Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Գլուխ 3

Դէպի Պուլկարիա


Երկու կարեւոր պարագաներու շուրջ սակայն շատ կը մտահոգուէի, նախ գրպանս միայն երկու ղրուշ դրամ կար, այսինքն մէկ օրուայ ծախս, եւ զօրանոց երթալ գալու ոչ մէկ կարելիութիւն, հակառակ իմ եւ զինուորիս ձի ունենալուն, յետոյ պէտք էր բացարձակ գիտնայի որ իբր սպայ, զիս պիտի՞ չյանձնէին թուրքին, որուն հետեւանքը պիտի ըլլար իննիսունինը առ հարիւր գնդակահարուիլ կամ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ: Ինքզինքս այս սոսկալի վտանգին դիմաց պէ՞տք էր դնէի: Պուլկարիա զինակից էր թուրքին եւ կը կռուէին միասին թշնամիին դէմ. պիտի մերժէ՞ր յանձնել թուրքին:

Ահա պարագաներ, որոնք պաղարիւն դատելու համար կապարի նման սիրտ պէտք էր ունենայի: Ուստի պողոտային եւ քովնտի փողոցներուն մէջ դեգերեցայ կէս ժամէն աւելի, յուսալով ծանօթ սպայի մը հանդիպիլ եւ քանի մը ոսկի փրցնելու եւ մանաւանդ պաղարիւնս գտնելու: Կը դողայի տենդէ բռնուածի պէս, ամբողջ մարմնով եւ անզուսպ կերպով: Կը զգայի որ գոյնս նետած էր սոսկալիօրէն եւ կ’ապրէի կենաց մահու պահ մը: Հանդիպեցայ ծանօթ սպայի մը եւ առի գպանը ունեցած մէկ օսմ. ոսկին, սրտի ու խղճի խայթով, որովհետեւ ըրածս խաբեբայութիւն էր բացարձակապէս: Իմացած էի որ առաջին անգամ խաբեբայութիւն ու գողութիւն, մանաւանդ ոճրագործութիւն փորձողը հոգեկան զօրաւոր ցնցում կ’ունենայ. ես ունեցայ եւ մինչեւ հիմա կը վերյիշեմ, որովհետեւ ան լաւ երիտասարդ մըն էր, պէտք էր քանի մը օր յետոյ առանց հասցէն տալու նամակով մը փախուստով պատճառը գիտցնել եւ դրամը չկարենալ ղրկելուս համար իրմէ ներողութիւն խնդրել առաւ-փախաւի տպաւորութիւնը քիչ մը մեղմելու համար:

Այդ սպային դրամը առնելուս պէս ձիուս գլուխը դարձուցի դէպի կամուրջ: Սպասաւոր զինուորս, որ իմ նպատակս եւ հոգեկան վիճակս չէր կրնար գիտնալ, համարձակեցաւ ինծի հարցնել, թէ «Կայարան պիտի երթա՞նք», «Այո» ըսի, «ինծի հետեւէ եւ արագ»: Մուսթաֆա, որ քիլիսցի էր եւ ինծի պէս հայ սպայի մը հրամանին ենթակայ ըլլալու գոհունակութիւնը ունէր, ձին խթանեց եւ հետեւցաւ ինծի:

Պողոտան պարտէզներու մէջ բացուած լայն եւ սալարկուած քարուղի մըն էր դէպի Գարա-Աղաճի կայարանը, մօտ մէկ քիլոմեթր երկարութեամբ, որուն վրայ աշխարհագրական գիծ մըն է սահմանը, ուր կեցած են կողմերու սահմանապահ եւ սուինաւոր զինուորները մօտաւորապէս քսանհինգ մեթր իրարմէ հեռու:

Ես տակաւին սահմանը չէի հասած, փաշան եկաւ անցաւ եւ ինքնաշարժէն իջնելով հոն կեցած սպաներուն հետ տեսնուելով նստաւ ինքնաշարժը, անցաւ դէպի կայարան: Ես ձիէս իջնելով սպաներուն մօտեցայ, որոնք սկսած էին իրենց ձիերը նստիլ վերադառնալու համար զօրանոց, բացի մէկ հազարապետէ եւ կցորդէն, որոնք ձիերը հեծնելով քշեցին դէպի կայարան, առանց արտօնագիր ցոյց տալու:
Ես եւ զինուորս ալ ձիերնիս հեծնելով մօտեցանք պահակ ոստիկանին, որ բարեւի կենալով կը սպասէր անցքիս:

Առ ի զգուշութիւն հարցուցի, ո՞ր անցքը ազատ է: Զինուորական ոստիկանը գիտցածս շեշտեց, որ սպաները այդ օր ազատ էին առանց արտօնագրի կայարան երթալու:

Ոստիկանը եւ հրացանակիր զինուորը իրենց զէնքերով զինուորական բարեւի կեցած, ձգեցին որ անցնիմ, իսկ քանի մը մեթր անդին կեցած պուլկար հրացանակիրը իր զէնքով բարեւի կեցաւ անցքիս: Ես վերջին անգամ ըլլալով՝ զինուորական յարգանքի արժանանալով ընդմիշտ կը հեռանայի զինուորական ասպարէզէն եւ արիւնաշաղախ հայրենիքէն սրտատրոփ ու գունաթափ:

Հոգեկան կարճ փլուզում մը ունեցայ ակամայ. կը հեռանայի երկրէ մը՝ ուր ապրած էի իբր ե՛ւ մանուկ ե՛ւ խելահաս պատանի, որուն բազմաթիւ անուշ եւ դառն յիշատակներով կապուած էի անքակտելիօրէն, ուր կը ձգէի նաեւ Սկիւտարի անուշիկ աղջիկը, ուր կը ձգէի թերեւս տակաւին ողջ ազգականներ, որոնք հաւանաբար կիսամերկ ու անօթի կը թափառէին Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, պատառ մը հացի ի խնդիր. թերեւս մայրս ալ:

Վերջապէս հասայ Գարա-Աղաճ կայարանի մօտակայ թաղերէն մին: Ձիէն իջայ եւ զայն յանձնեցի զինուորիս, յանձնաարարելով սպասել հոն ու մտայ քովնտի փողոցներէն մին, գտնելու համար պուլկար զինուորական կեդրոնը. բայց նախ ուզեցի գտնել տեղացի հայ մը, որ զիս առաջնորդէր եւ թարգման ըլլար, քանի որ բառ մը պուլկարերէն չէի գիտեր, անշու՛շտ:

Քանի մը ամիս առաջ հոն, խանութներու վրայ, կարդացած էի հայերէն գրուած հայու անուններ, սակայն անոնք բոլորն ալ փոխուած էին պուլկարերէնի, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ հայը ազատ էր թրքերէն կամ հայերէն գրել իր անունը:
Հանդիպեցայ գիւղացիի մը, թէ արդեօք խանութպան մը կը ճանչնա՞ր որ հայ ըլլար: Մտայ խանութ մը, ուր երեք երիտասարդներ նստած կը խօսակցէին: Զիս տեսնելով լռեցին: Թուրքերէն բարեւեցի եւ հարցուցի թէ հա՞յ են: Զարմանքով եւ հարցական նայեցան ինծի եւ քիչ մը արհամարհական՝ «Այո, հայ ենք, ին՞չ կ’ուզես»:

«Ես ալ հայ եմ եւ կ’ուզեմ փախչիլ. որո՞ւ դիմելու եմ եւ ձեւակերպութիւն մը կա՞յ»:
«Եկո՛ւր քեզ հայոց դպրոցը տանինք, վերջը ձեւակերպութեան կ’անդրադառնանք», ըսելով երկուքը ոտքի ելան:

«Սպասեցէ՛ք վայրկեան մը, դուրսը ձիուս վրայ ձեռք մը քաղաքացիի հագուստ կայ, առնեմ եւ գամ», ըսի:

Դարձայ քովի փողոցը, ուր զինուոր մը զիս կը սպասէր եւ խուրջինիս մէջէն «հագուստս» առնելով զինուորիս՝ Մուսթաֆային ըսի, որ ինք Էտիրնէ դառնայ, ես յետոյ կառքով կը վերադառնամ զօրանոց:

Այդ երիտասարդները զիս տարին դպրոց, ուր կային 7-8 փախստական զինուորներ եւ անոնց կարգին այն երիտասարդը, որ եկած էր Էտիրնէ, փախչելու մաքսանենգերու հետ եւ յաջողած: Զինուորական հագուստս հանելով, մտայ անոնց կարգին civil հագուստովս:

Երկու երեք օր յետոյ ներկայացանք ոստիկանատան աղային: Փախստական զինուորներուն անունները արձանագրելով գոհացաւ, իսկ զիս աւելի երկար հարցաքննութեան ենթարկեց կամ կասկածելուն, կամ թուրքին մէջ տիրող քաղաքական, զինուորական եւ այլ հարցերու մասին: Ու ես ըսի գիտցածներս, որոնք արձանագրեց եւ ըսաւ որ յաջորդ օրը ներկայանանք, որպէսզի մեզ Ֆիլիպէ (Ֆիլիպօ-Փօլիս) ղրկէ, ուր պիտի որոշուէր մեր բնակավայրը:

Երկու օր յետոյ մեզ հսկողութեան տակ մեզի ճամբայ հանեցին Ֆիլիպէ, ուր մեզ փակեցին մանր ոճիրներով եւ առաւ փախաւութեամբ կասկածելի ամբաստանեալներու քով, ոստիկանութեան հսկողութեան ներքեւ: Սենեակ մը, սոսկալի աղտոտ ու նեխած: Գիշեր մը վայելեցինք այդ պատիւը եւ առտու արտօնեցին մեզ իջնել քաղաք եւ քանի մը ժամ այցելել մեզի ազգակից, բարեկամ, ազգականներու, եթէ ունէինք, եւ իրիկունը դառնալ հոն:

Էտիրնէի մէջ ծանօթացած այդ երիտասարդը ինծի պէս կուսակցական էր, միասին դիմեցինք այդ կուսակցութեան եւ այլ տեղացի հայ ազգայիններու, որպէսզի միջոց մը գտնեն մեզ Ֆիլիպէ պահելու, բայց անոնք յայտնեցին որ կարելի չէ, որովհետեւ զինուորական իշխանութիւնը կը մերժէ հետզհետէ փախստական զինուորներուն հոն մնալը, թիւրք կառավարութեան դժգոհութեան տեղի չի տալու համար:

Ընկեր Դաւիթ հոն կը ճանչնար պոլսեցի հայ ընտանիք մը, որոնց մեծ աղջիկը ուսանած էր Զուիցերիա եւ լաւ գիտէր գերմաներէն եւ բարեկամացած քաղաքի ոստիկանապետին կնոջ հետ, որ գերմանացի էր: Այդ կինը մեր կացութիւնը իմանալուն պէս գնաց խնդրեց գերմանացի կնոջ, որպէսզի բարեխօսէ իր ամուսնոյն, այսինքն ոստիկանապետին: Ոստիկանապետը յայտնեց որ որոշուած է մեզ, այսինքն փախստականներս հեռացնել քաղաքէն, սակայն խոստացաւ ինձ եւ Դաւիթը քանի մը օրէն ետ բերել:

Յաջորդ առաւօտ մեզ ճամբայ հանեցին եւ կէսօրուայ մօտ հասանք մայրաքաղաք Սօֆիա: Կոկիկ եւ լայն պողոտաներով աղուոր քաղաք մը: Հոն ալ գտանք կուսակցութեան ներկայացուցիչը, որուն Պոլսէն ծանօթ էի, բայց ան ալ չի կրցաւ անմիջապէս օժանդակութիւն մը ընել մեզի ու քանի մը ժամ յետոյ ճամբայ ելանք դէպի Վրատա գիւղաքաղաքը, նոյնպէս կոկիկ ու մաքուր, սունկի պէս դաշտերուն մէջ թառած բարձր եւ ապառաժոտ լերան մը ստորոտը հաստատուած, ուր ո՛չ հայ կար եւ ո՛չ ալ թրքախօս:

Յաջողեցայ զինուորական հագուստներս եւ սուրս ծախել եւ քանի մը օրուայ ապրուստս ապահովել: Յետո՞յ. առանց դրամի, առանց լեզուի, առանց արհեստի ինչպէ՞ս պիտի կարենայի ապրիլ: Բայց տակաւին փախուստիս համար չէի զղջար, քանի որ երիտասարդ էի եւ կրնայի աշխատիլ:

Երկու երեք օր յետոյ Ֆիլիպէէն հրաման եկաւ ու մենք երկուքս դարձանք հոն: Ի՞նչ ըրի հոն. պազարը բաներ մը ծախել ուզեցի, չեղաւ: Փողոցի մը անկիւնը կեռաս ծախել ուզեցի, չեղաւ: Դպրոցը ուսուցիչ ըլլալ ուզեցի, չեղաւ, քանի որ գրաւուած էր: Ծխախոտի գործարանը աշխատեցայ ամիս մը, եւ շատ ծանր ըլլալուն վախցայ առողջութիւնս վրայ տալ. ձգեցի:

Գտայ քանի մը պոլսեցի հայ պատանիներ եւ անոնց սկսայ դասեր տալ սենեակիս մէջ: Պոլսէն քանի մը հայ ընտանիքներ անցագրով եկած էին Ֆիլիպէ: Անոնք չէին ուզեր իրենց պատանի տղաքը Ազգային վարժարան ղրկել, որովհետեւ ազգային վարժարանները ենթակայ էին պետական ծրագրին եւ կանոններուն եւ պուլկարերէն լեզուով դասաւանդութեան:

Կեանքը օրէ օր սկսած էր սուղնալ Պուլկարիոյ մէջ եւ որոշ բաներ մինչեւ տասնհինգ քսան անգամ. եւ նոյնիսկ յաճախ շուկայէն անհետացած: Զինուորական կարիքները գրաւուած վճարելի տոմսերով պատերազմէն յետոյ, ի հարկէ եթէ յաղթական ելլէին, այլապէս փոխարժէքը պիտի ցնդէր: Խանութները անհետացած էին, հագուստեղէնները, սննդեղէնը, երկաթեղէն, պղնձեղէնները, օճառը եւ այլն: Սեւ շուկան առած գացած ամէն բանի համար, հացը տոմսակով պիտի ստանային օրական եւ պոչ բռնելով. եւ վայ անոր որ կ’ուշանար, ան ալ առհասարակ ի՞նչ հաց: Կորեկը, այսինքն եգիպտացորենը իր կոթով եւ թելերով ազատուած եւ խաշած ու երկաթէ քառանկիւն ամաններով փուռը եփուած, քառանկիւն կտրտուած մօտաւորապէս մէկ քիլօ ծանրութեամբ, մարդագլուխի մը մեծութեամբ: Քանի տաք էր, երբ պատառ ընէի հարիւրաւոր թելեր կը ցուցաբերէր եւ քիչ մըն ալ քաղցրահամ. մասամբ «փանփանքա»ի համով:

Իսկ երբ պաղէր, զայն կտրելու համար ուրագ հարկաւոր էր կամ գոմէշի կզակ եւ ակռայ: Իսկ եթէ յաջորդ օրը մեծ պէտքի նստէիր, հաստ չուան պէտք էր, զայն քաշել եւ քաշելու համար…:

Պուլկարիա երկրագործ եւ արջառաբոյծ երկիր էր, ուր էր ուրեմն իր ցորենն ու արջառը: Դէպի Գերմանիա եւ Աւստրիա ղրկուած զինակիցները կերակրելու: Կաթն ու մածունն ալ անգտանելի դառնալ սկսաւ, որովհետեւ երկրագործերը ռազմադաշտ էին եւ իրենց տեղը ձգած էին կիներուն եւ պատանիներուն:

Օրին մէկը մեզ, այսինքն հայ փախստականները զօրակոչի ենթարկեցին: Բայց պուլկար կառավարութիւնը կրցաւ թուրք կառավարութիւնը համոզել, որ մեզ փոխանակ Թուրքիոյ յանձնեն իբր զինակից, իր բանակին մէջ ծառայութեան կանչել: Բայց փոխանակ զէնքի տակ առնելու, առաւ արհեստանոցներու մէջ: Ես ալ ներկայացայ յանձնախումբին, սակայն հոն արձանագրուած յայտնի վարպետ դերձակ մը, ինծի աչք ըրաւ որ դուրս ելլեմ եւ կրցաւ 19 տարեկանի անձնաթուղթ մը ճարել եւ ես տարի մը եւս զերծ մնացի զինուորութենէ: Ի հարկէ սպայութենէ փախչիլ եւ օր մըն ալ իբրեւ պարզ զինուոր պուլկար բանակի մէջ, հայի մը փոխարէն ինծի համար մեծ հարուած մը պիտի ըլլար:

Տարի մը յետոյ եղայ դարձեալ քսան տարեկան եւ նորէն ենթարկուեցայ զօրակոչի: Հոն մունետիկ մը պզտիկ թմբուկի մը կը զարնէ հրապարակին վրայ քանի մը անգամ եւ կը հրաւիրէ ենթակաները ներկայանալու պաշտօնատուն արձանագրութեան: Անմիջապէս գացի տուն եւ տրուած անձագրիս թուականը տարի մը եւս պզտիկցուցի եւ ազատ մնացի: Զեղծարարութիւնս աննշմար անցաւ, որովհետեւ ես պուլկար հպատակ չէի եւ պուլկար կառավարութիւնը բարեացակամ էր հայ փախստական զինուորականներու հանդէպ:

Օրին մէկը գաղափարն ունեցայ Կարմիր խաչի միջոցաւ եւ Եգիպտոսի ճամբով «քարթ» մը ղրկել հալէպցի յայտնի վաճառականի մը, որ ան զայն փոխանցէ մէկ քեռայրիս, որ իրեն յաճախորդ էր եւ անունը ինծի ծանօթ: Երեք չորս շաբաթ յետոյ անակնկալօրէն քրոջմէս ստացայ պատասխան մը, որ կը յայտնէր երկու քոյրերուս եւ մօրաքոյրերուս, երեք տղաներուն եւ քեռորդիներուս հինգ հատին ողջութիւնը Հալէպի մէջ: Այս հրաշքը մտքով զիս փոխադրեց անոնց քով եւ սկսայ թղթակցիլ անոնց հետ, նոյն ճամբով:

Իսկապէս միջազգային «Օգնութեան խաչը» բարիք մ’էր եղած, մանաւանդ թափառական հայերուն համար: Բայց տարիներ յետոյ տեղեկացայ որ անիկա չարաշահութեան աղբիւր է եղած նաեւ կարգ մը առաւ-փախաւներու, մասնաւորաբար Հալէպի մէջ:

Երկու քոյրերուս, մէկ քեռայրիս եւ անոնց զաւակներուն ողջ՝ եւ Հալէպ ըլլալը բնականաբար աչքերս դարձուցին դէպի Թուրքիա եւ վերապրեցայ բոլոր հին յուշերս:

Իրականութեան մէջ ի՞նչ է հայրենիքը. օդին, ջուրին, հողին եւ ծնողի ու ազգականներու հետ անշօշափելի, բայց խիստ զօրաւոր կապը, եւ հին յիշատակներու հաւաքատեղի մը:

Մօրաքրոջս տղաքներէն մին օրին մէկը ինձ փոստով 10 օսմանեան ոսկի ղրկեց, իսկ Պոլսոյ մէջ ձգած հագուստներս, բուրդէ անկողինս եւ վերմակս ծախելով հայրենակիցներս ինծի ղրկեցին 5 օսմ. ոսկի: Այս դրամները նստիլ ուտելը որքանո՞վ առողջ գաղափար մըն էր: Հարկ էր քիչ մը աւելի զգոյշ եւ գործնական ըլլալ: Ուստի ձգեցի դասաւաանդութիւնը եւ ուզեցի արհեստ մը սորվիլ եւ մտայ հայ կօշկակարի մը մօտ, որ կը խոստանար ինծի արհեստը սորվեցնել քիչ ժամանակէն, որովհետեւ այդ արհեստը համեմատաբար աւելի դիւրին էր. հինգ վեց ամիս յետոյ հասկցայ որ այդ մարդը ստախօս մըն էր եւ բան սորվեցնել պիտի չուզէ:

Կեանքի սղութիւնը սոսկալի համեմատութիւններու հասած էր. ուստի այդ դրամները նստիլ ուտելու տեղ, որոշեցի սեւ շուկայ իջնել: Մէկ ճախարակ դերձանը՝ 2 լէւա, լէւան պուլկարական մօտ 1 ֆրանքն էր. բարձրացած էր 40ի: Մէկ զոյգ գուլպան մէկ ու կէս լէւայէն բարձրացած էր 30-40 լէւայի. մէկ մեթր տպածոն մէկ ու կէս երկու լէւայէն 25-30 լէւայի:

Այս ապրանքները խանութներուն մէջ չէին ծախուեր, այլ գաղտնի եւ ձեռքէ ձեռք առասպելական գիներով. մինչ վաճառատուները պարապ չէին:

Վաճառականը պահած ապրանքը վստահելի միջնորդով մը ծախելու ստիպուած էր, իսկ գնորդը նոյնպէս գաղտնի՝ գնելու համար պէտք ունէր վստահելի միջնորդի: Շատ անգամ գնող ծախողները զիրար չէին տեսներ: Հրեայ զինուոր մը շաբաթը երկու երեք անգամ կու գար ինձմէ եւ իմ միջոցաւս զանազան ապրանքներ կը գնէր եւ ինծի ալ կոկիկ գումար մը կը ձգէր, անշուշտ իր զինուորական մեծաւորներու թոյլտուութեամբ եւ գիտակցութեամբ: Տեղացի երիտասարդութիւնը իբր զինուոր եւ սպայ ծանր եւ ճակատագրական օրեր կ’ապրէր ճակատներու վրայ: Ասպարէզը մնացած էր մեզի պէս միջնորդներու: Վերջապէս քանի մը յաջող գործերու շնորհիւ սկսայ մարդու պէս ապրիլ եւ մարդու պէս հագուիլ: Կարճ խօսքով սկսաւ կեանքը ինծի ժպտիլ ու ես ալ կեանքին ժպտիլ:

Իմացած էինք նաեւ քաղաքական ծանր վերիվայրումներու մասին, թէ Ռուսիոյ մէջ յեղափոխութիւն տեղի ունեցած էր եւ երկրին ղեկը անցած է մէնշէվիքներուն: Մէնշէվիք կուսակցութիւնը ծանր տագնապի մէջ էր եւ սկսած էր լքել իր դիրքը, եւ տեղը անցած էր պոլշեվիք կուսակցութիւնը, թէ Ցարը լքած էր Փէթէրսպուրկը եւ ընտանիքով ապաստանած էր Սիպերիոյ մէջ, կռուող Կեներալ Քօլչաքի հրամանին ու ան ալ պարտուելով ջարդուած էր պոլշեվիքներէն, թէ Գերմանիա, Աւստրիա եւս ծանր կացութեան մէջ էին Ամերիկայի պատերազմին մտնելով: Ռուսիա լքած էր կովկասեան ճակատի պաշտպանութիւնը եւ Զօրավար Տենիքինի զօրաբանակը Սեւ ծովու հիւսիսային եզերքներուն մօտ կը կռուի պօլշէվիք ուժերու դէմ. բոլոր այս ներքին վերիվայրումը արդիւնք էր գերմանական քաղաքական եւ ռազմական խաղերուն եւ թէ Կովկասի մէջ Գերմանիոյ ճնշումով կազմուած էր վրացական, թաթարական եւ հայկական եռապետութիւն մը ի հեճուկս Թուրքիոյ:

Սակայն կովկասեան ճակատի զինուորները ռազմաճակատը լքելով, դէպի տուն ճամբայ բռնած էին եւ թիւրքերն ալ առիթէն օգտուելով դէպի Թուրան ուզեցին յառաջանալ, ոտնակոխ ընել փորձելով եռապետութիւնը, մանաւանդ Հայաստանը, որ ճամբուն վրայ կը գտնուէր:

Բոլոր այս կիսկատար եւ շփոթ լուրերը մեր ականջին կը հասնէին պատահական ճամբորդներէ եւ երբեմն կը յուսալքէին կամ հակառակը կ’ոգեւորէին մեզ՝ հայերս: Այդ օրերուն Պուլկարիա կը շարունակէր կռուիլ Սելանիկ ելած կեներալ Սարայի ուժերուն հետ, բայց անպաշտօն լուրերը կը հաստատէին կացութեան ծանրութիւնը զինակիցներուն, ուր սկսած էր ամէն բան պակսիլ, իսկ Ամերիկայի ռազմաճակատ իջնելով համաձայնածներուն մօտ ամէն ինչ աւելնալ: Օրին մէկը ձեռքերնիս հասաւ ֆրանսերէն թերթ մը (եթէ չեմ սխալիր) «Matin» ուր մեծ ոգեւորութեամբ կարդացինք մօտաւորապէս այսպէս՝ «Անգլիոյ վարչապետ Ասքուիթ հայերուն ակնարկելով կ’ըսէ. Մեր փոքր դաշնակից հայերը» եւ այլն: Այս ակնարկութիւնը մեզ մօտ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ մեզ մղեց զանազան ձեւի ենթադրութիւններու ապագայ Հայաստանի մը մասին: Քիչ անդին նստած էր մեծ փորով ծեր աղուէս, Պոլսոյ «Բիւզանդիոն» թերթի արտօնատէր, խմբագիր Բիւզանդ Քէչեան, որ Պուլկարիա եկած էր անցագրով քանի մը ամիսէ ի վեր եւ երբեմն այդ սրճարանը կու գար սուրճ խմելու. դառնալով մեզի ըսաւ. «Մի՛ այդքան խանդավառուիք տղաք, մեզի բան մը չեն տար»:

Այս պաղ ջուրը տղաքը չափազանց գրգռեց եւ երբեմները իրեն ծանօթ կամ ոչ (Ես դէմքով կը ճանչնայի զինք) փորձուեցան մարդուն վրայ յարձակիլ, սակայն մէկ քանին ինծի ձայնակցելով ըսինք՝ մարդը բաւական ծեր է, կրնայ հետեւանքը ծանր ըլլալ: Ապագան իր վճիռը պիտի տայ: Ապագան ի նպաստ իրեն վճիռը տուաւ: Մենք փոքր զինակիցներս բան մը չառինք. մեր մէկ ու կէս միլիոն հայուն արիւնն ու դարաւոր կալուածները մեր մեծ զինակիցները թիւրքին ձգեցին եւ ձեռքերնին լուացին:

Ես ծանօթացած էի «Բիւզանդիոն» թերթին քանի մը քաղաքական տեսութիւններուն, հօրմէս մնացած բաւական ճոխ գրադարանէն, բայց իբր պատանի եւ քաղաքական հարցերու մասին գրեթէ անտեղեակ: Իսկ Պոլսոյ մէջ կարդալով անոր տեսութիւնները, տպաւորուած էի իբր հակայեղափոխական եւ պահպանողական թերթ: Իմացած էի նաեւ որ օր մը զինք ծեծած էին ազգային կարգ մը ելոյթներուն պատճառաւ: Ինչպէս վերը ըսի, ժամանակը եւ դէպքերը մասամբ իրենպէսներուն իրաւունք տուին:

Վերջապէս 1918-ի Նոյեմբերի սկիզբները կարդացինք օտար եւ պուլկար թերթերու մէջ զինադադարի մասին, ստորագրուած բոլոր ճակատներուն վրայ, առանց պայմանի, բազմատեսակ յոյսեր ներշնչելով մարդկութեան, մանաւանդ մեզ՝ հայերուս:

Համոզուեցայ որ Պուլկարիոյ մէջ ինծիպէսներուն համար հաց չի կար. աճապարեցի առաջին առթիւ վերադառնալ Պոլիս:

Սելանիկի ուժերէն խոշոր քամիոններով ցամաքային ուժեր փոխադրած էին Պոլիս եւ գրաւած քաղաքին կարեւոր կէտերը: Ամերիկեան, անգլիական, ֆրանսական, իտալական, ճաբոնական եւ այլ զրահաւորներ գրաւած էին Տարտանէլի եւ Վոսփորի ջրանցքները եւ հսկողոութեան տակ առած քաղաքը եւ նաւահանգիստը:

Իթթիհատական կառավարութիւնը տապալած՝ եւ անոր գլխաւոր ղեկավարները անյայտացած էին:

Դաշնակիցները Պոլիսը եւ նեղուցները գրաւած էին այժմ առանց կռիւի, բայց թուրքի հողամասին մէկ պզտիկ մասին, որովհետեւ Անատոլիի հսկայ մասը կը մնար թուրքերուն տիրապետութեան տակ, հակառակ զինադադարին:

Եթէ երկու տարի առաջ Տարտանէլի պատերազմը շահէին նոյն բանը եւ թերեւս աւելի գէշ կացութեան մը պիտի մատնուէին, որովհետեւ Անատոլուն ալ գրաւելու բաւարար ուժ չունէին: Ժամանակին ծրագրեցին Մերսին կամ Այաս զինուոր իջեցնել, բայց չհամարձակեցան նման փորձ մը ընել, որովհետեւ գոնէ մէկ միլիոնէն աւելի զօրք եւ ըստ այնմ ռազմամթերք բերել տային հոն: Միջերկրականը շատ մեծ էր, բայց իրենց համար ալ շատ վտանգաւոր աւազան մըն էր: Ո՞ր ճակատէն պիտի կարենային այդքան զինուոր քաշել. պարենաւորուելու եւ պաշտպանուելու միջոցը բնաւ չունէին:

Ֆրանսա զինադադարի բերմամբ գրաւած էր Կիլիկիան, Անգլիա գրաւած էր Ռօտոս կղզին, իսկ Իտալիան մաս մը զինուոր իջեցուցած էր Ատալիա եւ յառաջացած մինչեւ Գոնիայի նահանգին մեծ մասը: Ըստ համաձայնութեան Ֆրանսայի հովանաւորութեան պիտի ենթարկուէր Կիլիկիան, Սուրիան, Լիբանանը եւ լայն հողաշերտ մը դէպի արեւելք մինչեւ Մուսուլի նահանգը, մէջը առած Մուսուլը:

Իսկ Անգլիոյ հովանաւորութեան պիտի ենթարկուէր Քէրքուքէն դէպի հարաւ Պաղտատը, Պասրան եւ դէպի արեւմուտք Կարմիր ծովը եւ Միջերկրականն մէջը առնելով այժմու Ամման, Պաղեստին հողամասերը:

Ամերիկա, հաւատարիմ նախկին նախագահներէն Մընրոյի վարդապետութեան, այսինքն՝ Ամերիկան՝ ամերիկացիներուն սկզբունքին, պիտի քաշուէր Ամերիկա, այսինքն իր պատեանին մէջ եւ անտարբեր մանաւանդ Անգլիա, Ֆրանսա գզուըրտուքին, յանգեցաւ յետոյ Կիլիկիոյ պարպումին եւ Մուսուլի նահանգին Իրաքի ձգուելուն:

Այս վէճը լուծելու համար, Ֆրանսայի վարչապետը եւ վագր յորջորջուող Քլէմանսոյին խորհրդական մասնագէտներէն մին յիշեցուց, որ ինչպէ՞ս կարելի է Մուսուլը անգլիական հովանաւորութեան ձգել, ուր քարիւղի հանքեր կան. վարչապետ Քլէմանսօ քմծիծաղով ըսաւ՝ քարիւղի հանք կա՞յ. բայց խանութները քարիւղ լեցուն են: Այս զիջողութիւնը ըրաւ, որպէսզի Անգլիա յարգէ Կիլիկիա, Սուրիա եւ Լիբանանի շուրջ եղած մասը: Անգլիա յարգեց այդ մասը գուցէ առ երես եւ գուցէ յետոյ ինք ալ քաջալերեց Քէմալը, որպէսզի Կիլիկիան պարպեն ֆրանսացիները, մասամբ դաւաճանօրէն եւ այսպէս ստեղծուին Այնթապի կռիւները եւ մանաւանդ Ուրֆայի պարպումը եւ վաշտ մը զինուորներու ջարդը, ինչպէս նաեւ Հաճընի ջարդը եւ Մարաշի հայերուն ջարդը քէմալականներու կողմէ: (Թերեւս կ’ըսեմ):

Պէտք է վերյիշել Անգլիոյ վարչապետ Ասքուիթի երեսփոխանական ժողովի մէջ հայերուն մասին ըրած յայտարարութիւնը. «Մեր փոքր զինակից հայերը» եւ այլն: Անոնք առաջին վարձատրութիւններն էին մեր «մեծ» զինակիցներուն կողմէ:

Թուրքին հետ զինադադարը միայն իրենց համար էր. փոքր զինակից հայերը պէտք էր դեռ ջարդուէին այս շրջաններուն մէջ եւ թրքական մէկ զօրաբանակը, Ալի Իհսան փաշայի հրամանատարութեան տակ, յարձակի Հայաստանի վրայ եւ զայն կոխկռտելով անցնի Թաթարեստան եւ Պաքու, իրականացնելու դէպի Թուրան ծրագիրը:

Եռապետութիւնը լուծուած ըլլալով, Հայաստան առանձին դիմաւորեց թուրք բանակին եւ յաջողեցաւ շահիլ Սարդարապատի ճակատամարտը:

Այս մասին աւելի ձեռնհաս գրողներ եւ պատմաբաններ արտայայտուած ըլլալով, ինծի խօսք չիյնար:

Հոս կ’արժէ յիշել, որ ռուս յեղափոխութեան հետեւանքով, փախուստի դիմող զինուորականութիւնը զէնքի եւ ռազմամթերքի պաշարը տեղւոյն վրայ լքած ըլլալուն, վրացի, թաթար եւ հայ ժողովուրդները զանոնք օգտագործեցին թիւրքին եւ յետոյ իրարու դէմ: Երեւան եկան «մաւզէրիստներու» խումբեր՝ հայ, վրացի, ռուս եւ թաթար, որոնք իրենց զէնքերը շահագործեցին տեղւոյն խաղաղ ժողովուրդին դէմ, սպաննելու եւ կողոպտելու համար նոյնիսկ իրենց ազգակիցները: