Վերնագիր : Խօշմաթի պատմականը
Հեղինակ՝ : Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Թարգմանիչ : -
Հրատարակութեան թուական՝ : 1951
Լեզու՝ : Armenian
Տեսակ՝ : -
Ամփոփագիր՝ : Բալուի Խօշմաթ (ներկայիս Չաքըրքաշ) գիւղին վերաբերող անտիպ եւ չափազանց հետաքրքրական յուշամատեան մը։
Հեղինակը Մարտիրոս Յ. Չագոյեանն է, որ իր գիւղին՝ Խօշմաթի մասին նիւթեր հաւաքելու եւ խմբագրելու աշխատանքին կը ձեռնարկէ 1939-ին եւ գործը կ՚ամբողջացնէ 1952-ին։
Աղբիւր՝ :
Առցանց հրատարակութեան թուական : 2020-10-02
Էջերու թիւ՝ : 158
Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան
Խմբագրական ծանօթագրութիւն
Երկու Խօսք
Վարդան Վարդանեան
ՄԱՍ 1
Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը
Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր
ՄԱՍ 2
Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը
Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ
• Հաւաւ
• Ներխի
Գլուխ Գ.
• Բալահովիտի գիւղերը
• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից
• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը
ՄԱՍ 3
Գլուխ Ա.
• Խօշմաթ
• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)
• Խօշմաթի եկեղեցին
• Կղերականներ
Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր
• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)
• Սուրբ Խաչ
• Սբ. Կաթողիկէ
• Սբ. Կիրակոս
• Սբ. Մանկիկ
Գլուխ Գ.
• Աղբիւրներ
• Դաշտային աղբիւրներ
• Մարդակերպ քարեր
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը
• Ուսուցիչներ (1880-96)
• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները
• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)
• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ
Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները
• Առաքել Պապաճանեան
• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան
• Համբարձում Ուլուսեան
• Վահան Ուլուսեան
• Վարդան Տիրատ
• Կարապետ Յ. Գլանեան
• Սարգիս Պ. Գլանեան
• Թորոս Գլանեան
• Պետրոս Փափազեան
• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան
• Յարութիւն Վարդանեան
• Մանուկ Ծաղիկեան
• Գաբրիէլ Ֆրանկեան
• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան
• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան
• Միքայէլ Խօճօյեան
• Պօղոս Տէրատուրեան
• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)
• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)
• Մկրտիչ Մալեան
• Պօղոս Փափազեան
• Գարեգին Կարապետեան
• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան
• Յովհաննէս Գլանեան
Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները
Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը
Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ
• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան
• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս
• Մարտիրոս Ղազարեան
• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան
• Առաքել Միլիտոսեան
• Կարապետ Միլիտոսեան
• Սահակ Ուլուսեան
• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան
• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)
• Մարգար Շաղուկեան
• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)
Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ
• Հիւսնութիւն
• Որմնադրութիւն
• Կտաւագործութիւն
• Բրուտութիւն
Գլուխ Ժ. — Գործարաններ
• Խօշմաթի ձէթի հանքերը
• Երկնաքար
• Մրգեղէններ
• Բանջարեղէններ
ՄԱՍ 4
Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ
• Կաղանդ
• Սբ. Ծնունդ
• Բարեկենդան
• Զատիկ
• Հարսանիք
• Հարսին կեանքը
• Երգերու նմուշներէն
• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր
• Մաղթանքի օրհնութիւններ
• Անէծքներ
• Չարագուշակութիւն
• Երազահանութիւն
• Հանելուկներ
• Առակներ
• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)
• Գործածական ոճեր
• Զանազան խաղեր (Արանց)
• Մեծերու խրատականները
Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր
• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան
• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան
• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը
• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը
• Պօղոս Յարութիւնեան
• Նազար Նազարեան
• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ
• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը
• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն
• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին
• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը
• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն
• Փարոյի արեւանգումը
• Հարկահաւաքները
• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը
• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)
• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին
• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն
• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)
• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը
• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան
• Նախըրճուն միջադէպը
ՄԱՍ 5
Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը
• Քէօր Ապտուլլա Պէյ
• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր
Գլուխ Բ.
• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897
• Արիւնահեղ ընդհարումը
• Պէյերու դատավարութիւնը
• Պէյերու վախճանը
• Խօշմաթ գիւղի մելիքները
Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը
• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)
• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)
• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած
• Աբգար Սիմոնեան
• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը
Գլուխ Դ.
• Խօշմաթցի հին զինուորականներ
• Խօշմաթի կամաւորները
• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ
• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)
• Խօշմաթցի այլ զինուորներ
Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ
Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)
Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ
• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ
• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ
• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ
• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ
• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ
Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)
Վերապրող Խաչիկի պատանեկան յուշերէն կը քաղենք հետեւեալը, որը նոյնքան հետաքրքրական եւ պատմութեան համար կարեւոր է, որ կ՛ըսէ.
«խօշմաթի պաշարումէն առաջ, երբ թուրք կառավարութիւնը զէնքերն հաւաքեց, հետեւեալ օրն իսկ ոստիկաններ եկան գիւղին արջառն հաւաքել տանել Բալու քաղաքը: Ամէն տուն ստիպեալ դուրս հանեց իր եզն ու կովը, ոչխարն ու այծը, ուլն ու գառը, էշն ու հորթը եւ յանձնեց ոստիկաններուն: Երբ կարգը Նազարեաններուն եկաւ (խենդենց), Նազար Նազարեան ջորիները դուրս հանելէ յետոյ, ոստիկանին գլխուն ուժգին հարուած մը իջեցնելով կ՛ըսէ. «Առէ՛ք, տարէ՛ք, տեսնենք թէ պիտի կշտանա՞ք: Ա¯խ, ի՞նչ օգուտ, որ ուժ ու քաջութիւն ունինք, աւա¯ղ, որ չենք կրնար գործածել…»:
Շատերը կ՛ընկերանան իրենց կենդանիներուն, այն յոյսով որ պիտի կարենան ետ բերել զանոնք:
Թուրք զինուորները այս քրտական գիւղն ալ կը հասնին եւ տուները խուզարկութեան ենթարկելով՝ կը հաւաքեն 15 տարեկանէն վեր եղող այր մարդիկ, եւ զանոնք կապելով, կ՛առաջնորդեն դէպի Բալու: Վերջէն կը հաստատուի, թէ այս զոհերն ալ գետամոյն ըրած են կացինահարելէն յետոյ…: Շիրոյեան կը գրէ, թէ տղամարդիկը տանելէ վերջ, օրիորդներն ու հարսները ստիպողութեան տակ կ՛ամուսնանային քիւրտերուն հետ եւ ոմանք ալ իրենց կեանքի գնով կը գործէին իբր ծառաներ, իսկ մենք չորս ընկերներով՝ Սահակ եւ Ստեփան, Ուլուսեան եւ Վարդան Ս. Շարիկեան քիւրտերու քով կը գործէինք ձրիաբար:
Հակառակ Հասանի հետապնդումներուն, Խաչիկ երդումով քանիցս կը կրկնէ, թէ «Ինքը լուր չունի»: Այդ գիշեր իսկ, Հասան իր ծառային հետ Խաչիկն առած կը տանի Ճըղլեսարի ստորորտը տարածուող գերեզմանատունը, Խաչիկին փորել կու տայ իր երկայնքին համաչափ փոս մը, յետոյ կը հրամայէ որ այդ փոսին մէջ պառկի կռնակին: Հասան հայհոյելով, երդում կ՛ընէ գուրանին վրայ, որ Խաչիկ իր տեղն ու տեղը պիտի սպաննէ եւ իր ծառային թաղել տայ, եթէ յամառի պահել իրմէ գանձին տեղը: Այս անօրինակ սպառնալիքին տակ, Խաչիկ այլայլած կ՛ըսէ, որ «Գանձը իրենց ախոռին մէկ սիւնին կից երեք ոտք խորութեամբ թաղուած է»:
Դուրսէն փականքով մը դուռը կը կղպէ եւ ծառան ալ պահապան կը դնէ դուրսի կողմը: Խաչիկ քաջ գիտէր, թէ իրենց ախոռին հաղորդակցութեան ծակը ճիշդ ո՞ր տեղ էր: Պահակին քունէն օգտուելով, կը բանայ պատին անցքը՝ վերցնելով որոշ թոյլ քարեր ու աղիւսներ եւ կամաց մը կը սպրդի դրացի Ուլուսեաններու ախոռը եւ անկից ալ ինքզինք փողոց նետելով՝ լերան ճամբայով կը հասնի քաղաք:
Պատերազմի վերջաւորութեան, Խաչիկ փախչելով Բալուի իր թուրք տիրոջ ծառայութենէն, կ՛այցելէ Խօշմաթ, ուր կ՛իմանայ իր մօր կորուստը գազան Հասանի ձեռքով: Խօշմաթի 120 շէն տուներէն հազիւ 25 հատի չափ կանգուն կը գտնէ, միւսները վառուած, կիսակործան ու հիմնայատակ վիճակի մը ենթարկուած են: Նոյնիսկ դպրոցի մեծ շէնքը կործանումի, փլուզումի մէջ գտած է: Մխիթարական բան մը որ գտած է, այն ալ եկեղեցւոյ կանգուն մնալն է եղած, թէեւ կողոպտուած: Կը գտնէ միայն քանի մը հայ ծերուկ կիներ, որոնք քով քովի գալով զիրար կը մխիթարեն եղեր: Քանի մը ընկերներով կը մեկնին Խարերդ եւ 1922ին ալ 2000 հոգինոց հայ կարաւանի մը խառնուելով կը հասնին Ճարապօլիս: Խաչիկ իրաւամբ կ՛ըսէ.
«Ամերիկեան եւ Անգլիական դեսպաններու միջամտութեանց շնորհիւ, վերջապէս հեռացանք Թուրքիոյ անիծապատ հողէն, սակայն դժբախտութիւնն ունեցանք կորսնցնելու մեր գիւղացի Խաչիկ Գլանեանը Տիգրիս գետը անցնելու պահուն…»:
Ամերիկա կամ այլուր ազգական ունեցողներ, օգնութիւն ստանալով, հետզհետէ ճամբայ կ՛ելլեն անոնց քով երթալու: Քանի մը ամիս յետոյ, շնորհիւ Պր. Սարգիս Հ. Գլանեանի օգնութեան, կը յաջողի Գանատա գալ եւ հոն հաստատուիլ: