Վերնագիր : Խօշմաթի պատմականը
Հեղինակ՝ : Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Թարգմանիչ : -
Հրատարակութեան թուական՝ : 1951
Լեզու՝ : Armenian
Տեսակ՝ : -
Ամփոփագիր՝ : Բալուի Խօշմաթ (ներկայիս Չաքըրքաշ) գիւղին վերաբերող անտիպ եւ չափազանց հետաքրքրական յուշամատեան մը։
Հեղինակը Մարտիրոս Յ. Չագոյեանն է, որ իր գիւղին՝ Խօշմաթի մասին նիւթեր հաւաքելու եւ խմբագրելու աշխատանքին կը ձեռնարկէ 1939-ին եւ գործը կ՚ամբողջացնէ 1952-ին։
Աղբիւր՝ :
Առցանց հրատարակութեան թուական : 2020-10-02
Էջերու թիւ՝ : 158
Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Խմբագրական ծանօթագրութիւն
Երկու Խօսք
Վարդան Վարդանեան
ՄԱՍ 1
Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը
Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր
ՄԱՍ 2
Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը
Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ
• Հաւաւ
• Ներխի
Գլուխ Գ.
• Բալահովիտի գիւղերը
• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից
• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը
ՄԱՍ 3
Գլուխ Ա.
• Խօշմաթ
• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)
• Խօշմաթի եկեղեցին
• Կղերականներ
Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր
• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)
• Սուրբ Խաչ
• Սբ. Կաթողիկէ
• Սբ. Կիրակոս
• Սբ. Մանկիկ
Գլուխ Գ.
• Աղբիւրներ
• Դաշտային աղբիւրներ
• Մարդակերպ քարեր
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը
• Ուսուցիչներ (1880-96)
• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները
• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)
• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ
Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները
• Առաքել Պապաճանեան
• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան
• Համբարձում Ուլուսեան
• Վահան Ուլուսեան
• Վարդան Տիրատ
• Կարապետ Յ. Գլանեան
• Սարգիս Պ. Գլանեան
• Թորոս Գլանեան
• Պետրոս Փափազեան
• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան
• Յարութիւն Վարդանեան
• Մանուկ Ծաղիկեան
• Գաբրիէլ Ֆրանկեան
• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան
• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան
• Միքայէլ Խօճօյեան
• Պօղոս Տէրատուրեան
• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)
• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)
• Մկրտիչ Մալեան
• Պօղոս Փափազեան
• Գարեգին Կարապետեան
• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան
• Յովհաննէս Գլանեան
Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները
Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը
Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ
• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան
• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս
• Մարտիրոս Ղազարեան
• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան
• Առաքել Միլիտոսեան
• Կարապետ Միլիտոսեան
• Սահակ Ուլուսեան
• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան
• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)
• Մարգար Շաղուկեան
• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)
Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ
• Հիւսնութիւն
• Որմնադրութիւն
• Կտաւագործութիւն
• Բրուտութիւն
Գլուխ Ժ. — Գործարաններ
• Խօշմաթի ձէթի հանքերը
• Երկնաքար
• Մրգեղէններ
• Բանջարեղէններ
ՄԱՍ 4
Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ
• Կաղանդ
• Սբ. Ծնունդ
• Բարեկենդան
• Զատիկ
• Հարսանիք
• Հարսին կեանքը
• Երգերու նմուշներէն
• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր
• Մաղթանքի օրհնութիւններ
• Անէծքներ
• Չարագուշակութիւն
• Երազահանութիւն
• Հանելուկներ
• Առակներ
• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)
• Գործածական ոճեր
• Զանազան խաղեր (Արանց)
• Մեծերու խրատականները
Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր
• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան
• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան
• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը
• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը
• Պօղոս Յարութիւնեան
• Նազար Նազարեան
• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ
• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը
• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն
• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին
• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը
• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն
• Փարոյի արեւանգումը
• Հարկահաւաքները
• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը
• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)
• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին
• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն
• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)
• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը
• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան
• Նախըրճուն միջադէպը
ՄԱՍ 5
Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը
• Քէօր Ապտուլլա Պէյ
• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր
Գլուխ Բ.
• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897
• Արիւնահեղ ընդհարումը
• Պէյերու դատավարութիւնը
• Պէյերու վախճանը
• Խօշմաթ գիւղի մելիքները
Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը
• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)
• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)
• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած
• Աբգար Սիմոնեան
• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթցի հին զինուորականներ
• Խօշմաթի կամաւորները
• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ
• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)
• Խօշմաթցի այլ զինուորներ
Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ
Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)
Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ
• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ
• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ
• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ
• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ
• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ
Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը
Խօշմաթի անցեալ դրութեան, մշակոյթին ու կրթական գործին անծանօթ ենք: նոր կրթական շրջանը կը սկսի 1880ին, կարգ մը անձնուէր Խօշմաթցիներու ծաղկոցի մը հաստատումով Կ. Պօլսոյ մէջ, շնորհիւ իր անդրանիկ անդամներուն՝ Գրիգոր Միլիտոսեանի, Առաքել Միլիտոսեանի, Յովհ. էֆ. Ազնաւուրեանի եւ Գարա Թորոս Մալեանի (Ղազարեան) արդարակորով ջանքերուն:
Ծաղկոցի մը դրութիւնն ու Միացեալ Ընկերութեան օգնութիւնը անբաւարար համարեցին Ամերիկայի Փրաւիտէնսաբնակ Խօշմաթցիները:
Պաղտասար Գլանեան
Համբարձում Վարդանեան
Խաչատուր Զուլումեան
Կարապետ Ուլուսեան
Միքայէլ Ուլուսեան
Աւելնալով նախորդ անդամներուն վրայ հետեւեալները.
Մանուկ Ղազարեան
Մարտիրոս Յարութիւնեան
Թորոս Գլանեան
Պետրոս Ուլուսեան
Յովհաննէս Պիրատուրեան
Թովմաս ԹԷփէլեան
Աւետիս Տէրոյեան (հաւաւցի)
Կարապետ Մամուրեան
Խաչատուր Հազարեան
որոնց թւոյն վրայ հետզհետէ աւելցան տարիներու ընթացքին:
Այս նորակազմ միութիւնն իր աչքառու գործունէութեամբ մեծ դեր կը խաղայ գիւղի դպրոցի յառաջացման մէջ, անմիջապէս օգնութեան փութալով կիսաքանդ դպրոցին, վերաբանալով եւ հաստատելով անոր դրութիւնը: Խօշմաթի Դպրոցասիրացն եղած է գիւղին կրթական գործին ջահակիրը, որուն շատ բան կը պարտինք, որ յետոյ հատիկ հատիկ պիտ յիշենք իրենց կարգին, որոնցմէ մին այս գրքի հրատարակութիւնն է:
Յովհ. Վարձեգուլեանց - Բագուէն
Ա. Նաւասարդեան - Վաղարշապատէն
Ա. Շահինեան - Մուշէն
Ճէյմս Պրայս - Լոնտոնէն
Մկրտիչ Սանասարեան - Սբ. Բեթըրսպուրկէն
Իշխան Ասլան Բագրատ - Նաբոլի, Իտալիայէն
Յովհ. Սպարդ[ալ]եան - Զմիւռնիայէն
Միացեալը կարճ ատենէն գաւառի գլխաւոր գիւղերուն մէջ ստանձնած էր իննիսուն նախակրթարաններ եւ մէկ վարժապետանոց: Խօշմաթի փոքրիկ դպրոցն ալ մաս կը կազմէր Միացեալ Ընկերութեան կողմէ հիմնուած հաստատութեանց: Հայոց Միացեալ Ընկերութեան 1911-1912ի տեղեկագրութիւններէն (տպուած պրոշիւր) առնելով հոս կը ներկայացնենք, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Խօշմաթի դպրոցին շէնքը թէեւ [պէտք] եղած յատկութիւններէ զուրկ է, սակայն ունի կանոնաւոր գրասեղանններ: Կրթական վիճակը գոհացուցիչ է եղած՝ շնորհիւ տնօրէնին եռանդուն ժրաջանութեան ու կարողութեան». (Պր. Առաքել Պապաճանեանը ակնարկել կ՛ուզէ):
«Խօշմաթի դպրոցը Միացեալ Ընկերութեան հովանաւորութեան տակ կրկին բացուեցաւ 1909 Սեպ. 1ին 120 աշակերտներով, հինգ պաշտօնեաներով, 6286 ղրշ. կամ 60 թրք. ոսկի պիւտճէով: Այս գումարին մէկ կարեւոր մասը ղրկուած է Փրավիտէնսի մէջ կազմուած Խօշմաթի Դպրոցասիրաց Միութեան կողմէ:
1911ին դպրոցն ունէր 160 աշակերտ 7403 ղր. պիւտճէով, իսկ 1912-14 իր փայլուն շրջանն ունեցած է 210 աշակերտներով: Փրավիտենսի մէջ եղող Խ. Դպրց. Միութիւնն ամէն տարի ղրկած է 400 տալըր այս դպրոցի յառաջացման համար ու վերջին տարին մասնաւոր գումար մը յատկացուցած է իգական սեռին կրթութեան համար»: Վերոյիշեալ տեղեկութիւնները քաղուած են Հայոց Միացեալ Ընկերութեան տեղեկագրութենէն:
Խօշմաթի դպրոցն եղած են կարող ազգայիններ, որոնք հանրային, կրթական ու կառավարական գործերուն մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած են տարիներու ընթացքին: Եղած են նաեւ շրջանաւարտներ, որոնք կրթական, գրական մարզին մէջ աչքառու դեր խաղցած են իբր վաստակաւոր ուսուցիչներ, գործիչներ եւ արուեստագէտներ: Ասոնցմէ ոմանք տակաւին կ՛ապրին արտասահմանի մէջ. մասնաւորապէս Ամերիկա գտնուողներ նախանձելի եւ բարեկեցիկ դիրքեր գրաւած են: Դժբախտաբար կարելիութիւն չունինք անոնց կենսագրականներն առանձինն արձանագրել, այլ միայն ստիպուած կը բաւականանանք տալ ոմանց հակիրճ կենսագրութիւնը միայն: