Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Մարդակերպ քարեր


Խօշմաթի բարձրաբերձ լերան (Ճըղլեսար) եւ գիւղին լայնքին վրայ կանգնած են երկու հսկայ մարդակերպ քարեր, գլուխ գլխի կպած (երկ-ճեղ, չաթալ քար), զոր գիւղացիներ կ՛անուանեն ճիւղէ սար կամ Ճըղլէ-Սար: Թէ այս քարերուն եւ թէ լերան հակառակ որ լեռն ամբողջութեամբ Գուրգուր լեռներուն մէկ ճիւղն է, որ Արածանիի հիւս. կողմէն գետին ուղութամբ կ՛երկարի դէպի Սասնոյ լեռները, թողելով միայն անուն մը Խօշմաթի մէջ իր Գըրգուռ  աղբիւրի յիշատակութեամբ:

Վերեւ յիշուած մարդակերպ քարերու ծայրերու միացումով մէջտեղը լայն բացուածք մը կը թողուի, որուն մէջէն չարաճճի տղաք կ՛անցնէին շատ անգամ: Աւանդութիւնն այս քարերուն մարդկային երեւոյթը հարսի եւ փեսի մը նախնական գոյութեան կը վերագրէ, որոնք Ղովտի նման իրենց մէկ մեղաց համար քարացած են լերան կողքին…: Այս զոյգ քարերը կարծես դարերէ ի վեր հաւատարմօրէն կը հսկեն իրենց առջեւ տարածուող գիւղին ու գերեզմանատան, եկեղեցւոյ ու դպրոցին, ողջերուն ու հազարաւոր մեռեալներուն վրայ: Ո՜հ, ինչեր տեսած են եւ ի՞նչպիսի դէպքերու անխօս վկաներն հանդիսացած են…

Կայ նաեւ ուրիշ մարդակերպ այլաձեւ քարերու մեծկակ խումբ մը, որ պառկած է Խորոտիկէն (Բուրաստան) քիչ մը դէպի հարաւ, այգեստաններու եւ Արածանիի մէջտեղ, ուր կարմիր բլրակներ իրարու կը յաջորդեն:

Հոս ալ աւանդութիւնն իր զանազան մեկնութիւնները կը յայտնէ այս մարդակերպ քարերու մասին, ուր երկ-քարեր քով քովի հարսի ու փեսի երեւոյթը կը մատնանշեն, իսկ անոնց շուրջ հաւաքուած գունաւոր մեծ ու պզտիկ մարդակերպ քարեր հարսնեւորներու երեւոյթը կ՛ընծայեն: Իւրաքանչիւր Խօշմաթցի հետաքրքրութեամբ դիտած է այս քարերու զարմանալի տեսքը, ամէն անգամ որ կարմիր հողաբլուրներու կողքէն կարմիր հող բերելու կ՛երթայ եւ կամ հեռաւոր այգիներու մէջ գործի բերումով այդ ճամբայէն կ՛անցնի:

Անկասկած այս կարմիր բլրակները կը պարունակեն պղնձի, երկաթի, արծաթի, սնդիկի եւ նոյնիսկ ոսկիի հանքեր: Արդէն մակերեսի գունաւոր հողն ինքնին ապացոյցն է զանազան հանքերու գոյութեան: Խօշմաթցի բլուտներ կաւէ ամանններ կը շինեն այս հողով: Խօշմաթցուն գինիի կարասները, հողէ փեթակները, ջուրի կուժերն ու զովացնող փարչերը (սափոր), թանահար խնոցներն ու պուտուկը (կաթսայ), կուռան (գաւաթ հողէ) ու քարղանը (հողէ պնակ) բոլորն ալ այս կարմիր հողի արդիւնքն են համարուած: 

Կասկած չկայ թէ այս լեռները դարերու ընթացքին ունեցած են հրաբխային ժայթքումներ եւ այս մարդակերպ կամ այլակերպ քարերն ու չէչ քարերն ալ լաւաներու հետեւանքն եղած են, սակայն ժողովուրդն հիմնած է առասպելական պատմութիւններ ծայր աստիճան հետաքրքիր ըլլալէ:

Այսպիսի առասպելներ տուն տուած են կարգ մը ներբողներու, որոնք հիւսուած են շարք մը (հեքիաթ) անվաւեր պատմութիւններու առարկայ եղող անձանց շուրջ. օրինակի համար՝ հարսնեւորներու կռւոյն ու անոնց քարանալուն շուրջ,  Շահ Իսմայիլի արշաւանքին ու անոր քարանալուն շուրջ:

Թագաւորին տղուն եւ պարզուկ գեղջկական գեղանի օրիորդի մը սիրոյ փոխանցման եւ անոնց քարանալուն համար մասնայատուկ տեղ տրուած է:

Այս կարգի պատմութիւններ յաճախ կը պատմուին գիւղացիներու մէջ, մանաւանդ ձմեռուան եղանակին, երբ դուրսի աշխատանքը վերջացուցած ըլլալով, ժողովուրդն իրարու քով կու գայ ժամանակ անցնելու իր հեքիաթներով, հանելուկներով ու առասպելական պատմութիւններով:

Ի հարկէ ասոնք կ՛արձանագրենք լոկ հետաքրքրութեան համար, որոնք ժողովուրդի մը ներքին կեանքին մէջ ապրած են իբր վարկած եւ ոչ մի կապ ունենալով պատմական փաստերու մէջ, որով յարգելի ընթերցողը այս մտքով ըմբռնելով վերապահութեամբ ընդունելու է:

Այս մարդանման քարերուն մօտ, կարմիր հողաբլրին կողքին, ճամբուն եզերքին կը գտնուի ալուճի ծառ մը, որուն վրայ հազարաւոր պէսպիսի կտորներ, այլազան գոյներով կապուած են անցորդներէն հաւատաւորներու ձեռամբ:
 
Այդ ծառին քովէն անցնողը կտոր մը, թել մը, կապ մը, չոր խոտի կտոր մը կապած է անոր, իր մտքին մէջ փափաքի մը, բաղձանքի մը յաջողութիւնը խնդրելով:

Ահա քեզի նախապշարման կենդանի օրինակ մը, որ գիւղացիներուն մէջ մուտք գտած է դարերով…:

Յետագայ էջերը պիտի նուիրուին Խօշմաթի միջավայրին, կենցաղին, սովորութեանց, կրթական գործին ու պատմութեանց շուրջ: