Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր


Առ հասարակ խօշմաթցիներ եղած են քաջառողջ: Գիւղին սարալանջի դիրքը, չոր կլիման, արեւուն կիզիչ ճառագայթները, օդասուն դաշտավայրերն ու արօտավայրերը, պաղ ջուրի աղբիւրները պատուար կանգնած են հիւանդութեանց դէմ: Պատահական հիւանդութեանց համար յաճախ գործածած են ընտանեկան դեղեր: Ոչ թէ միայն Խօշմաթի մէջ, այլ ընդհ. Բալու գաւառին մէջ անգամ, մէկ կամ երկու բժիշկ գտնելը հրաշք նկատելու է: Արդ, երբ մէկը կը հիւանդանայ հայ մեծ մայրիկները բուսական դեղերով կը փորձեն բժշկել:

Աչքի ցաւի համար - Կը գործածեն

1 - Հաւկիթի ճերմկուց - վրան կապելով
2 - Աղջիկ դիեցնող կնոջ կաթ - աչքին մէջ լեցնելով
3 - Շիպ - Մանրել, փոշիացնել ու աչքին քսել
4 - Թթու ազոխ - (խակ խաղող)ի ջուրը - կաթեցնել (Ալեւոր)
5 - Խտուտի (բոյս) արմատին կաթը քսել (Ալեւոր)

Դող բռնել

Ջերմ ունեցողն առ հասարակ կը տանին աղբիւրը, մերկացնելէ յետոյ մէկ երկու կուժ (սափոր) պաղ ջուր կը լեցնեն վրան եւ կը լաւանայ:

Ականջի ցաւ

սոխ միջուկ ընել, սոխը խորովելէ յետոյ վրան ձէթ կամ շիրիկ լեցնելով ականջին կապել:

Ակռայի ցաւ

քաշել, կամ ծխախոտին վրայ անուշահոտ իւղ լեցնելով՝ փտտած ակռային վրայ դնել. տաք լաթով երեսը փաթթել:

Գլխի ցաւ

Տաք լաթ դնել գլխին: Հիննայ դնել:

Հարբուխ

(պուրնութի) յղկուած թմրեցուցիչ ծխախոտի ընտանիքէն թուփ մէ, որուն տերեւները ալիւրի նման կը փշրեն, կը գործածեն քիթերէն վեր քաշելով:

Դեղնութիւն

Գոյնը նետող, դիմագիծը փոխող մէկու մը ախտանիշութեան յատուկ նշանն է, որուն դարմանը հանգիստ եւ անգործութիւնն է. ժամանակ մը վերջ կ՛ապաքինի:

Փորի խիթեր (ցաւեր ունենալ)

Անուխի, աւելուկի ջուր կը խմցնեն կամ օղի կու տան:

Բարակ ցաւի (թոքախտ)

Թոքախտի եւ այլ ծանր հիւանդութիւններու համար այդ կողմերը միակ դարմանը աղօթելն է, համայլի կարդալ, զանազան սուրբերու անունով մատաղներ ընել, Նարեկ, Աւետարան կարդալ, հաղորդութիւն տալ՝ վերջնական յոյսերնին է եղած:

Օձի խայթուածք
Վէրքին բացուած տեղը լաւ մը ծծել եւ դուրս թքել, անմաքուր եւ թունաւորուած արիւնը դուրս քաշելէ յետոյ սարդին հիւսած բարակ հիւսկէնը (չանչուլայ) վէրքին վրայ դնել ու ամուր կապել եւ կամ բորբոսած հաց կապել վրան:

Ծանօթ. (այդ չարչուլային եւ բորբոսին յատկութիւնը, զոր մեր նախնիքը գտած են, այսօր գիտական աշխարհ փէնէսէլինով կը պարծի իր նոր գիտական մեթոտներով, որուն բուն մայրը բորբոսն է ու բանջն է mold):