Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Նազար Նազարեան


Այս բարձրահասակ, սեւապեխ, հուժկու մարդն իր երիտասարդութեան օրերուն ամէնէն աչքառու խիզախ անձը կը նկատուէր Խօշմաթի մէջ: Անվախ, վրէժառու, միեւնոյն ատեն գորովագութ հոգի մը կը սնուցանէր իր լայն ու մազոտ կուրծքին տակ:

Նազար ուսմունք չունէր. անիկա իր առօրեայ դաշտին մէջ կը զբաղէր. ունէր իր երկսայրի դաշոյնը, որսի հրացանը, ձեռքի երկմատնի  փայտը (ձեռնափայտ): Խօշմաթցուն այս կաղնի փայտը (չաթայ) որ նիզակի, սուրի եւ սուինի հետ կը մրցէր, կը պատրաստուէր կաղնիէն եւ երբեմն ալ սեւ մոշիի երկճիւղէն: Նախապէս թոնիրի վրայ այրելու աստիճան տաքցնելէ վերջ, անոր վրայի կեղեւը կը հանուէր, յետոյ շիտակ ուղղութիւն մը տալէ վերջ, կը թաղուէր ամբողջութեամբ ձէթի մէջ շաբաթի մը չափ, որպէսզի լաւ մը ծծէ ձէթը. յետոյ կտաւատի աղնցուած մարմաղ կրակի փոշիին մէջ ալ ժամ մը թաղուելէ վերջ, կրկին կը ձգուէր ձէթի կարասին մէջ շաբաթ մը եւս, որով այս փայտը թէ՛ կը կարծրանար եւ թէ՛ ճաթելու  առիթ չէր ունենար, պահելով նաեւ իր դեղին գոյնը:

Այս կերպով կը պատրաստէին նաեւ եռոտանի, տասնամատնիները, որոնք ցորենի խուրձերը զետեղելու կամ ցրուելու համար կը ծառայէին:Իւրաքանչիւր անհատ իր հասակին համեմատ ունենալու էր այս երկ-ճեղ փայտը: Կառավարութիւնը վերահաս ըլլալով այս երկ-ճեղ փայտին զօրութեան, ի սպառ արգիլած էր խօշմաթցիներուն անով քաղաք մտնելը:

Մեր անվեհեր Նազարին երկ-ճեղ փայտը (չաթալը) մեծ դեր խաղցած է իր փոթորկոտ կեանքին մէջ:

Անգամ մը երբ Նազար Տիգրանակերտէն վերադարձին մեծ աղաներու, էֆէնտիներու ընկերակցութեամբ Բալու քաղաքը կը վերադառնայ, որոնց ետեւէն ու առջեւէն զինուած պաշտպաններ կը քալէին, կը ստիպուին ոլորապտոյտ ուղիներէ անցնիլ: Երբ քիւրտ գիւղի մը մէջէն կարաւանը կը շարունակէ, շուներու հաջումէն քիւրտ գիւղացիներ դուրս կը թափուին, հետաքրքրութեան համար: Նորեկ անցորդներուն երեւումը եւ ջորիներուն բառցուած մեծաքանակ ապրանքը կը գրաւեն քիւրտերու ուշադրութիւնը եւ ճաշակնին սրած անմիջապէս զինուելով կը հետեւին կարաւանին իրենց շուներով միատեղ: Դեռ գիւղէն դուրս չելած, շուներուն յարձակման նշաններ կը տրուին, միեւնոյն ատեն իրենք ալ օդին մէջ քանի մը հրացանի պայթումներով կը յաջողին վախցնել զինեալ մարտիկները կողոպտելով ամբողջ կարաւանը, բացի Նազարէն որ իր երկփայտին յենած, մէկ կողմ քաշուած կը դիտէր անց ու դարձը:

Նազար անվրդով կը դիտէ պատահարը: Էֆէնտիները ձիերէն վար առնուած կը խուզարկէին, միւս կողմէն ալ քիւրտերը բեռները վար կ՛առնէին տուն փոխադրելու համար: Նազարի ընկերակիցները մերկանալու աստիճան կողոպտուած են, ինչ որ իր իր համբաւին նախատինք մը կը համարուէր: Նազար շիտկուած, գլուխը բարձր բռնած, իր լաշտին հետ առաջ անցնելով, քիւրտերէն կ՛ազդարարէ որպէսզի որեւէ մէկը չի համարձակի ապրանքներուն դպչիլ:

Անդիէն տարեց քիւրտ մը նոյնքան յախուռն ոճով մը կը պատասխանէ Նազարին, որ «Ի սէր քրտութեան չի միջամտէ, արդէն իրեն դիպչող չկայ, իրենց գործը էֆէնտիներուն հետ է, թէ ոչ վերջաւորութիւնը վատ պիտի ըլլայ»: Նազար կ՛ըսէ. «Թէ ճամբորդներն իր ընկերներն են եւ իրեն նախատինք մըն է թողուլ որ կողոպտուին. անմիջապէս ազատ անցք կը պահանջեմ. ինձ խօշմաթցի Նազար կ՛ըսեն»: Ասոր վրայ քիւրտերէն մէկը փայտի հարուած մը կ՛իջեցնէ Նազարի գլխին ետեւէն եւ միւսներն ալ կը փութան իր ձեռքի փայտն առնելու:

Նազար ախոյեանի մը նման խոյանալով քիւրտերոն վրայ, երկուքը տեղն ու տեղը գետին կը փռէ եւ արծիւի մը արագութեամբ ետեն դառնալով կը տեսնէ որ քիւրտ մը դաշոյնը բարձրացուցած օդին մէջ ուղղակի Նազարի վզին իջեցնելու վիճակին մէջ է: Հարուած մը տալով քիւրտին, տասը քայլ անդին կը շպրտէ: Նազար բոլոր ապրանքները կրկին բառնալով հպարտօրէն կ՛անցնի գիւղին մէջէն:

Գիւղէն բաւական հեռանալէ յետոյ, էֆէնտիին հրամանաւ կարաւանը կանգ կ՛առնէ: Անվեհեր Նազարի շնորհակալութիւն յայտնելով, իր ծառաներէն մէկուն կը հրամայէ որ իր ընտիր համազարկը Նազարին տայ, որովհետեւ քաջերուն կը վայելէ ընտիր զէնք կրելը: Նազար համեստութեամբ կը մերժէ ըսելով. էֆէնտի՛, ես ձեռքիս զէնքէն գոհ եմ զոր ես շինած եմ:

Ճամբորդներ անմիջապէս իրենց մէջ 10 օսմ. ոսկի հաւաքելով, կը խնդրեն որ Նազար չի մերժէ իրենց նուէրն առնելու եւ մեծ էֆէնտին կ՛աւելցնէ. այսուհետեւ դուն «Առիւծ Նազար» պէտք է կոչուիս: Նազար խոնարհութեամբ կ՛ընդունի նուէրը:
 
Ականատէս Խօշմաթցու մը վկայութիւնը Նազարի քաջութեան

1887 Մայիս 15ին կարգ մը խօշմաթցիներ, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերէն հաւաքուած, Նազար Նազարեանի առաջնորդութեամբ հսկայ կարաւանով մը Կարնոյ եւ Տրապիզոն ճամբայով Կ. Պօլիս պիտ՛ երթան: (Նազար ջորեպանութիւն կ՛ընէր այդ օրերուն): Յաղթանդամ Նազար, արեւուն դէմ իր լայն կուրծքը բացած, թեւերը սոթթած, իր յատուկ ձեռնափայտով միշտ լեռներու բարձունքէն կը քալէր, երկսայրի սուրը մէջքին կախած, մինչ կարաւանը ամայի ձորերուն նեղ ու զիկ զակ ճանապարհէն դէպի լեռ կը բարձրանար կիրճերու մէջէն:

Քղիէն անցնելով Երիզա գաւառը մտնելու պահուն, անհրաժեշտ կը թուի այս բարձր Աւզատ անուն լեռնէ մը անցքը՝ դէպի Երիզայի տափարակ դաշտը: Տակաւին Աւզատ լերան ստորոտին, կարաւանին կը միանայ հեծեալ զինուած թուրք մը չորս ծառաներով ու աւանակներով: Կէս ժամ յետոյ չորս զինեալ թուրք զինուորներ եւս կը միանան, որոնցմէ գլխաւորը քառասմբակ կարաւանին առաջքը առնելով կը կեցնէ ըսելով. «Բարեկամնե՛ր, այս կարաւանը պաշարուած է աւազակներով, դեռ երէկ անձիք սպաննեցին, լաւ կ՛ըլլայ որ անձնատուր ըլլաք եւ խնայէք ձեր կեանքին»:

Միեւնոյն ատեն կառավարութեան նշանակած տասն եւ հինգ զինուորները, որ ճամբուն ապահովութեան համար նշանակուած էին կիրճերու ծերպերու մէջ, , դուրս գալով կը սկսին հակառակ կողմը փախչիլ… Նազար կացութեան խռովայոյզ բնոյթն ըմբռնելով՝ լեռնէն արծիւի արագութեամբ վար կ՛իջնէ եւ անտառներուն մէջ վխտացող աւազակներուն քիւրտերէնով կ՛ազդարարէ, թէ կարաւանն իրն է եւ պատրաստ է չափուելու իրենց հետ եթէ այդպէս նախընտրեն:

Քիւրտերու պետը Նազարի քաջութեան վրայ հիանալով եւ արդէն իսկ անոր մասին նախապէս լսած ըլլալով՝ ազատ անցք կու տայ:  Նազար մօտենալով չորս թուրք ձիաւորներուն, կը հաղորդէ քիւրտերու պետին խոստումը եւ կ՛ըսէ որ իրենք ալ հանդարտ մնան եւ ընկերակցին կարաւանին: Թուրքին մին սուրը քաշած Նազարի վրայ կը քշէ իր ձին. Նազար քայլ մը մէկ կողմ ելնելով հարուած մը ձիուն գլխուն կ՛իջեցնէ. խեղճ կենդանին գետին կը փռուի եւ ինք երբ ձեռնափայտը վերցուցած ձիաւոր թուրքը պիտ՛ հարուածէ, միւսները «խնայէ՛» կը կանչեն:

Նազար հոս ալ 98 հոգինոց երկար կարաւանը կողոպուտէ կ՛ազատէ: Ամէնէն առաջի միացող թուրք ձիաւորը տենելով Նազարի անօրինակ յանդգնութիւնը, ձիէն վար իջնելով կը համբուրէ Նազարի ճակատը ըսելով. «Իրաւամբ քաջ անուան արժանի մէկն ես եղած»: Եւ կարաւանն ապահով եւ աներկիւղ կերպով կը հասնի Տրապիզոն: Ցաւալի է որ այս ականատեսին տեղեկագիրն ունիմ ձեռքիս տակ, սակայն անստորագիր ըլլալով կարելի չէ յիշել իր անունը:

Նազար եղած է Խօշմաթի ջիղն ու հոգին. քաջութեան, յանդգնութեան առինքնող ոգին առաջնորդած է իրեն դէպի յաղթութիւն:

Ներխիցիներու եւ խօշմաթցիներու (գոմէշներու) կռւոյն մէջ ալ ամէնէն առաջ զարնողը կ՛ըլլայ Նազարը…: Պէյերու ձիերը Խօշմաթէն դուրս քշելու կռւոյն մէջ ալ թէեւ առաջի յարձակողը կ՛ըլլայ Մելիք Ստեփան Միլիտոսեան, սակայն Նազար վերջէն կռւոյն վայրն հասնելով կը մաքրագործէ…:

Փարոյի առեւանգման մէջ ալ նազար կրկին քաջութեան ապացոյցը երեւան կը բերէ եւ առաջնակարգ դեր կը կատարէ…:

Քաջն Պօղոսի բանտարկութեան ընթացքին, Նազար կը բնակէր անոր Խորոտիկի մէջ շինած տնակին մէջ եւ յաճախ անօթի գայլերու, արջերու եւ վայրի կենդանիներու հետ կռիւ կը մղէր ձմեռ ատեն…:

Ուր որ կռիւ մը ըլլար, Նազար հոն կը հասնէր իր երկճեղ փայտով, չաթալով եւ յաղթութիւնը կ՛ապահովէր խօշմաթցիներուն համար: