Վերնագիր : Խօշմաթի պատմականը
Հեղինակ՝ : Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Թարգմանիչ : -
Հրատարակութեան թուական՝ : 1951
Լեզու՝ : Armenian
Տեսակ՝ : -
Ամփոփագիր՝ : Բալուի Խօշմաթ (ներկայիս Չաքըրքաշ) գիւղին վերաբերող անտիպ եւ չափազանց հետաքրքրական յուշամատեան մը։
Հեղինակը Մարտիրոս Յ. Չագոյեանն է, որ իր գիւղին՝ Խօշմաթի մասին նիւթեր հաւաքելու եւ խմբագրելու աշխատանքին կը ձեռնարկէ 1939-ին եւ գործը կ՚ամբողջացնէ 1952-ին։
Աղբիւր՝ :
Առցանց հրատարակութեան թուական : 2020-10-02
Էջերու թիւ՝ : 158
Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Խմբագրական ծանօթագրութիւն
Երկու Խօսք
Վարդան Վարդանեան
ՄԱՍ 1
Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը
Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր
ՄԱՍ 2
Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը
Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ
• Հաւաւ
• Ներխի
Գլուխ Գ.
• Բալահովիտի գիւղերը
• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից
• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը
ՄԱՍ 3
Գլուխ Ա.
• Խօշմաթ
• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)
• Խօշմաթի եկեղեցին
• Կղերականներ
Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր
• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)
• Սուրբ Խաչ
• Սբ. Կաթողիկէ
• Սբ. Կիրակոս
• Սբ. Մանկիկ
Գլուխ Գ.
• Աղբիւրներ
• Դաշտային աղբիւրներ
• Մարդակերպ քարեր
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը
• Ուսուցիչներ (1880-96)
• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները
• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)
• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ
Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները
• Առաքել Պապաճանեան
• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան
• Համբարձում Ուլուսեան
• Վահան Ուլուսեան
• Վարդան Տիրատ
• Կարապետ Յ. Գլանեան
• Սարգիս Պ. Գլանեան
• Թորոս Գլանեան
• Պետրոս Փափազեան
• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան
• Յարութիւն Վարդանեան
• Մանուկ Ծաղիկեան
• Գաբրիէլ Ֆրանկեան
• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան
• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան
• Միքայէլ Խօճօյեան
• Պօղոս Տէրատուրեան
• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)
• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)
• Մկրտիչ Մալեան
• Պօղոս Փափազեան
• Գարեգին Կարապետեան
• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան
• Յովհաննէս Գլանեան
Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները
Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը
Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ
• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան
• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս
• Մարտիրոս Ղազարեան
• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան
• Առաքել Միլիտոսեան
• Կարապետ Միլիտոսեան
• Սահակ Ուլուսեան
• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան
• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)
• Մարգար Շաղուկեան
• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)
Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ
• Հիւսնութիւն
• Որմնադրութիւն
• Կտաւագործութիւն
• Բրուտութիւն
Գլուխ Ժ. — Գործարաններ
• Խօշմաթի ձէթի հանքերը
• Երկնաքար
• Մրգեղէններ
• Բանջարեղէններ
ՄԱՍ 4
Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ
• Կաղանդ
• Սբ. Ծնունդ
• Բարեկենդան
• Զատիկ
• Հարսանիք
• Հարսին կեանքը
• Երգերու նմուշներէն
• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր
• Մաղթանքի օրհնութիւններ
• Անէծքներ
• Չարագուշակութիւն
• Երազահանութիւն
• Հանելուկներ
• Առակներ
• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)
• Գործածական ոճեր
• Զանազան խաղեր (Արանց)
• Մեծերու խրատականները
Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր
• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան
• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան
• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը
• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը
• Պօղոս Յարութիւնեան
• Նազար Նազարեան
• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ
• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը
• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն
• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին
• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը
• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն
• Փարոյի արեւանգումը
• Հարկահաւաքները
• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը
• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)
• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին
• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն
• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)
• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը
• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան
• Նախըրճուն միջադէպը
ՄԱՍ 5
Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը
• Քէօր Ապտուլլա Պէյ
• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր
Գլուխ Բ.
• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897
• Արիւնահեղ ընդհարումը
• Պէյերու դատավարութիւնը
• Պէյերու վախճանը
• Խօշմաթ գիւղի մելիքները
Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը
• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)
• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)
• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած
• Աբգար Սիմոնեան
• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթցի հին զինուորականներ
• Խօշմաթի կամաւորները
• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ
• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)
• Խօշմաթցի այլ զինուորներ
Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ
Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)
Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ
• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ
• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ
• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ
• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ
• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ
Պօղոս Յարութիւնեան
Յարութիւնեան ընտանիքը Խօշմաթի մէջ քաջութեան փառահեղ պատմութիւն մը ունի: Գիւղիս պատմութեան մէջ աչքառու դեր խաղցած են Պօղոսի եւ իր հօրեղբայրներու Նազարի ու Մարգարի նման քաջերը, որոնք մեծ ընտանիք մը կազմած էին Խօշմաթի մէջ, քաջութեան, յանդգնութեան ոգին մարմնացնելով իրենց մէջ: Թէեւ շատերու նման այս հսկայ տուներն ալ կործանեցան տարագրութեանց ընթացքին, սակայն բարեբախտաբար անոնց շառաւիղները դեռ կ՛ապրին Փրավիտէնսի մէջ բաւական թուով:
Պօղոս Յարութիւնեան, որ յանդգնութեան, քաջութեան համար (խենդենց ալ) կոչուած էր, որը հոմանիշ կը հասկցուի խիզախութեան ու անվախութեան, յաղթանդամ, սեւ ու կրակոտ աչքերով մէկն էր. գիւղին վրայ եկած վտանգներուն մէջ առաջիններէն էր: Երբ Պօղոս կռւոյն մէջ էր, գիւղացիք ապահով կը զգային յաղթութեան համար,
Գիւղին հարսներն ու աղջիկները ներբողական խաղեր, տաղեր ու երգեր յօրինած էին այս քաջին շուրջ:
Դրուագներ Պօղոսի Կեանքէն
Պօղոս իր բնակարանը շինած էր Խորոտիկի (Բուրաստան) գեղածիծաղ պարտէզներուն մէջ ,գիւղէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ, որն իր դիրքով կը հսկէր Բալահովիտին: 1890 թուականին, երբ Պօղոս դաշտ իջնելով ցորենի խուրձեր կապելով զբաղած էր, յանկարծ կը նշմարէ, որ Կարնէն վերադարձող թուրք չորեպաններ անտարբեր նստած կը ծխեն, կը խաղան ու կը խնդան, մինչ իրենց կենդանիները սանձարձակ ցորենի դէզերուն վրայ ինկած՝ անյագաբար կը լափեն:Պօղոս ձերբազատելով ողջ մնացողներն իրենց զէնքերէն, ջորիներէն առաջ, հետիոտն քալեցնելով կը բերէ գիւղին եկեղեցւոյ դրան առջեւ, սատակին հետ միասին: Լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Իրիկունը Բալու քաղաքէն քննիչներ գալով վերահաս կ՛ըլլան եղելութեան: Պօղոս իրողութիւնը պատմելէ յետոյ, կը խոստովանի թէ մարդն սպաննած էր ինքնապաշտպանութեան համար: Հակառակ այդ իրողութեան, քննիչները Պօղոսն ու տասնեակ մը գիւղին երեւելիները ձեռնկապ քաղաք կը տանին ու կը բանտարկեն:
Պօղոս ներս մտնելով անմիջապէս մատնին (չաթալ փայտը) առած դուրս կու գայ իրենց շանը հետ: Շանը նշան կու տայ յարձակելու Սուլէյմանին վրայ, որը ակնթարթի մը մէջ գետին կը փռէ եւ իր սուր ակռաներով կը բզկտէ անոր հագուստները:
Գետին թաւալած էֆ.ին ի զուր կ՛աղերսէ ու կը հրամայէ իր ծառաներուն օգնութեան փութալ, սակայն եւ ո՛չ մէկը համարձակի զէնք բարձրացնել նայելով Պօղոսի կարմրած աչքերուն… Ճարահատ, Սուլէյման դառնելով կ՛աղերսէ Պօղոսին որ շունը յետս կոչէ խոստանալով զինք ազատ ձգելու: Պօղոս մէկ բառով շունը ետ կը կանչէ, ներս ղրկելով կ՛ըսէ.
- Էֆէնտիմ, այսուհետ գիտցիր թէ որո՞ւ հետ գործ կ՛ընես…:
Այս հերոսին եղբայրները՝ Կարապետ ու Մարտիրոս Փրավիտէնսի մէջ կը գտնուին, որոնց ամէնքն ալ քաջութեան դրուագներ հիւսած են իրենց գերդաստանին համար: