Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Առաքել Պապաճանեան


Ծնած Խօշմաթի մէջ. միջահասակ, կլորերես, լայն ճակատով, սեւ աչքերով վառվռուն երիտասարդ էր. փոքրիկ սեւ պեխը կարծես երեսին փայլը կ՛աւելցնէր եւ ուսուցչի մը հմայքը կ՛աւելցնէր իր դիմագծին վրայ: Շատ լուրջ ու համեստ նկարագրով ընկերական անձ մըն էր Պր. Առաքել: Պր. Պապաճանեան ըլլալով առաջի կարգի ընթացաւարտներէն, քանի մը տարի կը սկսի պաշտօնավարել միեւնոյն դպրոցին մէջ եւ խօշմաթցին կը վայելէ իր հարազատ զաւկին հմտութիւնն ու տաղանդը: Սեւերէկի դպրոցի տեսչութեան կանչուելով, Միացեալ Ընկերութեան կողմէ կը տեղափոխուի հոն ու կը մնայ տարիներով, ուր աշակերտներէն ու տեղացիներէն շատ սիրուած էր: 

Իր կարող ուսուցչի համբաւը շուտով կը տարածուի ամէն կողմ. կը կանչուի միեւնոյն պաշտօնին Չնկուշի մէջ. Միացեալ Ընկերութիւնը ատենուան մը համար անոնց ալ գոհացում կու տայ: Հոս Պր. Առաքել կը դառնայ իսկական առաքեալը յեղափոխութեան: Տէր Արմէնի գործունէութեանց զուգընթաց, ինքն ալ կը նուիրուի կրթական գործին հետ յեղափոխական աշխատանքի: Ազգայնականութեան եւ ազատագրութեան հուրով կը բոցավառէ երիտասարդութեան հոգին: 

Պր. Առաքել մարզանքի պատրուակին տակ փայտերով, աւելներով ու ցախաւելներով զինավարժութեան կը մղէ մատաղ սերունդը: Իր կողմէ պատրաստուած Չնկուշցի տղաքներն էին, որոնք Համաշխարհային Ա.ին Պատերազմին մէջ ցոյց տուին իրենց խիզախութեան ապացոյցը:

Անմահ Տէր Արմէնի եւ Պր. Առաքել Պապաճանեանի անունները պարծանքով ու ակնածանքով պիտի յիշուին օր մը «Չնկուշի պատմականին մէջ»:

Պր. Պապաճանեան իբր գրական մարդ, 1909ին եւ 10ին յաճախ երեւցած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Արեւելք»ի մէջ «Առապար» ստորագրութեամբ: Իր գլուխ գործոցներէն մին եղած է մեզի շատ ծանօթ «Կըլկըլը», որ արմտիք մըն է: Միացեալ Ընկ. տեսուչ փրոֆ. Մինասեան զինք Կարնոյ շրջանին տեսուչ կ՛ընտրէ, յետոյ Քղի-Խուբսի դպրոցին տնօրէն կ՛ըլլայ 1913ին:

Առաջի Մեծ Պատերազմի ընթացքին իր կնոջ եւ երկու մանչ զաւակներուն հետ միասին կը յաջողի անցնիլ Կովկաս, ուր հայ կամաւորական խումբերուն կը մասնակցի: Զինադադարէն յետոյ կը հաստատուի ԹիՖլիս, ծանօթանալով «Մշակ»ի խմբագիր Պր. Համբարձում Առաքելեանի հետ. կ՛ըլլայ անոր լաւ բարեկամն ու օգնականը:

Այդ օրերուն Կովկասի մէջ համաճարակ մը կը տիրէ: Անօթի, անատուն, ցնցոտիներու մէջ ծրարուած ժողովուրդը կը դեգերի ԹիՖլիսի փողոցներուն մէջ: Առաքել չի կրնար հանդուրժել այս սրտաճմլիկ տեսարաններուն եւ կը փութայ ժողովուրդին օգնելու, անոր վէրքերը փաթթելով, զանոնք մխիթարելով, ինչպէս կ՛ընէր մեծահոգի փրոֆ. Տօնապետ Լիւլէճեան՝ Եփրատի փրոֆէսորներէն: Աւա¯ղ, որ այս երկու պատուական մտաւորականներն ալ իրենց անձնուրաց մարտիկն եղան հայ տառապեալ ժողովուրդին եւ զոհ գացին համաճարակին իրենք ալ…

Առաքել ետին կը թողու երկու տղաքներ եւ իր այրին:

Ահա այսպէս Խօշմաթի արժանաւոր մէկ զաւաւկն ալ կ՛անցնի իր գիւղի հերոսներու պատմութեան մէջ: