թիզ անգամ մը աջ, անգամ մը ձախ շարժել տամ: Այս հրամանններս կեդրոնէն լսելով, ինծի հարցուցին թէ, ո՞վ է հրաման տուողը եւ ի՞նչ տեսակ նշանառութիւն է այս: Տեղեկալին անունը տուի, եւ ինծի հրամայեցին որ զինքը թէլէֆոնին կանչեմ: Տեղեկալս  հայհոյանքներ մրթմրթալով եկաւ թէլէֆոնին գլուխը. հրամայող սպան սկսաւ զինք քննադատել որ թնդանօթին պոչը աջ ու ձախ մէկ թեւ շարժելը ինչ խոշոր շեղումներ կ’ունենար նշանառութեան (քանի մը հարիւր մեթր): Տեղեկալս կմկմալով պատասխանեց. «Ինչ ընեմ, էֆէնտի՛մ, մութին պատճառաւ չեմ կրնար զանազանել դիտակին գիծերը»: Կեդրոնի սպան խնդալով գոցեց: 1916-ի Սեպտեմբերի վերջերն ենք. օրին մէկը մեզի հաղորդեցին, որ Մուտրոսի ծովեզրի թշնամի զրահաւորները բազմապատկուած են, ուրեմն նոր ցամաքահանումը հաւանական է. ուստի գիշերը պէտք է արթուն մնալ եւ մեծ ուշադրութեամբ հսկել:

Տեղակալս ըստ սովորականին ճնկելով քանի մը գաւաթ, ինծի հրամայեց հարկ եղածը կարգադրել եւ՝ պառկեցաւ:

Ես ալ իմ կարգիս հրահանգեցի իմ ստորադաս փոխ սպայիս, որ ինքը մինչեւ կէս գիշեր քնանայ. կէս գիշերին զինք կ’արթնցնեմ եւ ես իմ կարգիս կը պառկիմ:

Պահ մը զինուորներուս եւ թնդանօթներուն մօտ դարձայ եւ եկայ իմ խցիկս մտայ ու ընկողմանեցայ: Մինչեւ այդ օրերը մահը այդքան մօտ չէի զգացած, հակառակ ամենօրեայ ռումբերու տեղատարափին: Ամէն կողմ մեռելային լռութիւն եւ սոսկալի մութ: Օդը մեղմ: Դիտեցի թշնամի զրահաւորներու քանակը, ի հարկէ զինուորական դիտակով, որ բլրան գագաթը խրամին մէջ զետեղուած էր իր եռոտանիին վրայ: Յիշեցի մասնաւորաբար քանի մը օրէ ի վեր խցիկիս առաջ տեղացող ռումբերը, որոնք լեռնային թնդանօթներու կողմէ կը տեղային կողմնակի եւ որոնք զետեղուած էին քիչ մը հեռուն Արսլան Թէփէ ըսուած բարձր բլուրի կողքին: Իրաւ ալ թշնամին այդ թնդանօթները դրած էր մի միայն մեր թնդանօթներուն, խցիկներուն եւ մեզի համար: Այո՛, քանի մը օր առաջ ես նստած խցիկիս մէջ, կակուղ եւ տափակ քարի մը վրայ կը փորագրէի ձիու մը արձանիկը իր վազքի միջոցին, բութ եւ խեղճուկ պզտիկ դանակով մը, որուն շեղփը չափազանց երերուն էր: Յանկարծ սկսաւ աննախնթաց ռմբակոծում մը: Խցիկիս կողքին մեծ ռումբ մը ինկաւ, ճիշդ մուտքին առաջ եւ զիս մասամբ ծածկեց քարի կտորներով եւ հողով միայն, առանց պայթելու եւ սահեցաւ քանի մը մեթր անդին: Եթէ պայթող տեսակէն ըլլար, կտորները կը բաւէին զիս մահացնելու, բայց պայթող չըլլալուն եւ կողմնակի գալուն ես ստոյգ մահէն ազատեցայ: Այդ պահուն ես այդքան չի սարսափեցայ, որքան այդ գիշերուան հաւանական ցամաքահանումէն: Ի հարկէ ցամաք ելլող զինուորը պիտի ունենար իր սուինաւոր զօրաբաժինը, որոնք անխնայ պիտի կոտորէին մեզ, քանի որ մեր ջոկատը ինքնապաշտպանութեան համար ոչ սուին ունէր եւ ոչ զէնք, այլ միայն երկու թնդանօթ եւ անզէն քանի մը զինուոր, իսկ թնդանօթը գիրկընդխառն կռուի մը համար անօգուտ է ի հարկէ. ուրեմն թշնամի զինուորը առանց խղճահարելու պիտի կարենար մեզ խողխողել, իբր պարտականութիւն: Ի՞նչ արժէք ունէր քանի մը հազար նորահաս կեանքերու հնձումը ռազմաճակատին վրայ. կը բաւէր որ պետական ղեկավար ջոջերը Էնվէր, Թալաթ, Ճէմալ եւ այլք կարգ մը փաշաներ շարունակեցին իրենց կերուխումն ու խրախճանքները իրենց պալատներուն եւ կանանոցներուն մէջ:

Հողակոյտի մը վրայ ընկողմանելով վերապրիլ փորձեցի անցեալ տարիները: Յիշեցի մայրս, որ ակընդէտ կը սպասէր իմ վերադարձիս, յիշեցի եղբայրներս՝ որոնք զրկանքներու ենթարկուած էին եւ ինձ մօտ 150 ոսկի դրամ ուղարկած էին իմ ուսումս շարունակելու համար (գումար մը որ այդ տարիներուն հարստութիւն մըն էր), որպէսզի օր մը նորէն իրենց միանամ ուսումս աւարտած: Վերապրեցայ անոնց մօտ անցուցած գիշերներս. ամառները տանիքը, աստղերուն տակ, ձմեռը կրակին շուրջ հաւաքուած լսելու անոնց պատմութիւնները, Ժիւլ Վէռնի «Կրանտ նաւապետի արկածները» եւ շուրջ զլուսնով Հիւկոյի «Թշուառները», «Մոնթէ Քրիստօ»ն, «Նափոլէոնի պատերազմները», «Ոդիսեւս»ը եւ այլն, որոնց անունները մոռցած եմ, որոնք հօրմէս մնացած գրադարանին մէջ մնացած էին:

Մեր զոյգ բակերը, բազմաթիւ ծառ ու ծաղիկներով զարդարուած աւազանին ջուրին գլգլոցը, հսկայ եկեղեցին եւ անոր կից վարժարանները, մօտակայ ապառաժոտ լեռները, ուր գարնան լաւ օրերուն կ’երթայինք ընտանիքներով եւ բազմապիսի ուտելիքներով հաճելի օր մը անցնելու համար, ուր բարձրաձայն երգերը քարայրներէն արձագանգ կու տային անուշ համերգի մը նման. ինչպէս նաեւ զանազան թռչուններու երգերուն համերգները, պարտէզներուն համադամ պտուղները, մեր պիստակի պարտէզին 8-10 նշենիները, որոնք գարնան միլիոնաւոր ծաղիկներով զարդարուած սիրուն հարսի մը ծաղկեպսակով գլխուն կը նմանէին, վերջապէս ինքնաբուխ եւ զուլալ ջուրով լեցուած Այն Զլիխայի պզտիկ լիճը, որ ամառնային սրճարանևլոգարան էր, գլխաւորաբար հայ երիտասարդներուն, պզտիկ վարձքի մը փոխարէն:

Ինչպէ՞ս կրնայի մոռնալ Սկիւտարը իր վայրի՝ բայց շատ սիրուն պուրակներով եւ տեսարաններով եւ անուշիկ ու նորաբոյս աղջիկներով, որոնց կարգին այդ սիրասուն աղջիկը որ իմ մտքէս չէր հեռանար, եւ հոգեկան ապրումներուս առանցքն էր դարձած այս եւ նման վայրի բլուրներուն մէջ երկու տարիէ ի վեր:

Վերջապէս այս երկու երեք ժամերու ընթացքին վերապրեցայ 15-20 տարիներու ընթացքը, իմ անցեալի լաւ ու գէշ կեանքս՝ հայրենիքիս եւ Պոլսոյ մէջ, Կոմիտասի համերգներով, Աբէլեանի եւ Զարիֆեանի եւ Փափազեանի, Մնակեանի թատերախաղերով եւ Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի հօր հօր աղա»ի թատերգութիւնը եւ դաշնակարուհի օրդ. Լիտիայի ճարտարօրէն նուագած Beethoven-ի, Schuman-ի, Schubert-ի, Liszt-ի, Chopin-ի եւ այլ նշանաւոր յօրինողներու հրաշալի կտորները, խտացած եւ անջնջելի դարձած իմ հոգւոյս ծալքերուն մէջ:

Այս վերյիշումները ի հարկէ կեանքը աւելի անուշցուցին աչքիս, սական իրականութիւնն ալ այն էր, որ այս լեռներուն եւ ձորերուն մէջ ընդմիշտ կը հանգչէին ինծի պէս, մօտաւորապէս չորս հարիւր հազար մատղաշ կեանքեր, երկուստէք եւ իրար բոլորովին անծանօթ: Ա՛յս է պատերազմի արհաւիրքը եւ ողբերգութիւնը ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ, ժպիտով կամ ծիծաղով, լացով եւ խոր յառաջանքներով համեմուած:

Ինչո՞ւ եկանք եւ կ’երթանք ո՞ւր
Ապրիլ այս կեանքը տխուր:

Այս խորհրդածութիւնները ոչ միայն զիս, այլ ընթերցողներն ալ պիտի մղեն մրափի, սակայն ես իրաւունք չունէի մրափելու, ուստի ինքզինքս թօթափելով ելայ եւ քննական աչքերով մօտեցայ թնդանօթներուն եւ զինուորներուն, որոնք անհոգ ու անգիտակ մօտեցող վտանգին խորունկ քունի մէջ էին:

Արթնցուցի սպայի թեկնածուն եւ յանձնաարարեցի արթուն մնալ, հսկել ուշադիր ու ինծի տեղեկացնել որեւէ նոր անցուդարձ մեզ մօտ կամ մեզմէ հեռու: Ու ես մտայ խցիկս եւ երկարեցայ զինուորական լալկան մահճակալին, քիչ մը հանգիստ ընելու, ի հարկէ առանց հանուելու, հագուստով: Հազիւ երկու ժամ քնացած, տղան եկաւ եւ ինծի արթնցնելով ըսաւ. «Էֆէնտի՛, է ֆէնտի՛, ելիր նայէ սա երկնքի կարմրութիւնը»: Իսկապէս հարաւային կողմը երկնքին մէկ մասը կաս կարմիր էր, բայց ամէն կողմ լռութիւնը կատարեալ էր: Ո՛չ ռմբակոծում կար, ո՛չ ալ լուսարձակ:

Այդ կողմերու մանր-մունր անտառներու եղեւնիի անտառիկները շատոնց փճացած կամ զինուորներուն վառելանիւթ հայթայթելէ դադրած էին, իսկ շէնքի եւ գիւղերու հետքերը շատոնց անհետացած: Արշալոյսն ալ դեռ շատ հեռու ըլլալէ զատ, արեւածագն ալ իր տեղը փոխած ըլլալու որեւէ հաւանականութիւն չի կար: Բան չի հասկնալով, թելադրեցի հսկողութիւնը շարունակել եւ պառկեցայ:

Հազիւ մէկ ժամ անցած, դարձեալ եկաւ զիս արթնցուց: Նոյն պատմութիւնը, միայն թէ այս անգամ երկնքի ուրիշ մէկ ծուէնը կարմրած: Այս անորոշ երեւոյթին շուրջ լուսաբանուելու համար, յարմար սեպեցի կեդրոն հեռաձայնել: Ինձ պատասխանեցին, որ թշնամի բանակատեղիին մէջ կրակ կար, որովհետեւ իրենք ալ աւելի ծանօթութիւն չունէին, տեղեկութիւն չունէին, միայն այդքան: Հանելուկ:

Հազիւ աչքերս գոցած՝ թշնամի զրահաւորները սկսան սոսկալի ռումբեր տեղալ ամբողջ ճակատներուն վրայ անդադար, այնպէս որ գլուխ դուրս հանել անկարելի դարձաւ. ուրեմն ցամաքահանումի ազդարարութիւն մըն է ասիկա, կամ դիմադրելը դժուարացնելու միջոց մը: Միակ առաքելութիւնը որ կը մնար, մօտեցող մահուան հետ հաշտուիլն էր, եւ հաշտ մնացի, քանի որ ուրիշ ելք չի կար:

Զինուորնե՞րս. անոնք նոր ցամաքահանումի գաղափարին անտեղեակ էին եւ ռումբերու տեղատարափին վարժուած, բայց ամէնէն հանգիստն ու անտարբերը, երանելի տեղակալս էր, որ օղիի ազդեցութեան տակ անհոգ կը խրկար: Չի փորձեցի զինք արթնցնել, որովհետեւ բան պիտի չի փոխուէր կացութենէն:

Իրականութեան մէջ անմիջական մեծ վտանգը, աւելի շատ իմ մտքիս մէջ մխրճուած հոգեկան վիճակս էր, քան սպառնացող շօշափելի եւ տեսանելի վտանգը: Եթէ ցամաքահանումը սկսած էր, իմ դիրքէս գոնէ մէկ ու կէս կամ երկու քիլոմեթր եւ քանի մը բլուրներ անդին յաջորդական խրամներու մէջ պիտի ըլլալ եւ իմ դիրքիս հասնելու համար, քանի մը ժամ եւ քանի մը հազար զինուորներ գիրկընդխառն, զիրար պիտի սուինահարէին կամ ռումբերով բզկքտուէին անխնայ՝ մինչեւ մեր կարգը գալը: Աշխարհի վրայ միակ ճակատագրական բանը մահն է, որմէ ոչ ոք կրցած է խուսափիլ, սակայն կեանքիս գարնան մէջ էշ նահատակ ըլլալու գաղափարը զիս աւելի կը լլկէր ու կը չարչարէր: Կը նմանէի անիրաւ տեղը կախաղանի կամ գլխատման դատապարտուած մարդու մը, որուն դէմ տրուած մահավճիռի գործադրման պահը անորոշ է:

Վերջապէս չերկարեմ, այս սոսկալի ռմբակոծումը երկու երեք ժամ տեւելէ յետոյ, սկսաւ մեղմանալ եւ արեւածագին մօտ դադրեցաւ անսպասելիօրէն. հարկաւոր սեպեցի կեդրոնէն լուր առնելու: Հեռաձայնին միւս ծայրէն սպայ մը ինձ պատասխանեց. «Մեր հետախոյզ զինուորները թշնամի խրամներուն մէջ կը յառաջանան, առանց ընդդիմութեան հանդիպելու, ուրեմն որոշ յայտնի կ’ըլլայ որ թշնամին իր դիրքերը լքած ու հեռացած է ընդմիշտ»:

Այս անակնկալ լուրը ինծի թէ հաճելի էր եւ թէ անհաճոյ: Վտանգը առայժմ հեռացած էր, բայց պատերազմը վերջացած չէր եւ ես կ’ուզէի որ այս ճակատին վրայ բուռն կռիւները շարունակուին, որպէսզի քանի մը հազար թիւրք զինուոր եւս մեռնի, եւ անոնք չի կարենան ուրիշ ճակատ մը երթալ հոն զօրացնելու համար, ուր հաւանաբար տեղահանուած հայեր պիտի ջարդէին կամայ ակամայ:
Այս ալ փոխ վրէժի միակ միջոցնիս էր:

Այդ եւ յաջորդ օրերուն ձիս բերել տուի եւ երկու երեք անգամ ես ալ լքուած խրամները գացի պտտեցայ մինչեւ ծովեզերք: Ոչ միայն ողջ, այլ նաեւ մեռած զինուորներու դիակները, անգլիացիները միասին տարած էին, բացառութիւն սեպելով չորս հինգ դիակներ, որոնց հանդիպեցայ ճամբուս վրայ: Կար երկու երեք բուրգերու նման տեղւոյն վրայ լքուած ուտեստեղէն պահեստի տուփերով, միս, անուշեղէն, շաքար, կրկնեփ, չամիչ, թուզ եւ խոզի միս, որոնք մեր զինուորներուն բաժին ձգած էին: Ի հարկէ դիակներ ըսելով, խօսքս նոր սպաննուածներու մասին է, որովհետեւ նախ քան նահանջը եւ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր մղուող բուռն կռիւներու եւ յարձակումներու եւ հակայարձակումներու ընթացքին մեռած հարիւր հազարներով սպաննուած եւ խոշտանգուած զինուորներու դիակները շատո՜նց նեխած, փտտած եւ փոշիացած էին, որոնցմէ միայն բազմահազար ոսկրակոյտեր մնացած էին:

Միջանկեալ ըսեմ որ պատերազմէն յետոյ անգլիացիներու պահանջին վրայ այդ ռազմադաշտէն հողամաս մը, որպէս յիշատակարան, գերեզմաննոցի վերածուեցաւ եւ փշաթելով ու պատով մը սահմանաւորուած է. իբր խորհրդանիշ, դրուած են հոն մեռած յայտնի սպաներու եւ քանի մը զինուորի գերեզմանաքարեր եւ յուշարձաններ, որոնց այցելութեան կու գան իրենց սիրելիներն ու պաշտօնական յանձնախումբեր ծաղկեփունջերով:

Հոն կռուող եւ մեռնող զինուորներուն մեծ մասը հնդիկ էին, պրահմանական, պուտտայական եւ իսլամ, եւ մաս մը աւստրալիացի, իսկ սպաները անգլիացի մեծ մասամբ:

Երեք չորս ամիս ռազմաճակատի վրայ կռիւներու ընթացքին ականատես եղայ մասնաւորաբար ռումբի կտորներէն խլուած, անդամահատուած ոտքերու, ձեռքերու, կզակներու եւ մահացած զինուորներու, գրեթէ բոլորը թիւրք, մանաւանդ երբ անգամ մը ռումբ մը ինկաւ 4-5 զինուորի ճաշի ամանին մէջ՝ զանոնք ջարդ ու փշուր ընելով, որոնց ի տես, կամայ ակամայ, աչքերս արցունքոտեցան: Կարելի՞ է նման տեսարանի մը ականատես ըլլալ առանց յուզումի եւ անտարբեր, ինչ ազգի ալ պատկանին անոնք, եւ ինչ կրօնքի ու դաւանանքի ալ խնկարկեն:

Այժմ այդ՝ եւ այլ նման պատկերներ ու տեսարաններ յաճախ կը վերապրիմ երազներուս մէջ պարբերաբար, երբեմն նոյնիսկ արթուն վիճակիս եւ ինքնաբերաբար կ’ունենամ այն յուզումն ու հոգեկան վրդովումը, զորս ունեցած էի այդ օրերուն:

Ես՝ բարեբախտաբար այս արհաւիրքէն ազատեցայ, միայն ձախ զիստիս թեթեւօրէն մխրճուած ռումբի կտորի մը ձգած սպիով: Բայց ո՛չ ես, ո՛չ ալ մէկ թեւը, կամ ոտքը կամ կզակին մէկ մասը վրայ տուողը հերոս հռչակուեցաւ: Մինչդեռ թշնամիին խիստ ճարտարօրէն նահանջէն 4-5 օր յետոյ հրամանատար Մուսթաֆա Քէմալ ունեցաւ աստիճանի բարձրացում եւ եղաւ կեներալ եւ դառնալով Մուսթաֆա Քէմալ փաշա, ստացաւ նախ շքանշան, իբր հերոս, որովհետեւ թշնամիին ծովը թափած է եղեր… Մինչդեռ թշնամին այդ գիշեր կամովին եւ առանց մէկ զինուոր վրայ տալու քաշուեցաւ, շոգենաւերն ու զրահաւորները ցամաքահանում ընելու համար Սելանիկ, յունական նաւահանգիստը դիմակալելու համար Պուլկարիա եւ Աւստրօ-գերմանի ուժերուն կեներալ Սարայի հրամանատարութեան տակ:

Ինչպէս ըսի, Մուսթաֆա Քէմալ ամէն կերպով վարձատրուեցաւ եւ յետոյ նշանակուեցաւ (Եըլտըրմ) կայծակ զօրաբանակի հրամանատար եւ ճանչցուեցաւ իբր Կալիփոլիի թերակղզիին յաղթականը, իսկ հոն մեռնող մօտաւորապէս երկու հարիւր հազար պարզ սպաներն ու զինուորները արժանացան ռամիկ բառերով, ռամիկ եղանակով երգի մը, այդ պատերազմին շարադրուած եւ եղանակաւորուած հետեւեալ ձեւով:

Չանագ գալէ իչինտէ վուրտուլար պէնի,
Էօլմէտէն մէզարա գոյտըլար պէնի, եւ այլն: 

Թարգմանաբար հայերէնի այսպէս.

Չանագ գալէի մէջ սպաննեցին զիս,
Եւ դեռ չը մեռած գերեզման դրին, եւ այլն:

Ի՞նչ եղաւ վարձատրութիւնը ողջ մնացած սպաներուս եւ զինուորներուն. 3 շաբաթ տեղւոյն վրայ հանգիստ եւ անգլիացիներուն ձգած բաւական առատ քանակութեամբ պահածոյ տուփով միս եւ անուշեղէն եւ հրդեհէն ազատած շաքար, կրկնեփ, թէյ, չամիչ, քանի մը տեսակ ընդեղէն, որոնց կարօտ ունէր թիւրք զինուորը տարիներէ ի վեր եւ որոնցմէ տուփի անուշեղէնին եւ միսին ու կրկնեփին բոլորովին անծանօթ էր:

Խրամները այցելութեանս առիթով հանդիպեցայ քանի մը լքուած հրացաններու. ուստի լաւագոյններէն ընտրեցի երկու անգլիական հրացան եւ քանի մը տուփ փամփուշտ, որոնք հոս հոն նետուած էին:

Երեք շաբաթ այդ դադարիս ընթացքին անուշեղէնները կ’ուտէի եւ պարապ տուփերը կ’անցընէի ծառի մը ճիւղին եւ կը սկսէի նշանառութեան: Որեւէ հրացանի քաղաքէս քիչ շատ ծանօթ էի, բայց այս հրացանները կամ այլ նմանատիպ հրացանները արգիլուած եւ հազուագիւտ զէնքեր էին, որոնց վարժուած չէի. նոյնիսկ զինուորութեան սկզբնական շրջանին վարժութեան համար մեզ տրուած զէնքերուն գործածութեան ձեւը թէեւ տեսականօրէն սորված էի, բայց կրակելու արտօնութիւն չկար: Այսպիսով այդ հրացանները կրակել ալ վարժուեցայ:

Այս առթիւ կ’արժէ յիշատակել որ պատերազմական զէնքերը կրակելու եւ նշան առնելու ժամանակ զօրաւոր ցնցում մը կ’ունենաս եւ վարժ չեղողին համար բռնած նշանակէտէն, ըստ հեռաւորութեան, շեղում մը եւ վրիպում մը կ’ունենաս, եթէ գործածութեան վարժ չես:

Այս երեք շաբաթուան հանգիստը ունէր նաեւ ռազմական արժէք: Ո՞վ կրնար ապահովել որ անգլիական ուժերը քանի մը օր յետոյ անակնկալօրէն նորէն ցամաքահանում մը պիտի չփորձէին եւ մեզ խաղի պիտի չբերէին. եթէ խաղաղութիւն կ’ուզես ապահովել, հարկ է որ միշտ կռուի եւ պատերազմի լիօրէն պատրաստ ըլլաս, անակնկալի առջեւ չգտնուելու համար. կեղծ նահանջ մը. նաեւ ռազմախաղ է, ռազմադաշտի վրայ յաճախ խաղցուած:

Բայց անգլիացիներու այս նահանջը ռազմախաղ մը չէր, այլ իրական նահանջ: Առանց ծանր թնդանօթներու ցամաքահանման, Տարտանէլի դէմ զինուորական գործողութիւն մը չէր կրնար մեծ արդիւնք տալ, իսկ ծանր թնդանօթի ցամաքահանումը կը կարօտէր խիստ տոկուն խարիսխներու եւ ժամանակի: Այդ թուականներուն ո՛չ թանկ [հրասայլ] կար, ո՛չ «motoriser» [մեքենայացած] թնդանօթակիր, արագահարուած եւ ոչ ալ ցամաքային հսկայ թնդանօթ «mortier» երկու երեք թոննոց ռումբեր նետելու այդքան հեռաւորութեան վրայ, մանաւանդ ինչպէս վերը ըսած եմ, ո՛չ ալ ռմբաձիգ սաւառնակ: Անգլիական ցամաքահանումը թերակղզիին վրայ ռազմականօրէն այդ ժամանակուայ համար ձախողութեան դատապարտուած էր: Միակ օգուտը որ ունեցաւ թրքական քանի մը զօրաբանակներու հալումաշ ըլլալն էր ի նպաստ ռուսական կովկասեան ճակատին, գլխաւորաբար: Այժմ այդ նեղուցը խաղաղութեան ատեն երթեւեկի տեսակէն արժէք մ’ունի, բայց շատ չնչին: Քանի մը սաւառնակներ, քանի մը ժամուան մէջ նեղուցի եզրերուն զետեղուած ամրութիւնները կրնան քար ու քանդ ընել պատերազմի ընթացքին:

Այս ճակատի վրայ պատերազմի դադարումը մեզ՝ պարզ սպաներուս եւ զինուորներուն համար տեսակ մը զինադադար էր: Ո՛չ մէկ կասկած որ ողջ մնացածներս ուշ կամ կանուխ պիտի փոխադրուէինք ուրիշ ճակատ մը, քանի որ պատերազմը աւարտած չէր:

Աս ալ յիշեմ որ զինուորը այդ պատերազմին երկաթէ գլխարկ չունէր, գնդակէ, ռումբէ կամ կտորներէ մասամբ պաշտպանուելու համար:

Կ՚արժէ յիշատակել նաեւ՝ որ ներկայ պատերազմներուն պարզ քաղաքացիները կռուող զինուորներէն աւելի մեծ վտանգներու ենթակայ էին սաւառնակներու սպառնալիքներու եւ հսկայ ռումբերուն տակ:

Վերջապէս օրին մէկը լրացան մեր հանգիստի օրերը եւ ճամբայ ելանք դէպի Էտիրնէ: Իբր յիշատակ հետս առի այդտեղի արիւնոտ սոսկալի տեսարանները եւ անոնց կարգին լիալուսին գիշերներու ծովային հրաշալի մէկ քանի տեսարաններ, որոնք եթէ նկարելու ըլլայի Այվազովսկիի հետեւողութեամբ, զանոնք պաստառի վրայ կ’առնէի անմահացնելու համար: Արդարեւ լիալուսին իմ գիշերներու մեծագոյն հաճոյքս Էրմիր բլուրի կողքին երկնցած դիտել լուսնի յամր յառաջխաղացքը ծովի մակերեսին եւ որը հետզհետէ կը դառնար հաւկթաձեւ եւ կ’արտացոլար բազմաթիւ ադամանդեայ բեկորներէ կազմուած տրցակի մը, աննկարագրելի գեղեցկութեամբ, որուն մէջ կիսամերկ հուրիներ անուշ ժպիտով կը պտտէին ու համբոյր կը ղրկէին սիրատոչոր աչքերուս, փաթթուած իրենց նուրբ շղարշներուն մէջ: Այս զգլխիչ գեղեցկութիւնը անբառնալի հակասութիւն մ’էր ցերերկուայ սարսափին ու արհաւիրքին կողքին: Ինչպէ՞ս հաշտեցնէի այս իրարամերժ ու հակասական տեսարաններն ու պատկերները:

Այս է կեանքի իրականութիւնը, չոր ու կոպիտ: Վայ անոր որ չուզէր հաշտուիլ կամ յարմարիլ անոր պայմաններուն:

Հրաման եկաւ եւ ճամբայ ելանք գարնանային հաճելի օդով ու յաջորդ առաւօտ հասանք Քէշան ու այդ օր հոն գիշերեցինք: Առաւօտ երբ արթնցանք, անակնկալ մը մեզ դիմաւորեց. ձիւն կամ ամելի ճիշդ ձիւնամրրիկ եւ սոսկալի ցուրտ. որքան յառաջացանք մրրիկը այնքան սաստակացաւ: Փորձուեցայ ձիս յանձնել զինուորին ու նստիլ թնդանօթի մէկ նստարանին: Հակառակ զօրաւոր ցնցումներուն՝ կէս ժամ չանցած խիստ անուշ քուն մը ծանրացաւ աչքերուս. անմիջապէս անդրադարձայ որ այդ մրափին պիտի յաջորդէ քունը, այսինքն պիտի թմրիմ ու սառիմ. ուստի վար ցատկելով, ուզեցի քիչ մը քալել, սակայն անկարելի, որովհետեւ սոսկալի ցեխ էր:

Մեզմէ քանի մը հարիւր մեթր հեռուէն, զինուորական քալուածքով կը յառաջանար գայլերու վոհմակ մը, պատրաստ մարդ եւ նոյնիսկ ձի մը փարատելու եւ յօշոտելու:

Վերջապէս երկու օր յետոյ հասանք Էտիրնէ, ուրկէ մեկնած էինք քանի մը ամիսներ առաջ: Յաջորդ օրը երբ քաղաք իջայ, հիասթափուեցայ եւ սարսափեցայ, որովհետեւ հայերուն խանութները փակ էին, եւ հայերը աքսորուած անծանօթ ուղղութեամբ, իրենց խանութներն ու տուները ձգելով թուրքերուն: Հոն՝ միակ հայ մը մնացած էր իբր ատամնաբոյժ եւ փախստական վիճակի մէջ, որ կը յուսար առիթ մը գտնել փախչելու համար Պուլկարիա ու հոն ապաստանիլ:

Յաջորդ օրերուն առիթը ունեցայ մեր զօրաբանակի խորհրդական գերմանացի կեներալին ներկայանալու եւ յայտնելու որ ամիսներէ ի վեր եղբայրներէս ո՛չ մէկ լուր կրցած եմ առնել: Կեներալը յայտնի բարեացակամութամբ հարցուց եղբայրներուս անուններն ու ո՛ր քաղաքէն ըլլալս. երբ յայտնեցի իրեն, յանձնարարեց յաջորդ օրը կրկին հանդիպիլ եւ խոստացաւ անմիջապէս հեռագրել Ուրֆա, տեղեկութիւններ ուզելու համար: Յաջորդ օրը ինծի յանձնեց թրքերէնով հեռագիր մը՝ «Յետ քննութեան, ստուգուած է, որ նմաններուն պէս հեռացուած են Տիգրանակերտ»:

Սկսայ հեռագիրը ջղային տագնապով մը ոլորել ձեռքիս մէջ եւ խնդրել որ եթէ կարելի է հեռագիր մըն ալ Տիգրանակերտ ղրկէ. «Լաւ» ըսաւ. «վաղը նորէն եկուր»:

Յաջորդ օրը հեռագրին պատասխանը տուաւ հետեւեալ իմաստով.

«Յետ քննութեան ստուգուած է, նման մարդիկ չի կան Տիգրանակերտի մէջ»:

Զինուորական բարեւս տալով, հեռացայ պաշտօնատունէն, համոզուած ըլլալով որ անոնք սպաննուած են անխղճօրէն:

Այս սոսկալի լուրը աւելի ահաւոր էր քան ռազմաճակատի ռումբերը: Ուրեմն այս երկրին հետ այլեւս ո՛չ բարոյական եւ ո՛չ ալ նիւթական կապ չէր մնար ինձ համար այս ոճրագործ կառավարութեան մօտ: Գացի Մարիձա գետին եզերքը եւ ժամի մը չափ լացի մանկան մը պէս ու անմխիթար:

Ի՞նչ կրնայի ընել վրէժս լուծելու համար. ճամբա՞յ մը գտնել Պուլկարիա անցնիլ կամ հրամանիս տակ գտնուող երկու թնդանօթները քանդել կամ զանոնք պատրուակով մը զօրանոցէն հանել բարձունքի կողքին նշան առնել մօտակայ կուսակալի շէնքը եւ կրակե՞լ հոն, յետոյ իմ զէնքով անձնասպան ըլլալ, կամ ինքզինքս Մարիձա գետին յորձանքին մէջ նետել ու խեղդամահ ըլլալ:

Այս մտածումներս ի հարկէ շատ տղայական էին, որովհետեւ թնդանօթն ու զայն փոխադրող ձիերը անշուշտ պիտի ենթարկուէին ինծի, սակայն ես հերոս մը չէի եւ զինուորներս ալ ինծի պիտի չհնազանդէին կուրօրէն, իրենց կեանքն ալ վտանգի տակ դնելով ինծի համար, որուն արդիւնքը իրենց վրայ ալ անդրադարձ պիտի ունենար ծանրօրէն. յետոյ իմ 7.5-նոց թնդանօթներս որքա՞ն պիտի կարենային վնաս հասցնել այդ խոշոր շէնքին: Անկասկած պիտի վնասէր մեծապէս ինծի եւ զօրանոցին մէջ գտնուող հայ բժիշկներուն եւ հայ զինուորներուն: Ներկայիս կան սլացիկ ռումբեր որոնք կ’ընթանան կոճակ մը սեղմելով եւ կը քանդեն հսկայ շէնքեր, այն ժամանակ beton-armé շէնքեր չկային: Եւ այդ զէնքերն ալ անծանօթ էին:

Ամէն պատերազմ նոր եւ աւելի զօրաւոր, սոսկալի զէնքեր մէջտեղ կը հանէ, ինչպէս օրինակ atomique ռումբը եւ այլն:

Այս բոլոր մտածումներն ու յանդուգն ծրագիրները թշնամիին բացակայութեան խորհրդածելը եւ մտքիս մէջ գործադրելը շատ դիւրին էր, սակայն անոր ներկայութեան եւ անկեղծ խօսելով, նոյնիսկ անոր բացակայութեան դժուար թէ յանդգնէի փորձել:

Միակ դիւրաւ գործադրելի պարագան կը մնար փախուստ տալ բանակէն ու երկրէն: Նախապէս այս մասին լսած լուրերուս համաձայն, կային յոյն գիւղացիներ որոնք նաւակով եւ գիշերուայ մութին քանի մը հոգի փախցուցած էին դրամով, սակայն ոչ թէ մէկ հոգի այլ քանի մը հոգինոց խումբեր եւ կանխամտածուած ու կանխապատրաստուած ձեւով. ուրեմն հարկ էր սպասել եւ անոնց հետ համաձայնիլ:

Կար նաեւ Մարիձա գետը անցնիլ լողալով: Այս ձեւն ու միջոցը ինծի համար շատ վտանգաւոր էր, որովհետեւ գետին հոսանքը շատ զօրաւոր էր ու վարժ լողորդ մը չեմ եղած:

Քանի մը օր յետոյ հրաման առի 15 օրուան համար Պոլիս երթալու եւ իրիկունը շոգեկառք առնելով յաջորդ օրը Պոլիս հասայ. նախկին սենեակս նոյնութեամբ գտայ, տանտիրուհիներս ալ նոյն ձեւով:

Ձմեռ էր, բայց օդը մեղմ ու գարնանային: Սակայն հայերուն համար կեանքը շատ տխուր էր, որովհետեւ մտաւորականները աքսորուած ու սպաննուած էին, իսկ հայերը կ’ապրէին սոսկալի մտահոգ օրեր, վախնալով որ օր մը իրենք ալ հրաման պիտի ստանային լքելու իրենց տուներն ու վաճառատուներն ու խանութները եւ քշուիլ անորոշ ուղութեամբ, իբրեւ վտանգաւոր ու անբաղձալի տարրեր, ինչպէս Թուրքիոյ միւս քաղաքներու հայերը: Բարեբախտաբար հոն գաղթ տեղի չէր ունեցած ու չունեցաւ: Հոն՝ Պոլսոյ մէջ խոշոր թիւով օտարականներ կային. ուստի կ’երեւի թիւրք կառավարութիւնը քիչ մը ամչցած էր, կամ շատ հաւանական է որ վախցած նման քայլ մը առնելէ, որովհետեւ հոն կար նաեւ մեծ թիւով հակաիթթիհատական զանգուած մը, որ դէմ էր հայահալած քաղաքականութեան պատերազմին:

Կար նաեւ ուրիշ վտանգ մը, որ ամբողջ քաղաքին պիտի սպառնար: Քաղաքին տուները եւ նոյնիսկ պաշտօնատուներն ու կարգ մը պալատներ տախտակաշէն էին, որոնք նոյնիսկ լուցկիէ մը կրնային անմիջապէս բռնկիլ եւ հրդեհ յառաջացնել ամբողջ քաղաքին մէջ, որուն առաջքը առնելը շատ դժուար կամ անկարելի կրնար ըլլալ: Պետութիւնը հրշէջ չունէր:

Խաղաղ տարիներուն ես ականատես եղած էի քանի մը հրդեհներու, որոնք յաճախ սրբած տարած էին հազար, երկու հազար եւ նոյնիսկ երեք հազար տուներ քանի մը ժամուան մէջ: Արդ՝ տեղահան եղող հայը պիտի չուզէ՞ր տան շիշ մը կազ թափել եւ զայն այրել, փոխանակ իր դրացիներուն կամ կառավարութեան ձգելու: Տեսած եմ որ այրող տուներուն խոշոր գամերը կրակէն կաս կարմիր դարձած հարիւր եւ աւելի մեթր հեռուները ցատկելով հրդեհ կ’առաջացնէին մօտակայ կամ հեռաւոր թաղերը:

Իմ կարծիքովս Պոլիսը շատոնց մոխրայկոյտի մը կը վերածուէր եթէ թիւրք կամ հայ յեղափոխականները իրենց յուսահատական մէկ պահուն ուզէին նման միջոցի մը դիմել, անշուշտ իրենք ալ միասին այրելու պայմանաւ: Անշուշտ տեղահան եղող հայը, տրամաբանականօրէն պիտի փորձուէր նման միջոցի դիմելու, փոխանակ երթալու անապատները անօթի ու հիւանդ մեռնելու կամ չարչարուելու. տեղւոյն վրայ մեռնիլ քանի մը հարիւր հոգի ալ միասին  մեռցնել, ինչպէս յոյն յեղափոխականները ըրին, առանց տատամսելու 1894-95 թուականներուն, իրենց գրաւած բերդը օդը հանելով իրենց հետ միասին:

Հայը բազմաթիւ հերոսական արարքներով հռչակ հանած էր շատոնց:

Տասնը հինգ օրուայ ընթացքին ծանօթացայ նաեւ Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ այլ մէկ քանի քաղաքներու հերոսամարտերու պատմութեան եւ քանի մը հազար հայերու բնաջնջման. ուստի մէջս աւելի զօրացաւ այս երկրէն փախչելու ծրագիրս դէպի Պուլկարիա:

Առաջին անգամ ըլլալով այցելութիւն մը տուի սիրածս աղջկան տունը, որոնք անակնկալի եկան զիս ողջ եւ թրքական սպայի տարազով տեսնելնուն համար: Ո՛չ մէկ ակնարկ եւ ո՛չ մէկ սիրատոչոր ակնարկութիւն, քանի որ ես տակաւին ենթակայ էի իբր սպայ շատ մը վտանգներու եւ չէի ուզեր այդ անմեղ ու նորահաս աղջկան միտքը եւ հանգիստը վրդովել: Ինչո՞ւ պիտի չմտածէի նաեւ մերժման կամ անտարբերութեան մը պարագային՝ իմ յուսալքումիս:

Պատերազմէն առաջ իմ նստած ճաշարանս ի հարկէ ձմեռ ըլլալուն լքուած վիճակ մը ունէր, եւ սակայն վստահաբար ամրան ալ նախկինին նման յաճախորդներ չէր կրնար ունենալ: Տղամարդիկ զինուոր, իսկ կիները տրտում ու տխուր, իսկ կեանքը՝ սաստիկ սղած: Ո՞վ կը փորձուէր հոն երթալ օղի կամ գարեջուր խմելու եւ ուտելու: Մինչդեռ երկու տարի առաջ հոն եղողները շատեր աթոռ ու սեղան չգտնելով ետ կը դառնային: Ես ալ միասին բերած 15 օսմանեան ոսկիս 15 օրուան մէջ սպառելով դարձայ Էտիրնէ՝ զօրանոց:

Ութ տասը օր յետոյ շրջաբերական մը ստացանք զինուորական կեդրոնէն, ուր կ’ըսուէր թէ Մուսթաֆա Քէմալ փաշա պիտի բաժնուի մեր զօրաբանակէն եւ կ’ուզէ հրաժեշտի քանի մը խօսք ընել իր սպայ ընկերներուն, ուստի կը սպասէ բոլորին զինուորական ընդհանուր կեդրոնը:

Որոշեալ ժամուն ես ալ գացի, ուր հաւաքուած էին Տարտանէլի պատերազմին մասնակցող բոլոր սպաները:

Քիչ յետոյ խոշորակազմ եւ երկարահասակ, կանաչ աչքերով, եւ քիչ մըն ալ կանաչի զարնող մորթով, թաթարական դիմագիծով, Մուսթաֆա Քէմալ փաշան, կուրծքը շքանշաններով զարդարուած եւ յոխորտ նայուածքով, ինքնահաւան արտայատութեամբ հերոսը՝ որուն հրամանին տակ 4-5 ամիս կռուած էի եւ որուն կը հանդիպէի առաջին եւ վերջին անգամ, կանգնեցաւ մեր դիմաց: Ան դեռ քաղաքական մարդ չէր, այլ զինուոր:

Քանի մը պոռոտ բառերով վերյիշեց Անաքարթայի պատերազմը, ուր միասին կռուած էինք թշնամիին հետ եւ զանոնք ծովը թափած կամ թերակղզիէն շպրտած եւ հայրենի հողը մաքրած, խոստանալով նոյն հոգիով պատերազմիլ, մինչեւ անոնց վերջնական պարտութիւնը, եւ այլն: Եւ մնաք բարով ըսելով ներս մտաւ: Քովս կեցող տեղակալս կամաց մը ինծի ըսաւ. «Կլլեցի՞ր»: Ես միայն թեթեւ քմծիծաղ մը ունեցայ:

Հոն կեցող քանի մը սպաներ իրարու առաջարկեցին մինչեւ կայարան երթալ Պուլկարիոյ սահմանէն ներս, որովհետեւ այդ օր սպաները կրնային առանց արտօնագրի սահմանը անցնիլ եւ կայարան երթալ:

Ուրեմն առիթ մըն էր առանց դժուարութեան եւ ձեւակերպութեան Պուլկարիա անցնելու: