Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Բալահովիտի գիւղերը


Բալահովիտի դաշտային եւ մասամբ ալ սարալանջերու վրայ հաստատուած գիւղերը զուտ հայաբնակ եղած են։ Մի քանի ամիրաներ եւ պէյեր տիրապետած են կարգ մը գիւղերու երկարօրէն։ Այս փոքրիկ գաւառն ալ Ղարաբաղի Մելիքութեան նման կառավարուած է հայ Մելիքներով, որոնց շառավիղները դեռ կ՛ապրին մեր օրերուն իսկ։
Մելիքներ ռամկավարական սկզբունքով կ՛ընտրուէին կառավարելու գիւղը։ անոնց խօսքն համազօր էր օրէնքի։ Այս ամիրաներուն, պէյերուն նախահայրերը մեծամասնօրէն եղած են հայ նախարարներ իրենց ազգատոհմով, որոնք հալածանքներու հետեւանքով կրօնափոխ եղած են եւ ուծացած հայութենէ։

Բալահովիտը զիկզակ լեռնաշղթաներով շրջապատուած ըլլալով՝ կարգ մը գիւղեր հաստատուած են լեռներու կողքին, հարաւային Գուրգուռ շղթային ստորոտին շարուած են, իրարմէ քանի մը մղոն հեռաւորութեան վրայ. Աշընգեղ, Խօշմաթ, Ներխի, Նպըշի եւ Ամարաթ, նոյն շղթային արեւելեան կողմին վրայ կը գտնուին՝ Օխու, Թափա, իսկ հանդիպակաց լեռները (հիւս. կողմը) որոնք Սիւնեաց (Կարնոյ) եւ Արցախեան լեռներու շարունակութիւնն են, իրենց բարձավանդակին ու սարալանջերուն վրայ կը պարփակեն հետեւեալ գիւղերը.- Իսապէկ, Արթըխան, Տամըրճի, Խամիշլու, Գուռան, Քառոռ (Վերջի չորս գիւղերը քրտաբնակ են), Հաւաւ (Ամենամեծ գիւղը), Ձէթ, Մրջիւն, Մրզա, Դոդիկ, Հալալգոմ, Դաւթի Մրզայ, Խաճառ, Խարակեարուկ, Քեանկեալու (թրք.)։ Գուրգուռի արեւ. ստորոտին վրայ շարուած են նաեւ քիւրտանբնակ գիւղեր, Խօշմաթէն քիչ հեռու վերի եւ վարի Միրահմէտ եւ Խարաշեղ քիւրտ գիւղերը։

Իսկ տափարակ դաշտին մէջ հաստատուած են Ապրանք, Շնազ, Չայիր, Մէզրէ, Սըղամ եւ Սագրաթ (Այս վերջինին մէջ բոյն դրած են Բալուի հռչակաւոր վաշխառու եւ ահեբեկիչ պէյերը, որոնց մասին պիտի խօսինք երկարօրէն)։ Բուն Բալու քաղաքէն սկսեալ, գետափին վրայ ու քիչ մը հեռուները, շարուած են Սէյտիլար (թրք), Նոր գեղ, Նոր Շնակ, Նոր Գեղայ, Մրզայ, Արմըճան, Կուլիշկէր, եւ Ուզուն Օպան, որոնք գաւառին արեւմտեան կողմէն կը նային Խարբերդի դաշտերուն եւ բաժնուած են միայն Արածանիով (Եփրատ գետ)։ Այս գիւղերն ըլլալով գետին շատ մօտիկ՝ առատութիւնը կը վայելեն ամէն տեսակ բանջարեղէններու եւ երկրագործական բերքերու, մանաւանդ անուշահամ եւ խոշոռ ձմերուկի եւ քաղցր սեխի արտադրութիւնը նշանաւոր է։

Իսկ գետին հանդիպակաց կողմը, որը բաժնուած է բուն Բալահովիտէն Արածանիի հոլաթեւ հոսանքներով եւ կը կոչուի Աշմուշատ (Բալու էջ 349), աւելի մօտիկ մեր պատմական Տիգրանակերտին, կը պարունակէ հետեւեալ հայ եւ քիւրտ գիւղերը. Հուն, Սարաչոր, Պաղին (ամենամեծը), Սրին, Թիլ, Խաչա-վանք, Թըրխէ, Նաճարան, Վերի եւ Վարի Վարդենիկ, Սարը խամիշ, Խարապան (վերջին երկուքը քիւրտ)։ Այս գիւղերը հաստատուած են Տաւրոսեան լեռնաշղթային վրայ եւ նշանաւոր են իրենց բանջարեղէններով, պտուղներով, մանաւանդ այգիներով ու համբաւաւոր խաղողով։