Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)


Նշանաւոր եւ աչքառու է Խօշմաթ գիւղի Ապտըլ-Մսէհ սրբավայրը, որ իբրեւ ուխտատեղի ծառայած է հիւանդներու բժշկութեան։ Այս սրբավայրը որ կը գտնուի գիւղին հիւս. արեւելեան փէշերուն վրայ, բարձրաբերձ լերան ստորոոտը, խոշոր ու գորշ քարաժայռերուն մէջ եւ մէկ կողմէ թաղուած պաղ ու զուլալ հորդահոս «Ակի» ջուրի աւազանին մէջ, տարուան բոլոր եղանակներուն իր դուռը բաց է հաւատացեալ այցելուներուն առջեւ։ Գիշեր ու ցերեկ իր ձիթաճրագն ու պատրոյգը վառ կը մնար հոն։ Ուխտաւորներ, դարերէ ի վեր, դողդոջուն քայլերով ու երկիւղածութեամբ մտած են այս մատուռը մոմ մը կամ ձիթաճրագին վառելանիւթ հայթայթելով աղօթքով մը, տենչով մը եւ գոհունակ սրտով մեկնած են անկէ։ Հին կռապաշտութեան օրերուն, երբ Խալտի չաստուածը կը տիրապետէր ամբողջ Ուրարտուի մէջ, Խօշմաթն ալ զայն կը պաշտէր։

Ապտըլ-Մըսեհ երկու առասպելական պատմութիւններ ունի իր շուրջ, որոնք կը հաստատեն այս սրբամատուռին գոյութիւնը։

Որոշ է պատմականօրէն թէ հին կռապաշտական օրերուն Խալտի չաստուածը կը տիրապետէր ամբողջ Ուրարտուի մէջ. Խօշմաթն ալ նոյնպէս կը պաշտէր «Խալտի»։ Կային սակայն անհատներ, որոնք գաղտնի կերպով կը պաշտէին Ածոյ Որդին։ Խօշմաթի մէջ ալ գտնուած են այսպիսի անհատներ, որոնք ծածուկ կերպով դաւանած են Յիսուսը։ Ասոնցմէ մին օր մը յանկարծ կը նշմարուի իր պաշտամունքին մէջ իր աղօթքի եւ խաչակնքումի պահուն Հեթանոսներ իմանալով այս անակնկալ պարագան, խուժան կը կազմեն եւ կը յարձակին անոր վրայ։ Ճարահատ քրիստոնեան կը սպրդի անոնց շղթայէն եւ զիկ զակ ուղիներէ կը սկսի վազել։

Հեթանոսներու հետապնդման հետեւանօք, տղան կը հասնի «Ակի» ջուրին եւ շնչասպառ վար կ՛իյնայ ուղղակի «Ակին» մէջ։ Խուժանը վրայ հասնելով անգութօրէն կը մեռցնէ զայն, որուն մարմինը երեք օր ու գիշեր խաղալիք կ՛ըլլայ ջուրի ծփանքներուն։

Աւանդութեան համեմատ, ամէն գիշեր լոյս մը կ՛ելնէ անոր անշնչացած դիակէն։ Գիւղացիներ ի տես այս հրաշագործ լոյսին, իբր քաւութիւն մատուռ մկ կը կանգնեն զոհին ինկած վայրը, անոր մարմինը թաղելով այդ մատուռին մէջ, որը կը վերածուի ուխտավայրի մը, որուն ձէթէ ճրագն անսպառ վառ կը մնար գիշեր ու ցերեկ մինչեւ մեր օրերը…։

Առասպելական երկրորդ պատմութիւնն աւելի հետաքրքրական եւ խորհրդաւոր է։ Քրիստոնէական շրջանին, սուլթաններու տիրապետութեանց օրերունա զուտ հայաբնակ այս գիւղին մէջ ապրած է նաեւ հարուստ թուրք ընտանիք մը, որուն մեծաւորը ՄուսթաՖա, մոլի մահմետական մըն էր, իսկ տիկինը Ֆաթիմա քրիստոնեաներու համակիր։

Այս ընտանիքը կ՛ունենայ Ապտուլլա անուն տղեկ մը, որը կ՛արածէ իրենց կենդանիները խօշմաթցիներու տղոց հետ միասին։ Հայ տղաքը կը խաղան, կը կատակեն, կէսօրուան ճաշերնին միասին կ՛ուտեն։ Երբ Ապտուլլան ալ կը փափաքի իրենց խաղերուն ու ճաշին մասնակից ըլլալ, հայ տղաքը կ՛արգիլեն զայն ըսելով թէ, իր վրայէն գէշ հոտ կու գայ, որովհետեւ ինք մկրտուած չէ եւ ոչ ալ քրիստոնեայ…։

Երբ Ապտուլլա կ՛ուզէ գիտնալ թէ ի՞նչն է պատճառը, որ իրենց վրայէն գորշահոտութիւն չի գար, իրեն կը բացատրուի թէ իրենք մայր եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուելով Սբ. Միւռոնով օծուած են, մաքրուած են եւ եթէ կ՛ուզէ որ ի սպառ սրբագործուի, անհրաժեշտ է որ ինքն ալ մկրտուի։ Թուրք տղան իրենց հետ խաղալու, ճաշելու սիրոյն կը հաւանի մկրտուիլ. ասոր վրայ տղոցմէ մին քահանայի, ուրիշ մ՛ալ կնքահօր պաշտօնը կատարելով, տղան առուակի մը մէջ կը թաթխեն ու կը հանեն ըսելով , թէ մեր փրկիչն ալ Յորդանան գետին մէջ այսպէս մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէն։

Այս մանկական խաղէն յետոյ Ապտուլլան պաշտօնապէս կ՛օծեն, կը խաչակնքեն եւ զինք «Մուշեղ» կամ «Մուսեղ» կ՛անուանեն։ Անոր կը սորվեցնեն «Հայր մեր»ը եւ խաչակնքումը։ Մուսեղին թաղի ընկերները գիւղին մէջ կը շարունակեն զինք իր նոր անունով կանչել, թէեւ հայրը կը լսէ, սակայն կարեւորութիւն չ՛ընծայեր։

Օր մը կերակուրի ատեն Մուսեղ կը սխալի, խաչ կը հանէ. հայրը նկատելով հարց ու փորձի կ՛ենթարկէ իր զաւակը։ Տղան եղելութիւնը խոստովանելով իր հօր ներկայութեան քրիստոնէութիւնը կը դաւանի, կրկնելով իր խաչակնքումը։ ՄուսթաՖան երբ բարկացած իր դաշոյնը առնելու կ՛ելլէ, տղան ակնթարթի մը մէջ դուրս կը նետուի վազելով դէպի «Ակին» ջուրը եւ հոն մեծ քարերուն ետեւ կը պահուըտի, սակայն հայրը հետապնդելով կը գտնէ իր որդին եւ տեղն ու տեղը կը սպաննէ զայն անգթօրէն։ Այդ օրէն ի վեր ամէն գիշեր հրաշալի լոյսով մը կը լուսաշողուի Մուսեղին մարմինը։

Տղուն հայրը կը մերժէ իր զաւակը իբր թուրք թաղել տալ գիւղէն դուրս բլրակի մը կողքին որ իրենց յատկացուած կ՛ըլլայ։ Իսկ խօշմաթցիներ անդրդուելի կերպով կը հակառակին թուրքին զաւակը հայոց գերեզմանատունը թաղուելուն։ Այս անհամաձայնութիւնը օրեր կը տեւէ եւ լուսավառ մարմինը ամէն գիշեր որոշ կերպով կը տեսնուի հետաքրքիր բազմութեան կողմէ։

Վերջապէս խօշմաթցիներ տղուն ինկած վայրին վրայ մատուռ մը կը շինեն եւ զայն անոր մէջ թաղելով  կ՛անուանեն զայն «Ապտիւլ-Մուսեղ», որը դեռ կը կրէ այդ անունը. կամ «Ապտիւլ-Մուսէ)։ Բոլոր խօշմաթցիներս ալ ականատես եղած ենք այդ մատուռին, ինչպէս նաեւ անոր հմայիչ զօրութեան…։