Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Կաղանդ


Կաղանդը տօնական օրերու նախօրեակը համարուելով, տան տիկիններ, հարսներն ու աղջիկները օրեր առաջ կը սկսին տուները մաքրել, սենեակներու առաստաղներէն ու պատերու ծերպերէն վար առնել սարդին ոստայնը (չանչուլայ), գետինները կաւով շփել, լուանալ, թոնիրը մաքրել, վառել, կեռ շամփուրներն ու խաչ երկաթները շփել, մաքրել, փարտիչը պատրաստել, օխլաւուն (խմոր բանալիք կլոր գործիք մը), խոնչան (փայտէ սեղան) մաքրել:

Հաւկթի դեղնուցով, շուշմայով մալէզը պատրաստ ընել հացի քուլինճաներուն (կլոր հացիկ) երեսը քսելու եւ կամ ընկոյզով ու կաղամբով պատրաստել, որպէսզի կաղանդի առաւօտը նոր տարուան լուսաբացին, մօտակայ աղբիւրը տանին թրջելու: Կաղանդի առաւօտուն, դեռ արշալոյսի աստղն իր շողերը չի քաշած, դեռ աքաղաղն իր կու-կուլի-կու-կուն հազիւ կանչած, դեռ ժամկոչը ժամ չի հասած եւ եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջը չի ձայնած, մեր գիւղական աղջիկներն ու դեռատի հարսները, նախշուն խատուտիկ ձեռագործ գոգնոցներ կապած, մազերնին երեք ճիւղէ հիւսած, ծայրերը մէկ մէկ ոսկի կապելով ետեւնին ձգած, ոլորուն, [էջ 117]  հոլանի թեւերով կուժն ու հացին ծրարն առած, սիրավառ սրտով, հեւ ի հեւ կը փութան դէպի ՍաՖարկա, Ակին, Գուրգուռ եւ Պորան աղբիւրները: Ամէնէն առաջ աղբիւր հասնող, քուլինճաները թրջող, կուժը ջուրով լեցնող աղիջիկն իր հոգեթով, անուշ մուրազին պիտի հասնի, իր խնդրանքը պիտի կատարուի… Ահա այս հապճեպին գաղտնիքը: Քանի, քանի կուժեր կը կոտրտին, կը փշրուին, քանի հացի քուլինճաներ գետին կը փռուին եւ երբեմն ալ մազի քաշքշուքներ տեղի կ՛ունենան: Իգական այս նախանձոտ կռիւները շատ շուտ կը վերջանան, երբ անոնցմէ մին այդ իրարանցումի պահուն կը յաջողի իր կուժը ջուրով լեցնել ամէնէն առաջ խլելով առաջնութիւնը: Յետոյ կռիւը լոկ վիճաբանութեան տեղի կու տայ եւ քամահրականը կը սկսի այս ձեւով.

- Քա՛, Մաքօ (Մարգրիտ), աչքդ քօռնայ, թող օր իմ կուժս առաջ լեցնիմ, դո՛ւ տահա պզտիկ ես, ատենդ գա նը զաթի (արդէն) կ՛երթաս, մի՛ վախնար, տեղը չես մնար:
- Է¯, Մըրօ (Մարիամ), աղիմ օր չի հոտիս, դու ալ ի՞նչ չորսնես ընկեր, զաթի տըմընայ ես (տունը մնացած) ալ մուրազն ի¯նչ ընես. էկը կըլլինը, թո՛ղ օր ես քուլինճաներս առաջ թրջեմ. է՛, կըլլիքի Մայրամ Աստուծածին մտքիս միջինը կը կատարէ. քեզ ըլ հաշնիքի կը կանչիմ. սո՛ւս, ձանդ վար դիր, թող օր բախտերնիս բացուի:
Օղտան անդիէն.- Հէ՛չ մի կռուիք, խոզի պէս շուտ մը լեցուցէք օր կարգը մեզի գայ, Աստուած օղորմած ը՛, աղօթենք օր ըս տարի աղջիկներս քուլի հարս ըլլինք… Էկէ՛ք, աղջըներ, լուացուեցէ՛ք, խաչ հանեցէք: Հեռու կանգնող հարսնուկին ուղղելով խօսքը - Է¯կը Ըննօ, դու ըլ մուրազդ ուզը օր Ասուած քեզի ըլ աղուոր տղայ զաւակ մը տայ…: Անցած տարի կուժ չի մնաց կոտրեցիր, ըս տարի ինչո՞ւ սուսիկ փուսիկ կեցեր ես:
Հարսին ները Նարկիզն անդիէն - Է՛, սուս կեցէք, կուշտն անօթուն մայրը կը բրդը. հէչ չէք ըսեր քի ըս հարսնուկը ի՞նչեր քաշեր ը՛, ֆարազի չի կրնար լեզուն բանար, գիտէք քի կըլլի՛ հը՛, թողէ՛ք որ Ըննը, հարսը ըն առաջ իր կուժը լեցնէ, ծանր օտոքը թող ազատի… ծոցուորին յարգանք տալու ենք:

Միթէ չարաճճի տղաքը հանդա՞րտ են այս պահուն. ո՛չ ամենեւին: Անոնք ալ կանուխէն երթալով իրենց դերը կը խաղան: Տղաքներէն ոմանք այս կամ այն աղջկան աչք տնկած ըլլալով նախապէս կը սպասեն ճամբուն կիսուն, որ երբ աղջիկներն աղբիւրէն վերադառնան, կտրելով անոնց ճամբան, թրջուած հացի քուլինճաներէն մաս ու բաժին առնեն ուտելու համար:

Ի հարկէ բուն նպատակնին աղջիկներուն հետ խօսիլն է եւ ակնարկներու փոխանակութեանց սիրազեղ հաճոյքն է: Եթէ օրիորդը թրջուած եւ կաղանդ պապային օրհնած հացէն կտոր մը ուրախութեամբ եւ ժպտուն դիմագիծով մը երկարէ տղուն, այդ կը նշանակէ երկու սիրաւէտ սրտեր իրարու հանդէպ տրոփու[մի] մէջ են եւ այդ վայրկեանէն իսկ սիրայեղ սէրը բոյն կը դնէ երկուքին ալ սրտի խորը…:

Տղան կը յարէ. Մարգրի՛տ, եթէ դու ես շիներ այս քուլինճան (բաղարջ) շատ համով է, լաւ տանտիկին կ՛ըլլիս, ըսելիք չկայ: Աղջիկը հովեր հովեր առած. է՛, անուշ ըլլի, պապա իկիտ (քաջ) Սարգիս, ուզածդ հըմ թող քուլինճայ ըլլի, ըսելով շառագունած, սիրավառ ակնարկով մը կը բաժնուի:

Սարգիս, յաղթական տուն կ՛երթայ եւ իր մեր կը յայտնէ պատահարը, յետոյ ան ալ իր կարգին Սարգիսին մայրը, եթէ յարմար տեսնէ, ազգականներու կամ բարեկամներու միջնորդութեամբ աղջիկը կ՛ուզեն: Այս ձեւով աղջիկներ շուտով իրենց մուրազին կը հասնին:

Նոյն կաղանդի առաւօտուն, արեւը չծագած, տղաք  թիւլէ գուլպաներուն երկար ու հաստկեկ կապեր կապած՝ տանիքէ տանիք կը վազեն ու էրդիքէն (լուսամուտէն) գուլպանին վար կախելով կը պոռան տան տիկնոջ.

- Վարդօ՛ քուրուկ կամ Մարթա՛ հաչուկ (տանտիկին), շնորհաւոր նոր կաղանդ:
- Կաղանդ պապան է էկեր,
Ձեզի մուրազ է բերեր,
Ձեզի տովլաթ (բարիք) է բերեր,
Շատ լեցնէք, շատ կ՛առնէք,
Ընկոյզ, չամիչ, նուշ տուէք:

Արդ, տան տիրուհին աճապարանօք, գուլպաները չոր մրգեղէններով կը լեցնէ մաղթանք մը, աղօթք մը շրթներուն մրթմրթալով, յաճախ ալ ըսելով. «Հա՛, օղուլ, հա՛, Ասուած ձանէրնիդ լսէ»:

- Տէր Աստուած աս տարի
Կաղանդնիս խէր ըլլար,
Բաներնիս լաւ ըլլար,
Տուն տեղ շէն ըլլար,
Արտն ու էգին լիք ըլլար,
Դուռ էրդիք լեցուն ըլլար,
Մտնող էլլող պակաս չըլլար:

Գուլպան վեր կը բարձրանայ, քիչ յետոյ կը նայիս ուրիշ խատուտիկ (գունաւոր) գուլպայ մը նոյն ձեւով միեւնոյն նպատակին համար կը կախուի, միեւնոյն յանկերգով: Ան կը լեցուի, ուրիշ մը եւս կը կախուի…: Վարդօ քուրուկ ջղայնացած կը նայիս կը պոռայ. «Քա՛, չառածորեր, տահա քիչ առաջ խոշոր գուլպայ մը լեցուցի. մեղա՛յ, աս ի՛նչ վերնալիքներ են, ալ բան գործ ունինք ըս օր մինչեւ իրկուն պիտի լեցնենք: Վերեւի ձայնին պահանջին սակայն ստիպուած է մասամբ գոհացում տալ:

- Հա՛, հա՛, հա, խէր ըլլայ,
Ի՛նչ պիտ ըլլայ նը թող ըլլայ,
Կուզը տղայ, կուզը աղջիկ թող ըլլայ,
Ծոցուոր հարսերնիս ազատ թող ըլլայ…
Կէս սրտով գուլպան լեցնելով՝ տը հայտէ, հեռացէ՛ք (հերտըկեցէ՛ք), գացէ՛ք, ալ հերի՛ք է, կ՛ըսէ:

Եկեղեցիէն վերջ, ընտանիքի անդամներ բոլորն ալ հաւաքուած են սեղանի շուրջ. էրիկ մարդիկն առանձինն սեղան նստած՝ կ՛ուտեն, կը խմեն, յետոյ իգական սեռի պատկանողներն ալ անդին կողմնակի սեղան նստելով՝ կը ճաշեն:

Կաղանդի օրուան գլխաւոր ճաշն առհասարակ կը բաղկանայ փոխինձէ, պօրանիկ ապուրէ, քալաճոսէ (չորթանէ շինուած) եւ սըռոնէ: Ճաշէն վերջ տիրուհին կարասներէն դեռ նոր հանած ընկոյզը, պաստեղն ու չամիչը, թուզն ու թութը, նուշն ու կաղամբը կը բաշխէ առատօրէն ընտանեաց անդամներուն, չմոռնալով նաեւ դրացի աղքատները…
Իրարու տուներ այցելելով՝ զիրար կը շնորհաւորեն, ստանալով անուշ մրգեղէններ եւ խմելով բղողներէն դեռ նոր բերուած կարմիր գինին: Ուսքուրաներ լեցուն (հողէ խոշոր գաւաթ քարսայ) իրարու ետեւ կը պարպուին միեւնոյն յանկերգներով.

Կաղանդնիս շնորաւոր ըլլայ,
Ամէն բան շնորհքով ըլլայ,
Կարասնիդ գինիով լեցուն ըլլայ,
Տուշմանը վրանիդ չի խնդայ,
Ասուած ձեզի, մեզի էրկար օրեր տայ…

Քալաճոսի պատրաստութիւնը (կերակուրի տեսակ մը)

Նախ գառան միսը շատ մանր կը կտրտեն ու կը խորովեն սոխով, սխտորով եւ անլի կարագով: Չորթանը (չորցուած թանի գնդիկ) հարելով՝ մանրուքները կը խառնեն տապկուած միսի կտորներուն հետ: Շաճի (թիթեղի) վրայ եփուած բարակ խմոր հացը կը մանրեն անկանոն եւ անհամաչափ ափսէի մը վրայ (Հողէ քարղան), յետոյ շերտ առ շերտ հացի կտորները թաթխելով չորթանին մէջ իրարու վրայ կը շարեն, սխտորով հալած կարագն ալ վրան անցընելով՝ ախորժակով կ՛ուտեն:

Սըռոնի պատրաստութիւնը

Սըռոնն ալ գրեթէ քալաճոսին նման կը պատրաստեն, միայն այս վերջինը առանց միսի, այլ սոխն ու սխտորը եփելով կարագին մէջ, շաճի հացերը շատ աւելի մանր մանրելով, լաւ մը կը թաթխեն խորոված սոխին ու սխտորին մէջ, յետոյ ասոր վրայ ալ մածուն ցանելով կ՛ուտեն: Այս կերակուրները առհասարակ տօնական օրերուն կը պատրաստեն:

Ահա այսպէս կաղանդն իր երկնաբոյր յիշատակներով կը տօնուէր պերճութեամբ, որը տարուան ամէնէն հաճոյալի երեւոյթն էր հայրենի երկրին մէջ: Կաղանդի այս չքնաղ անուշութիւնը, յանուն հաւատքին, կենսունակ նորութիւն մը կը հագուեցնէր, զօրութիւն մը կը ներշնչէր գեղջուկին ու քաղաքացիին մէջ: Տունին մէջի մեծ մամուկը, մայրիկն էր որ կը բերէր խըզենէն (մառանէն) բերանը շաղախուած բղողը (հողէ մեծ աման,) բանալով հաւասարապէս կը բաժնէր րոճիկն ու պաստեղը, չոր թութն ու ընկոյզը, նուշը, տանծկէսը եւ այլն տան անդամներուն մէջ իր փոխադարձ անհուն սիրով, մաղթելով բոլորին «Շնորհաւոր բարի կաղանդ»: