Հապուսի գիւղին պատմութիւնը - Հապուսի գիւղի Հայրենասիրաց Ընկերութիւն

խմբագրական ծանօթագրութիւն


Հապուսի գիւղին (ներկայիս Իքիզտեմիր) յուշամատեանը առաջին անգամ լոյս տեսած է Հապուսի գիւղի հայրենասիրաց ընկերութեան կողմէ, 1963-ին, Պոստոն։ Վերնագիրն էր՝ «Հապուսի գիւղին պատմութիւնը»։

Գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը՝ A Village Remembered: The Armenians of Habousi, խմբագրուած է Վաչէ Ղազարեանին եւ հրատարակուած է Մայրենի հրատարակչատան կողմէ, 1996-ին, Միացեալ Նահանգներ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վաչէ Ղազարեանին մեր կայքէջին վրայ այս գիրքին հրատարակութեան համար իր ցուցաբերած օգնութեան եւ գործակցութեան համար։

Ընթերցողները պէտք է նկատի առնեն հետեւեալ կէտերը՝
1. Գիրքին արտագրուած տարբերակը կը ներկայացուի միայն անգլերէնով։ Հայերէն բնագիրը կարդալ փափաքողները կրնան բանալ մեր Պատկերներ/Images բաժինը, ուր տեղադրուած է հայերէն բնագիր գիրքին թուայմացուած էջերը իրենց ամբողջութեամբ։
2. Հայերէն բնագիրը եւ անգլերէն թարգմանութիւնը միեւնոյն կառուցուածքը չունին։ Հետեւաբար, բովանդակութիւն բաժինին մէջ երկու տարբերակներուն միջեւ որոշ տարբերութիւններ կան։
3. Բացի հայերէն գիրքին թուայնացուած էջերէն, Պատկերներ/Images բաժինին մէջ կարելի է գտնել նաեւ գիրքին մէջ լոյս տեսած լուսանկարներուն անգլերէն մակագիրները։ Անոնք տեղադրուած են լուսանկար պարունակող իւրաքանչիւր էջի ամէնէն վարը։

Գիրքի հեղինակային իրաւունքը՝


A Village Remembered: The Armenians of Habousi

Library of Congress Catalog Card Number: 96-78306
Ghazarian, Vatche (Editor)
History of the Village of Habousi

Copyright © 1996 by Compatriotic Union of Habousi

All rights reserved under international and Pan-American Copyright Conventions.

No part of this publication may be reproduced or transmitted in any form or by any means, electronic or mechanical, including any information storage retrieval system, without written permission from the publisher. For information, address:

Mayreni Publishing, P.O. Box 1022, Waltham, MA 02154, U.S.A.

ISBN: 0-9653718-3-2
MAYRENI PUBLISHING 1997