Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խօշմաթ


Խօշմաթ կամ Խոշմաթ- բարդ բառը կազմուած է խոչ ու մարդ բառերէն։ Խոչ կը նշանակէ ոչխարին արուն (Խոյ), որը զօրաւոր կռուող, կեռ եղջիւրներով, ընտելացած կենդանի մ՛է, որուն համեղ միսն ու բուրդը արժէքաւոր են։

Խոչ բառը աղաուաղուելով խօշի է վերածուած, իսկ մարդ բառն ալ դարերու ընթացքին կորսցնելով «ր» գիրը եւ «դ» ալ նոյնահնչիւն «թ» գրին տեղի տալով եղած է մեթ, որով այս երկու վանկերն իրարու միանալով եղած է «խօշմաթ»։ Աւանդութիւնը վրայ հասնելով հոս մեզի կը յայտնէ թէ քիւրտերէն «խօշ» բառէն ծագում առած է, որովհետւ «խօշ» քիւրտերէն բարի, լաւ  ըսել է ու մարդ բառին ալ «ր» գիրը դիւրահնչման համար դուրս ձգուելով, երկու բառերու միացումով եկած է կազմել «Խօշմաթ» բարդ անունը։ Վերեւ տրուած երկու բացատրութիւններն ալ վերապահութեամբ ընդունուելու են։

Խօշմաթ։ Հաստատուած է Տաւրոսի լեռնաշղթային Գուրգուռ լերան սարալանջին վրայ Բալու քաղաքին հիւս. արեւելեան կողմը։ Բալահովիտի զուտ հայաբնակ գիւղերէն մին ըլլալէ զատ կը նկատուի նաեւ ամէնէն անառիկը եւ Հաւաւէն յետոյ ամէնէն մեծ գիւղը։
Իր ռազմական դիրքին համար, կարեւոր դեր խաղցած կը թուի հայկազեանց եւ նախահայկազեանց թագաւորութեանց շրջանին։

Տաւրոս։ Գուրգուռ լեռնաշղթային սարալանջին վրայ թառող այս գիւղը միայն մէկ պողոտայ մը կը բանայ իր կեդրոնէն, անցորդներու համար «Բալու-Քղի եւ Կարնոյ ճանապարհը, որը գիւղէն դէպի հար. արեւմուտք, կէս մղոն հեռաւորութեան վրայ խոր ձորակէ մը կը բարձրանայ դէպի «Բալու քաղաքը»։ Իսկ հարաւային կողմէն արահետ մը կը տանի դէպի բուրաստանը (Խորոտիկ), բարձաբերձ, ցցուն, հնաւուրց հսկայ ժայռերու մէջէն, զիկ զակ կիրճի մը դարձդարձիկ ոլորտներէն անցնելով։ Անցնելով Բուրատանի ծաղկալից պարտէզներէն, կ՛ուղղուի դէպի Խօշմաթի վերի այգիները, որոնք տարածուած են Արածանիէն մէկ քանի մղոն դէպի հիւսիս։

Կիրճի ձորակին մէջէն կը հոսի ջինջ ու յստակ առուակ մը, որը կիրճի ժայռերու բարձունքէն դէպի վար ջրվիժելով ահագնագոչ ձայնով մը կը հասնի վարի ձորի արօտավայրը։ Անցնող շրջաններուն, բնական ամրութեանց տիտան լեռնաշղթային մէջ, անհաւասար բլուրներու եւ ժայռերու վրայի մամռապատ անընթեռնելի գրերն ու արձանագրութիւնները որոշ կերպով կը հաստատեն Խօշմաթի տեղ հին քաղաքի մը գոյութիւնը։ Այս իրողութիւնը կը հաստատուի երկու բանաւոր փաստերով. մին Սարալանջին ստորոտը, ուր կը սկսին տափարակ կանաչազարդ արտերը, որոնք Խօշմաթի փէշերէն մի քիչ հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլուրի մը գոյութիւնը, որը կը պարունակէ հին անօթներ, որուն պիտ՛ անդրադառնանք։ Երկրորդը Խօշմաթի եկեղեցւոյ գոյութիւնը, որ կը մնայ դարերէ ի վեր, այս պարագան պիտի բացատրուի յետագային։