Վերնագիր : Խօշմաթի պատմականը
Հեղինակ՝ : Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Թարգմանիչ : -
Հրատարակութեան թուական՝ : 1951
Լեզու՝ : Armenian
Տեսակ՝ : -
Ամփոփագիր՝ : Բալուի Խօշմաթ (ներկայիս Չաքըրքաշ) գիւղին վերաբերող անտիպ եւ չափազանց հետաքրքրական յուշամատեան մը։
Հեղինակը Մարտիրոս Յ. Չագոյեանն է, որ իր գիւղին՝ Խօշմաթի մասին նիւթեր հաւաքելու եւ խմբագրելու աշխատանքին կը ձեռնարկէ 1939-ին եւ գործը կ՚ամբողջացնէ 1952-ին։
Աղբիւր՝ :
Առցանց հրատարակութեան թուական : 2020-10-02
Էջերու թիւ՝ : 158

Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Խմբագրական ծանօթագրութիւն
Երկու Խօսք
Վարդան Վարդանեան
ՄԱՍ 1
Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը
Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր
ՄԱՍ 2
Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը
Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ
• Հաւաւ
• Ներխի
Գլուխ Գ.
• Բալահովիտի գիւղերը
• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից
• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը
ՄԱՍ 3
Գլուխ Ա.
• Խօշմաթ
• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)
• Խօշմաթի եկեղեցին
• Կղերականներ
Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր
• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)
• Սուրբ Խաչ
• Սբ. Կաթողիկէ
• Սբ. Կիրակոս
• Սբ. Մանկիկ
Գլուխ Գ.
• Աղբիւրներ
• Դաշտային աղբիւրներ
• Մարդակերպ քարեր
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը
• Ուսուցիչներ (1880-96)
• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները
• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)
• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ
Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները
• Առաքել Պապաճանեան
• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան
• Համբարձում Ուլուսեան
• Վահան Ուլուսեան
• Վարդան Տիրատ
• Կարապետ Յ. Գլանեան
• Սարգիս Պ. Գլանեան
• Թորոս Գլանեան
• Պետրոս Փափազեան
• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան
• Յարութիւն Վարդանեան
• Մանուկ Ծաղիկեան
• Գաբրիէլ Ֆրանկեան
• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան
• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան
• Միքայէլ Խօճօյեան
• Պօղոս Տէրատուրեան
• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)
• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)
• Մկրտիչ Մալեան
• Պօղոս Փափազեան
• Գարեգին Կարապետեան
• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան
• Յովհաննէս Գլանեան
Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները
Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը
Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ
• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան
• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս
• Մարտիրոս Ղազարեան
• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան
• Առաքել Միլիտոսեան
• Կարապետ Միլիտոսեան
• Սահակ Ուլուսեան
• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան
• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)
• Մարգար Շաղուկեան
• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)
Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ
• Հիւսնութիւն
• Որմնադրութիւն
• Կտաւագործութիւն
• Բրուտութիւն
Գլուխ Ժ. — Գործարաններ
• Խօշմաթի ձէթի հանքերը
• Երկնաքար
• Մրգեղէններ
• Բանջարեղէններ
ՄԱՍ 4
Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ
• Կաղանդ
• Սբ. Ծնունդ
• Բարեկենդան
• Զատիկ
• Հարսանիք
• Հարսին կեանքը
• Երգերու նմուշներէն
• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր
• Մաղթանքի օրհնութիւններ
• Անէծքներ
• Չարագուշակութիւն
• Երազահանութիւն
• Հանելուկներ
• Առակներ
• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)
• Գործածական ոճեր
• Զանազան խաղեր (Արանց)
• Մեծերու խրատականները
Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր
• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան
• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան
• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը
• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը
• Պօղոս Յարութիւնեան
• Նազար Նազարեան
• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ
• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը
• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն
• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին
• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը
• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն
• Փարոյի արեւանգումը
• Հարկահաւաքները
• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը
• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)
• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին
• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն
• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)
• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը
• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան
• Նախըրճուն միջադէպը
ՄԱՍ 5
Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը
• Քէօր Ապտուլլա Պէյ
• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր
Գլուխ Բ.
• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897
• Արիւնահեղ ընդհարումը
• Պէյերու դատավարութիւնը
• Պէյերու վախճանը
• Խօշմաթ գիւղի մելիքները
Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը
• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)
• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)
• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած
• Աբգար Սիմոնեան
• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթցի հին զինուորականներ
• Խօշմաթի կամաւորները
• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ
• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)
• Խօշմաթցի այլ զինուորներ
Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ
Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)
Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ
• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ
• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ
• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ
• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ
• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ
Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը
(Պր. Կարապետ Գլանեանէն)
1915 Մայիսին, ջարդի, տեղահանութեանց հրամանը Բալահովիտն ալ հասած էր: Կեանքի, ստացուածքի, աւերումի, նախճիրի ու բռնագրաւումի սեւ ու տխուր օրեր էին:
Թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնելէ յետոյ, երբ կը թելադրուի զէնքերն յանձնել, որպէսզի խնայուի գէթ գիւղին մանուկներուն ու կիներուն, անդիէն միջահասակ, կրակոտ աչքերով երիտասարդ մը կը գոչէ (Կարպ. Գլանեան). «Հայրենակիցնե՛ր, այս ճակատագրական օրերուն, թուրք կառավարութիւնը մեր զէնքերը պիտի հաւաքէ. պարզ է որ մեզ պիտի ջարդէ ու յետոյ մանուկներուն ու կիներուն հետ պիտի վարուին վատաբարոյ թուրք ոստիկաններ իրենց ուզածնուն պէս: Ո՛չ, ո՛չ, երբեք, որեւէ զէնք յանձնելու չենք, որը ոչխարներու նման մորթուիլ կը նշանակէ եւ ասիկա մեր քաջ պապերուն հանդէպ եղած անարգանք մըն է, քանի որ պիտի մեռնինք, զէն ի ձեռին քաջութեամբ իյնանք մեր ծննդավայրին պատիւը բարձր բռնելով»:
Այս սարսռազդեցիկ լուրին վրայ, երբ օրուան ատենապատ Պր. Միքայէլ Ուլուսեան ժողովականներու վերջին կարծիքը կ՛ուզէ գիտնալ, յանկարծ կը նշմարէ որ հետզհետէ եկեղեցին կը պարպուի առանց որոշման մը յանգելու…
Արժ. Ռէթէոս Քհ. Միմոնեան վերջին սրտայոյզ պահպանիչով մը ժողովը կը փակէ եւ ժողովուրդը կ՛արձակէ յանձելով «Տիրոջ կամքին եւ կը յորդորէ որպէսզի ամէն ոք կա՛մ դիմադրող երիտասարդներուն օգնէ եւ կա՛մ իր ընտանիքով մօտակայ քիւրտ գիւղերն ապաստանի: Այս երկուքէն մին ընտրելու է…